Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամբոխահաճութեան Վնասները
Վերնագիրը ընտրած ենք` հետեւողութեամբ անմահ երգիծագիր Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները» հատորին: Մեր նպատակը զաւեշտ ընել կամ երգիծել չէ, ո՛չ ալ (ան)քաղաքավարութեան վնասներուն մասին խօսիլ է, այլ ի մտի ունինք ահաւոր, քանդիչ եւ կործանիչ ամբոխահաճութեան վնասները, որոնք կը գոյատեւեն Հայաստանի մէջ: Ամբոխահաճութիւն, որուն մասնագէտն է վարչապետի աթոռին կառչած Նիկոլ Փաշինեանը: Մայիս 2018-ին, ամբոխահաճ տարբեր տրամադրութեամբ եւ պատրաստութեամբ, Փաշինեան յաջողցուց «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը`...




















