Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրօ Սոմունճեանի Յիշատակին

Փետրուար 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի դամբանականը` արտասանուած Ապրօ Սոմունճեանի յուղարկաւորութեան:

Դաժան մահը մեզմէ  մէկիկ-մէկիկ կը խլէ մեր սիրելիները:

Այսօր ցաւով լսեցինք «Աղբալեան» կոմիտէութեան հաւատաւոր  ընկերներէն Ապրօ Սոմունճեանի մահուան բօթը:

Ան իր կուսակցական գործունէութեան երկար տարիներուն ընթացքին օրինապահ եւ բծախնդիր մօտեցումով վարեց իրեն վստահուած մեծ ու փոքր բոլոր գործերը:

Անշահախնդիր եւ անձնուրաց մօտեցումով կը փութար բոլորին:

Սկզբունքային եւ կարգապահ դաշնակցական ընկերը հաճելի զրուցակից էր մեծին ու փոքրին:

Երկար զրոյցներու ընդմէջէն ան երբեք չէր պարտադրեր ինքզինք եւ իր համոզումները, այլ կը փորձէր հիմնաւորուած փաստերով ստեղծել քննական մտածողութիւն եւ դաշնակցականավայել դաստիարակիչ մթնոլորտ: Համբերութեամբ եւ յարգանքով կը մօտենար բոլոր հարցերուն:

Երիտասարդ տարիքէն անդամակցած է ՀՅԴ-ի շարքերուն եւ տարիներու ընթացքին ունեցած է կուսակցական բեղուն գործունէութիւն: Անդամակցած է Զաւարեան ուսանողական միութեան, ուր անցուցած է կեանքի ամէնէն յիշտակելի օրերը, որոնց մասին միշտ կը խօսէր ու կը պատմէր:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եղած է իր ընկերներուն հետ` միշտ պատնէշի վրայ:

Տարիներ ետք փոխանցուած է ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէութիւն եւ ստանձնած է կոմիտէի հերթապահութեան պարտականութիւնը:

Ան ջանք չէ խնայած լաւագոյնը տալու եւ ծառայելու իր պաշտած կուսակցութեան:

«Աղբալեան» կոմիտէութեան անունով խորին ցաւակցութիւն կը յայտնենք սգակից իր գաղափարական ընկերներուն, ընտանիքի անդամներուն, յատկապէս` կողակիցին Անիին եւ զաւակին` Արամին ու հարազատներուն:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ ընկեր Ապրօ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ:

Նախորդը

Մի՛շտ Կը Յիշենք (Սարգիս Արմէնեանի Ա. Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Սերունդներու Ընդմէջէն Ապրող Ուսուցիչը` Վիգէն Ստեփանեան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?