Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեանի դամբանական խօսքը` ՀՄԸՄ-ական Յովսէփ Մարգարեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանուած:
Ծանր ու դժուար պարտականութիւն է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել Յովսէփ Մարգարեանին մասին, որ, 65 տարուան ՀՄԸՄ-ական ծառայութեամբ բեռնաւորուած, անակնկալօրէն հրաժեշտ կու տայ իր հարազատներուն եւ իր սիրած միութեան:
Կ՛ըսեն անփոխարինելի մարդ չկայ. իսկ ո՛վ պիտի փոխարինէ եղբայր Յովսէփը եւ իր նմանները, որոնք օրէ օր հրաժեշտ կու տան մեզի` մարդու տագնապ ստեղծելով մեր շուրջ, մեր մէջ` գաղափարակա՛ն, միութենակա՛ն, սկզբունքայի՛ն եւ հայրենասէ՛ր մարդու տագնապ:
Ո՛վ չէր ճանչնար եղբ. Յովսէփը 77-ամեայ, ՀՄԸՄ-ական, անշահախնդիր ու առաքինի մարդ էր իր վարքով ու բարքով: Անբացատրելի հմայք մը ունէր ան: Բոլորը կը սիրէին ու կը յարգէին զինք: Մեծ էր իր սրտով, հոգիով եւ բոլորը ընդունելու իր լայնամտութեամբ: Գործի եւ միայն գործի նուիրեալ անձ մըն էր, եւ իր աշխատանքն էր, որ զինք կը պահէր նուիրաբերումի պատուանդանին վրայ` իբրեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի գործօն դէմքերէն մէկը:
Նկարագիրով մարդամօտ, ընկերային եւ կատակասէր եղբ. Յովսէփը կամ բոլորիս ծանօթ եղբ. Զուզ Մարգարեանը եղած է ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադիր սերունդի անդամներէն մէկը. 12 տարիներ շարունակ գործած է մասնաճիւղին մէջ` իբրեւ վարչական անդամ, իր կարելին ընելով Անթիլիաս ծովեզերեայ գիւղաւանին մէջ հիմնելու հայկական նոր հաւաքականութիւն մը եւ լայնածաւալ գործունէութիւն ունեցող մասնաճիւղ մը: Բազմավաստակ գործունէութիւնը շարունակելով, երկար տարիներ գործած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Ֆութպոլի յանձնախումբին մէջ իբրեւ ատենապետ եւ տնտեսական յանձնախումբին անդամ: Մաս կազմած է նաեւ Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին` ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ը հպարտալի կերպարով:
Միութենական կեանքի մարդ էր եղբ. Յովսէփ. այս պատճառով արժանաբար մաս կազմած էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` նախ իբրեւ անդամ, ապա` ատենապետ: Մասնակցած է բազմաթիւ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովներու եւ 1991 թուականին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Պատգամաւորական 5-րդ ժողովին:
ՀՄԸՄ-ականի տիպարը հարազատ կերպարով մարմնաւորած եղբ. Յովսէփը 28 նոյեմբեր 2015-ին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան եւ կալա ընթրիքին ընթացքին կ՛արժանանայ միութեան ծառայութեան շքանշանին:
Յովսէփ Մարգարեանն ու իր նմանները սերունդներու համար պիտի ըլլան ուղեցոյց` անսահման զոհաբերութեան, նուիրումի եւ յարատեւութեան:
Շնորհակալութի՛ւն եղբայր Զուզ. երթդ բարի՛ դէպի ՀՄԸՄ-ականներու պանթէոն:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:
Վստա՛հ, ՀՄԸՄ-ի եւ մասնաւորաբար ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ընտանիքը միշտ պիտի յիշէ քեզ: