Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

106-Ամեակի Մարտահրաւէրներ. Ժամանակն Է Իրապաշտ Մտածողութեան Որդեգրման

Ապրիլ 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Բոլորս նախակրթարանի աշակերտ եղած ժամանակաշրջանին  ազգային դպրոցներուն մէջ սորված ենք, թէ ինչպէ՛ս Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ, եւ թէ ինչպէ՛ս մեր մեծ հայրերն ու մայրերը բռնի ուժով տեղահանուեցան իրենց հայրենիքէն: Հայրենիքէ մը, ուր հազարաւոր տարիներ մեր նախնիները արմատներ ձգած էին եւ շէնցուցած:

Պատմութիւն պատմել չէ այս յօդուածին նպատակը, ո՛չ ալ ոչ բանական հիմքերու վրայ զգացական հռետորաբանութիւն մը մատուցել: Հետեւաբար հարց կու տանք. բոլորս ալ զգացականօրէն վստահաբար յուզուած ենք այդ պատմութիւններէն, բայց արդեօք զգացականութիւնը կարելիութիւն ընձեռե՞ց, որ դասեր քաղենք:

Դասեր քաղա՞ծ ենք Պալքաններու պատերազմէն, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը կը մղէր  ծաւալապաշտական-ռազմական արշաւանք:

Երբ դպրոցներուն կամ միութիւններուն մէջ թրքական Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան կամ Թեշքիլաթը մահսուսէ կազմակերպութեան մասին մեզի դասախօսութիւն ներկայացուած է, կրցա՞ծ ենք օգտուիլ անցեալի փորձառութենէն:

Անցեալի հերոսութիւններու յիշատակման ձեռնարկներու ընթացքին արտասանուած խօսքերը եւ գործածուած հռետորաբանութիւնը կրցա՞ն զինել մեզ թէ՛ քաղաքականօրէն, եւ թէ ալ դիւանագիտականօրէն:

Եթէ անցեալին Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան կամ Թեշքիլաթը մահսուսէ կազմակերպութեան ցեղապաշտ քաղաքականութեանց նշոյլները երեւցան Պալքաններու պատերազմին, յստակ չէ՞ր, որ ներկայ Թուրքիոյ ցեղասպան քաղաքականութիւնները ի յայտ պիտի գային, երբ Թուրքիան ռազմականօրէն մուտք գործեց Սուրիա (2016-ին) եւ յստակ չէ՞ր, թէ այսպիսի բան մը տեղի պիտի ունենայ, երբ նոյն Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ցեղասպանական գաղափարախօսութիւնը կրող Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը էրտողանի հետ համագործակցութեան ու նախընտրական դաշինքի մէջ մտաւ:

Դժբախտաբար, շատեր մերժեցին ընդունիլ վտանգի լրջութիւնը, բայց ճի՞շդ է այս մօտեցումը, երբ մեզ շրջափակումի ենթարկած թշնամի պետութիւնը (որուն դէմ գիշեր-ցերեկ հռետորաբանութեամբ կը խօսինք) կը հերքէ իր իրաւանախորդին կազմակերպած Ցեղասպանութիւնը: Մի՞թէ կը կարծէինք, թէ ան  հայութիւնը հանգիստ պիտի ձգէ: Ասիկա արդէն վերեւ յիշուած բոլոր հարցումներուն պատասխանն է` Ո՛Չ:

Ո՛չ, միայն զգացականութեամբ չկրցանք ազգային սրբազան մարտահրաւէրը դիմագրաւել:

Ո՛չ, չկրցանք Պալքաններուն մէջ Օսմանեան արշաւանքը կապել Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կատարած ռազմական միջամտութեան հետ:

Ո՛չ, դասախօսութիւններու զուտ զգացական բնոյթն ու դաստիարակութեան թիրախը չկրցաւ քաղաքական ուղղութիւն տալ մեր պատմութեան:

Ո՛չ, հռետորաբանութիւնը չկրցաւ քննական միտք յառաջացնել մեր մէջ:

Արդեօք մենք միա՞կ ազգն ենք, որ կը տառապինք այս հարցէն: Ժամանակին (հրէական Ողջակիզումէն առաջ) Գերմանիան կը տառապէր անկէ, եւ գերմանացի լութերական քարոզիչ Մարթին Նիմէօլլըր այս հարցին մասին հետեւեալը գրեց.

«Սկիզբը եկան ընկերվարականներուն համար, եւ ես չխօսեցայ, որովհետեւ ընկերվարական չէի:

«Յետոյ եկան արհեստակցական միութիւններու անդամներուն համար, եւ ես չխօսեցայ, որովհետեւ այդ միութիւններու անդամ չէի:

«Յետոյ եկան հրեաներուն համար, եւ ես չխօսեցայ, որովհետեւ հրեայ չէի:

«Վերջաւորութեան եկան ինծի համար, եւ ոչ մէկը մնացած էր խօսող` ի պաշտպանութիւն ինծի»:

Այս խօսքը, որ կ՛ակնարկէր գերմանացիներուն կողմէ Նացիական կուսակցութեան իշխանութեան հասնելու վտանգի անտեսումին, ցոյց կու տայ, թէ անոնք այսօր ինչպէ՛ս դաս քաղած են:

Մոռցա՞նք Պարոյր Սեւակի «Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում»-ը, երբ բազմաթիւ հայեր քիւրտերուն արհամարհանքով նայեցան եւ անտեսեցին այն, որ յաջորդ թշնամական թիրախը հայերը կրնային ըլլալ:

Պէտք է գիտակցինք, որ մեր թշնամին համաթրքականութիւնն է: Այս թշնամական գաղափարախօսութիւնը սահմաններ չի ճանչնար, ուր որ թրքախօս հաւաքականութիւն գոյութիւն ունի, կը փորձէ միջամտել ու իր ցեղապաշտ գաղափարները տարածել հոն: Այսօր համաթրքականութիւնը հաստատութենականացուած է Թուրքիոյ կողմէն, այս գաղափարախօսութեան հիմնական մունետիկը (Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն) այսօր Էրտողանի դաշնակիցն է, իսկ Էրտողան իր նոր-օսմանական ծայրայեղ իսլամական քաղաքականութիւնները զուգահեռաբար յառաջ կը տանի համաթրքականութեան հետ:

Եթէ չենք ուզեր, որ երկրորդ ցեղասպանութիւն մը տեղի ունենայ (ինչ որ շատ հաւանական է, եթէ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական ծաւալապաշտական նկրտումները նկատի ունենանք), թութակի պէս պատմութիւնը արտասանելու փոխարէն պէտք է քննական միտքով դիտենք պատմական դէպքերը եւ փորձենք դասեր քաղել անոնցմէ ու արժեւորել զանոնք` լոկ քննական ակնոցով (առանց մեր մօտեցումին խառնելու զգացականութիւնը):

Դասախօսութիւնները կամ հանրային ձեռնարկները փոխանակ կեդրոնանան ընդհանրական հռետորաբանութիւններու վրայ, որոնք շփոթ կը ստեղծեն ժողովուրդին մէջ, պէտք է հետապնդեն քաղաքական նպատակներ եւ զերծ մնան գրքունակ մօտեցումներէ, նաեւ որոշ դասական ու պատմութեան ընթացքին լճացած նշանաբաններէն (օրինակի համար` «Օտարից մեզ ֆայտա չկայ»)` աւելի կեդրոնանալով արդի քաղաքականութեան մեթոտաբանութեան վրայ, նախ քաղաքականացնելով մեր ժողովուրդը, ինչ որ առիթ կու տայ անոր ո՛չ միայն հպարտանալու իր անցեալի փառքերով, այլ նաեւ նոր յաղթական-փառքեր կերտելու` դիմագրաւելով համաթրքականութեան ցեղապաշտական քաղաքական ախորժակները (մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ):

Եւ վերջապէ՛ս, ժողովուրդին մէջ պէտք է տարածել այն գիտակցութիւնը, որ այսօր` 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակին, երբ քաղաքական օրէնքի հիմքը համաշխարհայնացումն է, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ մէկ ժողովուրդի հետ, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն պիտի ազդէ միւս ժողովուրդներուն վրայ (թրքական սպառնալիքները, որոնք ուղղուեցան Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Սուրիոյ մէջ, անոնց շարունակութիւնը տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ), եւ ներկայ քաղաքական խաղերու հիմքերը չճանչնալը կը նշանակէ դառնալ լուսանցքայնացած ու քաղաքական դաշտէն դուրս մնացած: Հետեւաբար, պէտք է ցեղասպան թշնամիին դէմ համախմբուած ժողովուրդներու եւ պետութիւններու շրջանակին մէջ մուտք գործել եւ ինչու չէ անոնք դաշնակից դառնալ:

Ներկայ պատմաքաղաքական փուլին միայն քննական միտքով  քաղաքականացած ժողովուրդը լաւատեղեակ ու գիտակից կրնայ ըլլալ իր ցեղասպան թշնամիին քայլերուն եւ կրնայ ձախողութեան մատնել համաթրքականութեան վերջին փորձը` Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի (ներառեալ հայութիւնը) դէմ թրքական ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հաւաքական Պայքարի Ուխտի Օր` Ապրիլ 24

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Եւ Հայրենահանման Ոճիրը Կը Դարմանուի Հայրենադարձութեամբ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?