Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերունդներու Ընդմէջէն Ապրող Ուսուցիչը` Վիգէն Ստեփանեան

February 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ Թ.

Վերջին անգամ զինք տեսայ հեռատեսիլէն, «Ազատութեան» հրապարակը, օփերայի կողքին, հայութեան ցաւի եւ պոռթկումի մէկ պահուն:

Բեմ բարձրացաւ` խաղալու համար իր դերը «Ազգային արժանապատուութիւն» կոչուող թատերակին մէջ, բեմ բարձրացաւ` վերջին անգամ յիշեցնելու համար, որ «ես դեռ հո՛ս եմ», որ հայ մտաւորականութիւնը ներկա՛յ է:

Ձայնը խրոխտ էր, կեցուածքը` ամուր, բայց ուղեղը յոգնած էր, ուղեղը կը տառապէր հայ ժողովուրդը կաթուածի ենթարկած ցաւերով եւ կորուստներով, ուղեղը պարպուած էր գաղափարներէ, միտքերէ եւ նոյնիսկ երազներէ…

Եւ ուղեղը չդիմացաւ:

Վիգէնը ճանչցանք 2000-ին, երբ միացաւ Ճեմարանի ուսուցչական կազմին իբրեւ թատրոնի ուսուցիչ:

Բեմադրիչ, դերասան, արուեստագէտ Վիգէնին հետ առօրեայ եւ երկարամեայ պաշտօնակցութեամբ բացայայտեցինք ուսուցիչը, մանկավարժը եւ մանաւա՛նդ դաստիարակը:

Շատ արագ եւ մեծ վարպետութեամբ Վիգէնը գտաւ աշակերտները թատրոնին կապելու հնարքները, ճշդեց նպատակներ եւ անցաւ գործի: Արուեստի նկատմամբ բարձրորակ ճաշակը, անմիջականութիւնը եւ ընկերային խառնուածքը շատ արագ բոլորս մօտեցուցին իրեն եւ իր արուեստին: Իր ամբողջ կարողականութիւնը եւ ճիգերը լարեց` ստեղծելով մշակութային հովանի մը, որուն տակ սնեց իր սաները եւ գուրգուրաց անոնց ծլումին ու ծաղկումին: Դիւրին չէր Վիգէնի աշակերտ ըլլալ. աշխատանք, հետեւողականութիւն եւ «ազատ» կարգապահութիւն մը կը պահանջէր: Ան մերթ խիստ եւ ջղային էր, մերթ` ընկերական եւ հոգատար, բայց միշտ փնտռուած եւ սիրուած բոլորին կողմէ:

Ամավերջի  հանդէսներուն դպրոցի բակը կը վերածէր մշակութային  ժամադրավայրի, ուր կը մէկտեղուէին ծնողներ,հարազատներ եւ բարեկամներ` վայելելու  հարիւրաւոր աշակերտներու պարի, երգի եւ թատրոնի կատարումները: Վիգէնը իր հեղինակած բեմադրութիւններու նիւթերը պատրաստելէ զատ, կը յօրինէր նիւթին յարմար երգեր, կը զբաղէր տարազներու եւ տեքորի մանրամասնութիւններով` բեմը վերածելով հեքիաթային աշխարհի մը:

Դպրոցին մէջ տիրող թատերական այս խանդավառ  մթնոլորտը առիթ ստեղծեց խումբ մը աշակերտներու միանալու իր ղեկավարածՀամազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբին, մինչ միւսները, ինչպէս ինք կ՛ըսէր` պիտի դառնային «լաւ հանդիսատես»-ներ:

Լաւ կը յիշեմ այն օրը, երբ Վիգէն փոխանցեց Հայաստան վերադառնալու իր որոշումը. «Ստեղծագործ միջավայրս կը փնտռեմ», ըսաւ ան:

Վերադարձաւ հայրենիք` բազմաթիւ ծրագիրներով բեռնաւորուած:

Ճեմարանի հետ կապը պահեց ամուր` միշտ հետաքրքրուելով եւ հեռուէն  հետեւելով իր աշակերտներու յաջողութիւններուն, որոնց հետ ունեցած ուսուցիչ-աշակերտ կապը արդէն վերածուած էր բարեկամական մտերմութեան:

Ճեմարանի յարկին տակ, Վիգէնի հսկողութեամբ անոնց ստացած մշակոյթի եւ մանաւա՛նդ թատրոնի հանդէպ սէրը, թատերական արուեստին գաղտնիքները եւ կապուածութիւնը անոնցմէ ոմանք մղեց մասնագիտանալու բեմադրութեան, թատրոնի, նկարահանումի մարզերուն մէջ` հպարտութիւն եւ հրճուանք պատճառելով իրենց առաջին ուսուցիչին:

Այսօր Վիգէնը չկայ, սակայն իր մանկավարժական աշխատանքի արգասիքը արդէն ներկայ է: Ճեմարանի անցեալի հանդէսներու փոքրիկ դերասանները դարձած են արուեստագէտներ եւ սկսած են ստեղծագործել` իրենց ուղեղներուն մէջ վառ պահելով իրենց ուսուցիչին` Վիգէն Ստեփանեանին «միտքերը, գաղափարները եւ երազները…»:

 

Նախորդը

Ապրօ Սոմունճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
Հաղորդագրութիւն
Անդրադարձ

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւնը` Հայ Դպրոցականին Եւ Համալսարանականին Կողքին

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.