Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Ժողովուրդի՛ն Ձայնը

Ապրիլ 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

19 եւ 20 ապրիլին հայութեան ձայնը ուժեղ կերպով հնչեց Եւրոպական խորհուրդի բեմէն եւ արձագանգ գտաւ խորհուրդի անդամ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու ճառերուն մէջ: Արցախի վերջին պատերազմի աւարտէն աւելի քան 5 ամիս ետք, Հայաստանի խորհրդարանի պատուիրակութեան անդամները առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս Եւրոպայի իրենց պաշտօնակիցներուն ներկայացուցին այն ահաւոր պատկերը, որ ստեղծուեցաւ թուրք-ազերիական յարձակումին պատճառով, նաեւ խարանեցին Ազրպէյճանը, որ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակէ պատերազմական գերիներու ճակատագիրին հետ խաղեր խաղալ: Ազրպէյճանի ներկայացուցիչը փորձեց թրքաբարոյ ոճով միջամտել ու խեղաթիւրել իրականութիւնը, զայն պատշաճ կերպով «տեղը նստեցուցին»: Ազրպէյճան փորձած էր խափանել այս հարցին քննարկումը` զայն օրակարգի նիւթ դարձնելը, սակայն հայ ներկայացուցիչները եւ իրականութիւններուն իրազեկ եւրոպացի պատգամաւորներ ձախողութեան մատնած էին այդ նախնական փորձը:

Կարելի՞ է հայութեան ի նպաստ շահ նկատել այս քննարկումը:

Այո եւ ոչ:

Այո, որովհետեւ տագնապը քուլիսներէ եւ կողմնակի հաղորդակցութիւններու, մամլոյ տեղեկութեանց բաւիղներէն դուրս կը բերուէր եւ Եւրոպական խորհուրդին պէս միջազգային բեմի մը վրայ քննարկման նիւթ կը դառնար (հոգ չէ թէ` գերիներու եւ բռնի տեղահանուածներու լայնածիր տագնապին լոյսին տակ): Յաջողութեան մէջ բաժին ունեցան հայկական պատուիրակութեան բոլոր անդամները, որոնք մէկդի դրած էին իշխանաւոր-ընդդիմադիր խաղը եւ միաձայնութեամբ աշխարհին ներկայացուցին, թէ թուրքն ու ազերին ինչպիսի՛ թշնամանք իր գործ դրին պատերազմի օրերուն, մինչեւ այսօր ալ, գերիներու «խաղաքարտով», պատերազմի դաշտին մէջ հայերէն գրաւուած զինական կազմածներու  «բաց թանգարան»-ին ու նմանօրինակ հայատեաց քարոզչութեամբ, անփոփոխ կը պահեն նոյն թշնամանքը, «ասֆալթին փռելով» Հայաստանի վարչապետին ու ձայնակիցներու կողմէ բարձրացուող ցնորական խաղաղասիրութիւնը:

Ոչ, որովհետեւ քննարկումները չանցան խօսքի սահմաններէն անդին, քննադատական եւ մեղադրական արտայայտութիւնները չյանգեցան յստակ բանաձեւի մը, որ համապատասխան ըլլար Թուրքիա-Ազրպէյճան դաշինքը հաշուետուութեան բերելու, զանոնք հատուցման պահանջին դիմաց կանգնեցնելու: Սա կը նշանակէ երկու բան. այն, որ քուլիսային նախապատրաստական աշխատանքները բաւարար կամ արդիւնաւոր չէին, երկրորդ` քաղաքական խաղերն ու մասնակի հաշիւները դարձեալ գերակշռած են: Փաստօրէն ռուս ընդդիմադիր Նաւալնիի մը հարցը շատ աւելի «արդիւնաւոր» քննարկումներու առաջնորդած է, իսկ հարցը օրակարգի վրայ դնելու քուէարկութեան պահուն Ռուսիոյ կեցուածքը (դէմ քուէարկած էր, յետոյ բացատրուեցաւ, որ ատիկա «թեքնիք սխալի մը հետեւանք էր») շատ «ջուր կը վերցնէ» եւ յստակացումի կը կարօտի, արդէն ստեղծած է բազմաբեւեռ մեկնաբանութիւններ:

Երկու երեսները աչքի առջեւ ունենալով` քննարկումը (կրկնենք` առանց շօշափելի արդիւնքի հասած ըլլալու) ինքնին դրական փոքր տեղաշարժ մըն է, պէ՛տք է դառնայ խթան` նոր յառաջխաղացքի, ոճրային արարքներու իրականութեան աշխարհով մէկ պաշտօնական ճանաչման եւ, անշուշտ, առաջնորդէ արդար հատուցումի:

***

Արցախի ու Հայաստանի դէմ թուրք-ազերիական վայրագութեանց եւ ամէն տեսակի օրէնք խախտելու աղաղակող այս նոր փաստերը օրակարգի վրայ ունենալու լուրը հաղորդած էին Հայաստանի լրատու աղբիւրները` 19 ապրիլին: Նոյն երեկոյեան, ընկերոջ մը հետ հեռաձայնային զրոյցի մը պահուն, իրեն աւետեցի այս դրական քայլը, սակայն նաեւ արտայայտեցի մտահոգութիւն մը, որ անմիջականօրէն կապ չունէր հաւանական-անհաւանական արդիւնաւորման հետ: Ըսի, թէ մենք` հայութեան զանգուածներս, ի լուր այս յառաջխաղացքին, արդեօք վաղը (20 Ապրիլին) քանի՞ քաղաքի մէջ ցոյցի պիտի ելլենք, եւրոպական եւ այլ խորհրդարաններու, դեսպանատուներու, հիւպատոսարաններու առջեւ պաստառներ բարձրացուցած` պիտի միանանք մէկ կողմէ դատապարտանքի արտայայտութեանց ու միւս կողմէ` գոհունակութիւն պիտի յայտնենք, որ Եւրոպան ի վերջոյ ձայն պիտի բարձրացնէ ի նպաստ արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու, ընդդէմ ոճրագործ պետութիւններուն, որոնց արիւնոտ մատները շատո՜նց կը խռովեն նաեւ եւրոպական եւ այլ երկիրներու ապահովութիւնը, խաղաղութիւնն ու հասարակական կեանքի անդորրութիւնը: Խօսակիցս դառնութիւն «բուրող» արտայայտութեամբ մը պատասխանեց, որ ակնկալութիւնս հաւանաբար չարդարանայ, որովհետեւ` «Մենք հիմա, Հայաստանի մէջ թէ այլուր, զբաղած ենք տաք օրակարգերով…» (չթուեմ հոս. ընտրական եւ պառակտիչ բազմակողմանի ու բազմայարկանի բանավէճերը բաւական ուժեղ կը հնչեն ամիսներէ ի վեր):

Ընկերս ճիշդ էր: 20 ապրիլին Եւրոպական Խորհուրդի նիստերուն մասին բազմաթիւ աղբիւներէ հետեւեցայ լուրերուն. յիշեալ դրական եւ գօտեպնդող տեղեկութեանց կողքին, բառ մը իսկ չլսեցի, թէ տեղ մը հայ երիտասարդներ պահանջատիրական, մեր պատգամաւորներուն զօրակցութեան եւ եւրոպացի պատգամաւորներէն արդարութեան ակնկալութիւն արտայայտող պաստառներով ցուցական քայլերու դիմած են: (Եթէ տեղ մը նման ցոյց կատարուած է, խօսքս ետ կ՛առնեմ ու կը զարմանամ, թէ նման արդարատենջ արարք ինչո՞ւ աննկատ մնացած է):

Ակնկալութիւնս, խոստովանիմ, անհիմն ու ցնորածին չէր: Չէ՞ որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն բազմահազար հայորդիներ, ինքնաբուխ կամ կազմակերպուած ձեւով, հնչեղ ցոյցերու եւ ցուցական արարքներու դիմած էին: Ճամբաներ փակուած էին, պաշտօնական շէնքերու եւ լրատու ազդու աղբիւրներու գրասենեակներուն առջեւ երկարատեւ համախմբումներ կատարուած էին: Նմանապէս, ամիսներէ ի վեր գերիներու ընտանեկան պարագաները Երեւանի մէջ օտար դեսպանատուներու դռները կը մաշեցնեն (ի տես Հայաստանի իշխանութեանց կրաւորականութեան ու անկարողութեան), պատրաստ են կռուելու պաշտպանութեան նախարարին ու վարչապետին հետ: Որոշ տեղեր ալ (նաեւ անցեալի նմանօրինակ հանգրուաններու, օրինակ` ապրիլ 24-ի առիթով ցոյցերուն կամ Թուրքիոյ նախագահին հոս-հոն այցելութեանց առիթներով) մեր կողքին ունեցած ենք նա՛եւ թուրքին ոճիրներուն եւ աշխարհակալական ծրագիրներուն զոհ գացած այլ ժողովուրդներու` յոյներու, կիպրացիներու, քիւրտերու, ասորիներու, արաբներու ներկայացուցիչները…

Մեր պատուիրակները հայ ժողովուրդի ձայնը 19 եւ 20 ապրիլին հնչեցուցին Եւրոպական խորհուրդի բեմէն: Հայ ժողովուրդի ձայնը նման պահերու պէ՛տք է հնչէ նաեւ հրապարակներէ եւ ներկայացուցչական հաստատութեանց շէնքերուն առջեւէն: Ճիշդ է` վաղը ապրիլ 24 է. մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս երիտասարդները հրապարակները պիտի ողողեն` թուրքը դատապարտելով եւ մեր արդար պահանջները աշխարհին յիշեցնող բացագանչութիւններով: Իսկ 44-օրեայ պատերազմը Ցեղասպանութեան նորագոյն կիրարկումն է (կաթիլ մը կասկած կա՞յ, որ այդպէս չէ), մաս կը կազմէ մեր համընդհանուր պայքարին: Եթէ մինչեւ իսկ Եւրոպական խորհուրդի նիստերուն տեղի ունեցած քննարկումին պէս ԱՌԻԹներ չներկայանան, մենք` հայ զանգուածներս, պարտաւոր ենք մեր իւրաքանչիւր օրը նկատելու պահանջատիրութեան յիշեցման եւ հետապնդման օր: Ասոր համար պէտք է պետական, կազմակերպական-կուսակցական եւ կարելի բոլոր «ռատարները» բաց պահել, հաղորդակցութեան միջոցները լծել համաժողովրդային կազմակերպ քայլերու, որպէսզի ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՁԱՅՆԸ անյապաղ եւ ուժգնօրէն հնչէ ամէն տեղ, զօրակցութիւն ապահովէ պաշտօնական բեմերէ խօսող մեր ներկայացուցիչներուն:

***

… 11 ամիս առաջ Միացեալ Նահանգներու Մինեսոթա նահանգին մէկ անկիւնը ոստիկան մը սպաննեց Ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ մը: 20 ապրիլին սպաննող ոստիկանը դատապարտուեցաւ իբրեւ մարդասպան:

Ֆլոյտի սպանութիւնը ամիսներ շարունակ եռքի մէջ պահեց Միացեալ Նահանգները: Անոր եւ նմաններու սպանութիւնը դատապարտանքի եւ բողոքի ալիքներ տարածեց աշխարհով մէկ. մինչեւ այսօր ալ, եւրոպական երկիրներու մէջ ու այլուր, ֆութպոլի մրցումներ կը սկսին պահիկ մը ծնրադիր լռութեամբ` իբրեւ զօրակցութիւն սեւամորթներուն, իբրեւ դատապարտանք` անոնց անտեղի սպանութեանց:

Ֆլոյտը սպաննած ոստիկանին դատավարութիւնը տեւեց շուրջ 15 օր: Անկէ առաջ, ամիսներ շարունակ, նաեւ` ամբողջ դատավարութեան տեւողութեան, ցոյցերն ու բողոքի արտայայտութիւնները, արդարութեան պահանջները ամէն օր հնչեցին եւ արձագանգներ գտան քիչ մը ամէն տեղ: Ո՛չ ոք կրնայ վստահ ըլլալ, որ այդ ցոյցերը ուղղակի ազդեցութիւն ունեցան դատակազմի «յանցաւոր է» եզրայանգումին վրայ: Փաստերը այնքա՛ն աղաղակող էին ու անվիճելի, որ մարդս մինչեւ իսկ կը տարուի մտածելով, թէ նման դատավարութիւն արդեօք աւելորդ չէ՞: (Մենք ալ յաճախ կ՛ըսենք, որ Ցեղասպանութեան փաստերը Թուրքիոյ պետութեան ոճիրներուն մասին կասկածի չորցած տերեւով մը իսկ չեն կրնար ծածկուիլ): Սակայն ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ` սպիտակամորթ, կարմրամորթ, դեղին եւ այլ ցեղերու զաւակներ, իրենց ձայնը միացուցին սեւամորթներու բողոքին: Ցոյցի ալիքներն ու բողոքի աշխարհատարած արտայայտութիւնները, դատակազմի վճիռէն առաջ իսկ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՎՃԻՌԸ հռչակած էին ոճրագործ ոստիկանին դէմ: Այս պարագային, դատակազմին վճիռն ալ եղաւ ժողովուրդի ձայնին համահունչ (միշտ չի պատահիր. արդաութիւնը յաճախ բառացիօրէն կոյր կամ շիլ կը ձեւանայ…):

Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է ժողովուրդին ձայնը ճի՛շդ ատենին եւ հնչեղ կերպով բարձրացնելը:

20 ապրիլ 2021

 

Նախորդը

Անխոնջ Նուիրեալ Հայորդին (Աբրահամ Աբրահամեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

«Սփիւռքի Մէջ Կը Բացակայի Տարբեր Ուղղութիւններով Ուժականութեան Ձեւաւորման Գործընթացը» Հաստատեց Մինաս Լուռեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?