Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուականներուն Թուականը

Ապրիլ 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդը, բազմազան առիթներով, իր պատմութեան էջերուն վրայ արձանագրած է տխուր եւ հպարտալի, ցաւալի եւ օրինակելի ու յիշատակելի թուականներ եւ ամէն տարի արժանավայել կերպով մէկ առ մէկ զանոնք ոգեկոչած է պարտաճանաչօրէն եւ յարգալիր կերպով:

Ու այդ տխուր անուանուած թուականներէն մէկուն մասին է մատնանշումս, որ այսօր բոլորիս հետ կը խօսի բարձրաձայն: Նաեւ աւելցնեմ, որ այս մէկը սովորական թուական մը չէ, այլ` դժոխային կեանքի եւ արդարութեան հեգնանքի թուական մը, որ հայու հոգիի փլատակներուն եւ սրտերուն տակ ամրօրէն եւ հաստատ պահ դրուած է, եւ որ մինչեւ այսօր մեծ վէրքի նման բաց կը մնայ:

Նաեւ կրնամ ըսել, թէ այս թուականը հակառակ անոր որ մեզ ազգովին դէպի նոր խորհուրդ կ՛առաջնորդէ, բայց միւս կողմէ ալ մեզ թէ՛ «կը փոթորկէ» եւ թէ՛ ալ «կ՛ալեկոծէ»: Ու հաստատօրէն այս թուականը թէեւ մեր պատմութեան անցած է, սակայն երբեք անցեալ չէ դարձած:

Գիտենք, որ դար մը եւ աւելի առաջ նոյն այս թուականն էր, որ  հայոց երկինքը սեւով ներկած էր: Նաեւ գիտենք, որ այս օրերուն իր յիշատակումը վայրկեանին տեսակ մը թռիչք ու մտածում կը դառնայ, յաճախ` խիտ, խորունկ, բարձր եւ թանձր:

Պէտք է ըսել, որ յատկապէս անցնող տասնամեակներու ընթացքին, պատմական մեր բոլոր թուականներուն մէջ, այս թուականը ամէնէն շատ խօսուած ու յիշուածն է:

Ու անոր կրկնութիւնը երբեք չի խանգարեր, որ զայն ուխտի եւ դրոշմի վերածուի մեր բոլորին կողմէ,  անխտիր:

Նշած թուականիս յիշատակումի ընթացքին ազգովին ամէն տարի խոնարհաբար եւ աղօթքով նոր մոմ մը կը վառենք: Տակաւին այսքանով ալ չգոհանալով` ներքին եւ հրապարակային հանդիսութիւններ կը կազմակերպենք եկեղեցական արարողութիւններու կողքին, քայլարշաւներ կը կատարենք: Իրեն նուիրուած յուշահամալիրներուն շուրջ հաւաքուելով` մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք: Ճառեր կ՛արտասանենք: Անհամար ծաղիկներ կը նուիրենք ու միեւնոյն ատեն մէկ ու կէս միլիոն մեր անմեղ նահատակները յիշելով եւ արդարութիւն պահանջելով` կը նորոգենք մեր ուխտը:

Թուականի վերյիշումն ու կամ յիշատակումը նաեւ մեզի առիթ կը ստեղծէ, որ նորէն հայու հոգին դժուար պայքարի մէջ մտնէ եւ ինքնածին դարձեալ յիշէ դէպքեր, դէմքեր` հայոց դարերու պատմութեան հատորները լեցնող տողերով:

Մէկ խօսքով, այդ թուականը Մեծ եղեռնի թուականն է: 24 ապրիլ 1915: Գուշակ ըլլալու պէտք չկար:

Այդ օր ազգովին դարձեալ մենք զմեզ կը փնտռենք աշխարհի մէջ: Մենք այդ օր, մեծ ու փոքր եւ առանց խտրութեան, մենք մեզի կը վերադառնանք: Որովհետեւ Մեծ եղեռնի յիշատակումը, որ նաեւ Ցեղասպանութիւն ալ կը կոչուի, մեզի համար ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` ցեղ մը սրբելու տխուր թուական մը:

Հայուն համար այս թուականը մաշած գիրքի նման գրուած չէ: Մեծ տխրութիւն կայ անոր մէջ, որովհետեւ մեր Աստուածը իր խաչին վրայ կրկին խաչուած էր, ու ամբողջ աշխարհը մեր այս ողբերգութեան մասին թէեւ տեղեակ եղած էր, սակայն ինքզինք խուլ եւ կոյր ձեւացուցած էր:

Անոր համար թէ՛ յուսախաբ եղած էինք եւ թէ՛  ալ կը ցաւէինք տարիներու չորութենէն, որովհետեւ մեր բոլոր բաղձանքներն ու ակնկալութիւնները յօդս ցնդած էին: Արդ, մենք մեզի յաճախ հարց կու տանք, թէ որքա՞ն պիտի դիմանանք ազգերու այս եւ նման անտարբերութիւններուն դիմաց:

Մեզի համար մեր ժողովուրդին դէմ ահաւոր եւ անմարդկային այս ծրագրուածն ու կատարուածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ, որուն օտարներու կողմէ ճանաչումը նոր էջ պէտք էր բանար մեր պատմութեան մէջ: Սպասեցինք անոր միջազգային ճանաչման: Օտարներու դռները «ծեծեցինք»: Բացատրեցինք: Բողոքեցինք: Ցոյցեր եւ հանրահաւաքներ կազմակերպեցինք: Ու պատմութիւնը վկայ, շատեր ճանչցան մեր այս ողբերգութիւնը, իսկ ուրիշներ տակաւին «կը մտածեն»: Ուստի ստիպուած կը սպասենք «բարի լուրին»:

Ու նորութիւն մը չէ, երբ ըսեմ, որ ի տես կարգ մը երկիրներու Ցեղասպանութեան ճանաչման` միշտ երախտապարտօրէն եւ բարձրաձայն ուրախացանք: Հազար անգամ շնորհակալութիւն յայտնեցինք: Իրենց օրինակելի կեցուածքէն թելադրուած` խանդավառուեցանք: Կարծեցինք, որ արդէն արդարութիւնը հասած է մեր ոտքերուն: Բայց այդպէս չէր եւ չեղաւ:

Այսպէս, անցեալ տարուան արցախեան ծանր վերջին պատերազմին մնացինք յուսախաբ: Այս նոյն Ցեղասպանութիւնը ճանչցող մեր հին ու նոր «բարեկամներէն» կ՛ակնկալէինք դրական զօրակցութիւն, բայց միայն խոստումներ լսեցինք: Բառակոյտեր: Անիմաստ եւ ձրի: Զգացինք, որ մենք խաբուած ազգ մըն էինք, որովհետեւ ո՛չ ծով ունէինք, եւ ոչ ալ` սեւ ոսկի կոչուած նաֆթ, որպէսզի մեր «բարեկամները» մեզմէ օգտուէին: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել հայուն այս դաշտանկարը:

Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները, կը կարծէինք, թէ մեր իսկական բարեկամներն էին, այդպէս կ՛ակնկալէինք գոնէ…: Արդեօք իսկապէ՞ս բարեկամներ ունեցած էին: Կրկին հաստատեցինք, որ «ամէն բան, շահու վրայ հիմնուած է», չկան մշտական շահեր եւ նոյնպէս չկան մշտական բարեկամներ: Ձեւական:

Անոր համար, անկախ այս բոլորէն, մեզի համար այս թուականը նաեւ խորհրդածութեան թուական ըլլալով, իր կարգին ծնունդ կու տայ նման աճող մտահոգութիւններու ու բազմաթիւ անպատասխան հարցականներու: Հեռու մնացած իրողութիւն:

Ցեղասպանութիւն: Արարք մը, որուն իբրեւ հետեւանք հայը աշխարհի տարածքին դարձաւ

ցիրուցան: Աշխարհի աչքին առջեւ մեզ ազգովին կողոպտեցին: Բռնագրաւեցին մեր հողերը: Մեր տուներէն մեզ վռնտեցին: Իւրացուցին մեր բնակարաններն ու հաստատութիւններն ու կալուածները: Մեզ կոտորեցին ու անխնայ ջարդեցին: Սպաննուեցան բոլոր անոնք, որոնք հայրենի հողերը կը հերկէին, արօրը կը մղէին, թոնիրին շուրջ կը հաւաքուէին: Մնացեալին ծանօթ էք:

Ու հակառակ այս բոլորին,  աշխարհը տակաւին մեղքի զգացումէն հեռու է` երեսի վրայ ձգուած անցքի նման:

Իսկ այսօր, իբրեւ Ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդ, մենք ի՞նչ կ՛ընենք: Այո՛, ճիշդ է, որ անկախ հայրենիք մը ունինք, սակայն նաեւ ճիշդ է, որ այսօրուան մեր երկիրը իր շրջանին մէջ սեղմուած կ՛ապրի: Ազատօրէն շունչ չի կրնար առնել: Իբրեւ հայեր, կեանքի բեւեռներուն մէջ ճզմուած, խորունկ զգացումով, սակայն հայու հաւատքով կ՛ապրինք: Կը կրկնենք այն բառերը, որոնք դժուար կը մոռցուին: Դարձեալ զիրար չենք հասկնար: Նետած ենք մեր մտքի ուռկանը: Մեր խիղճը թմրած կ՛երեւի: Մեր հոգին կոյր ատելութեան զոհը դարձած է:

Ու նման անբնական կացութեան մը միակ ելքը եւ կամ գերագոյն լուծումը ձգտիլ է մեր միաբանութեան, միասնութեան, որովհետեւ տեսանելի ու լսելի է, թէ տակաւին մաղձոտ շատախօսութիւն դուրս կու գայ մեր բերաններէն: Հայ իրականութեան մէջ յարատեւ տագնապի երգը լսելի է: Վայրկեանուան մը համար մէկդի դնենք ամէն տարակարծութիւն եւ տէրն ու տիրականը ըլլանք մեր մտքերուն եւ մտածենք, թէ ինչո՞ւ ցարդ աշխարհի արդարութիւնը լուռ է: Փորձենք միասնաբար աշխարհին ցոյց տալ, որ մենք տակաւին ողջ ենք: Ազատ հայրենիք ունինք: Վերջ ի վերջոյ հայոց պատմութեան ձայնը լսելի դարձնենք ու այս երկրագունդի ժողովուրդներուն ըսենք.

– Հէ՜յ, զգուշ եղէ՛ք, մեր մեռելներու սարսափելի լռութենէն… մե՛նք տակաւին կանք…:

Հաստատապէս մեր ժողովուրդը ծարաւ է յոյսի եւ լոյսի, որովհետեւ մեր մօտ տակաւին հայրենի հողի ջերմութիւնը կայ, մնացած է, չէ խամրած: Այն հողին, որ խլուեցաւ մեզմէ: Մեր պահանջը միայն ճանաչումը չէ, այլ` պահանջատիրութիւն եւ անոր գործընթացը: Ալ յոյս չմուրանք:

Ճիշդ է, որ հայ ըլլալը դիւրին չէ, բայց ցոյց տանք աշխարհին, թէ հայը այս անիրաւութեան եւ անարդարութեան դէմ տակաւին ընդվզումով կը բողոքէ, որովհետեւ ոճրագործը անպատիժ կ՛ապրի: Մեզի կը մնայ ողջմտութիւնը ունենալ պարզ իրականութիւնը հաշուի առնելու, դատելու եւ կշռելու մեր գործածած բառերն ու միջոցները:

Ահա աւանդն ու պատգամը` հայօրէն ապրելու գիտակցութիւնը եւ կամքը, դարերու մեր իրաւունքներուն տէր կանգնիլը, որովհետեւ չենք հաշտուած այդ թուականին հետ: Պատեհութեան զոհը չդառնանք:

Հայուն համար այս թուականը հաւատքի ակ ալ է, տոկալու եւ վերապրելու: Ո՛չ ոք մեզի պէս չէ տքնած: Ո՛չ ոք կրնայ լռեցնել ցեղին ձայնը: Մեր պայքարի զէնքը մեր ոգին է եւ ապրելու կամքը:     Գիտակցինք: Մնանք ուխտաւոր պահանջատէր: Նոր մարդու թափով ապրի՛նք, ուր ներկայ է նաեւ հայ մարդուն եւ իր ազգին բոլոր գլխաւոր ձգտումները:

Վերագտնենք այս աշխարհի վրայ հայօրէն ապրելու հպարտութիւնը:

bedig43@aol.com

 

Նախորդը

Պիթիասէն Բերուած Գորգը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ներքին Պատկերը. Դէպի Ո՞ւր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?