Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Կարեւորութիւնը
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ 1915 թուականի 23-էն 24 ապրիլի լուսցող գիշերը, օսմանցի թուրքերու կազմակերպած Հայոց ցեղասպանութեան նենգ ծրագիրին համաձայն, 250 հայ մտաւորականներ ձերբակալուեցան Պոլսոյ մէջ եւ Հայտար փաշա կայարանէն տարուեցան դէպի Այաշ, Չանքըրը եւ միւս սպանդանոցներ ու դաժանօրէն սպաննուեցան: Այդ օրը սկիզբը պիտի ըլլար 1915-1923 թուականներու ժամանակահատուածին մէջ տեղի ունեցած հայ ժողովուրդի զանգուածային տեղահանութեան եւ բնաջնջման, որոնց զոհ գնաց Օսմանեան կայսրութեան նահանգներու,...



















