Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անխոնջ Նուիրեալ Հայորդին (Աբրահամ Աբրահամեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ապրիլ 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Ով որ ուզէ ինծի ծառայել, պէտք է ինծի հետեւի,
Եւ ինծի ծառայողը պիտի ըլլայ հոն, ուր ես կը գտնուիմ:
Եւ Հայրս պիտի պատուէ ինծի ծառայողը»

Աւետարան ըստ Յովհաննու  12:26

Քրիստոնէութիւնը սոսկ հաւատալիքներու եւ օրէնքներու վրայ հիմնուած կրօն մը չէ, այլ` սիրոյ, ծառայութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութեան եւ ապրուած իրական կեանքի կրօն: Աստուածորդին սոսկ չքարոզեց Աստուծոյ խօսքը, այլ իր կեանքով օրինակ հանդիսացաւ բազմամիլիոն հետեւորդներուն: Քրիստոս սիրեց Աստուծոյ ձեռակերտը հանդիսացող բոլոր մարդիկը` աղքատէն, կարօտեալէն, անտեսուածէն սկսեալ մինչեւ հարուստը, ծառայեց բոլորին եւ վերջապէս հացի ու գինիի նուիրաբերումով գոհաբանութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց իր Հօր այն բոլոր բարիքներուն համար, զորս Ան իրագործեց արարչագործութեամբ եւ փրկչագործութեամբ: Այսօրուան կեանքի ծանր եւ դժուար պայմանները դժբախտաբար ստուար թիւով քրիստոնեաները հեռացուցած է զիրար սիրելէ, Աստուծոյ տաճարին ծառայութենէ, Աստուծոյ վստահելէ, հաւատքէ, երախտագէտ ըլլալէ: Սակայն մենք պէտք չէ մոռնանք, որ մեր նահապետական ընտանիքներու տիտանները, ի գին մեծ զոհողութեանց, զրկանքի եւ հեռատեսութեան, կերտած են մեր անձերը, հաւատքը եւ երբեմն ալ` մեր ապագան: Այս առումով միշտ երախտագիտութիւն պէտք է յայտնենք նախ Աստուծոյ` բոլոր բարիքներուն համար, ապա` մեր ընտանիքին, որ փոքրիկ եկեղեցի է հաւատքի եւ մարդակերտման համար, յետոյ մեր դպրոցին` հայապահպանութեան դարբնոց ըլլալու իրողութեան եւ վերջապէս մեր ազգին` սերունդներու գոյատեւման համար:

Այս ներածականը կատարեցի մեծարելու եւ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առնելու համար Աբրահամեան նահապետական ընտանիքի մը հայրը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ երկար տարիներու Թաղական խորհուրդի վաստակաշատ ատենապետը, Պերեճիկի հայրենակցական միութեան հիմնադիր եւ վարչական անդամը, Ազգային խորհուրդի մարմինի վարչութեան անդամը, որուն ծառայական կեանքն ու մարդկային արժէքները որպէս աւանդ մնացին մեզի:

Աբրահամ Աբրահամեան ծնած է 1931-ին, Ճարապլուս: Երկրորդ զաւակն է պերեճիկցի Կարապետ եւ Ազնիւ Աբրահամեաններու: Անոնք եւս, այլ հայերու նման, բռնած են գաղթի ճամբան Պերեճիկ – Ուրֆա – Պերեճիկ – Հալէպ -Ճարապլուս – Պէյրութ: Ան կանուխէն նետուած է կեանքի ասպարէզ, իր հօր հովանիին տակ հմուտ կօշկակար եղած է, եւ միշտ չորս եղբայրներու համատեղ աշխատանքով իրենց արհեստը զարգացուցած են:

1958-ին ամուսնացած է Վարսենիկ Թուխմանեանի հետ եւ բախտաւորուած` հինգ զաւակներով, տասը թոռներով եւ ծոռով մը: Նահապետական ընտանիքի հայր ըլլալով` ջանադիր եղաւ իր ազնուափայլ կնոջ հետ զաւակներուն հայաբոյր դաստիարակութեամբ, տօնական օրերու աւանդութեանց պահպանումով: Փաստօրէն իր զաւակները այսօր մեր ազգային, եկեղեցական կեանքին մէջ նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցեն:

Աբրահամ Աբրահամեանի ծառայական կեանքը սկիզբ առաւ նախ իբրեւ հիմնադիր եւ ապա երկար տարիներու վարչական անդամ Պերեճիկի հայրենակցական միութեան:

Հուսկ, երեսուն երեք տարի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած է նախ իբրեւ Թաղական խորհուրդի անդամ, ապա երկար տարիներ ձեռնհասութեամբ վարած է ատենապետութեան պաշտօնը: Ան եկեղեցին հոգեւոր տուն սեպելէ բացի, իր ընտանիքը նկատած է եւ սիրով, համբերութեամբ, լայնախոհութեամբ, համերաշխութեամբ վարած է իր պաշտօնը` առանց դոյզն իսկ գնահատանքի ակնկալութեան: Ան կը յորդորէր, որ եկեղեցւոյ մարմինները` Թաղական խորհուրդ, Տիկնանց յանձնախումբ եւ Դպրաց դաս հոգեւոր հովիւի գլխաւորութեամբ մէկ ընտանիք են:

Ազգային ծառայութեան գանձանակին մէջ իր անմնացորդ նպաստը բերած է` երկար տարիներ անդամ ըլլալով Ազգային առաջնորդարանի Դատաստանական խորհուրդին: Նաեւ Ազգային Խորհուրդին հիմնադիր մարմինի վարչութեան անդամ ըլլալով` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հովանիին ներքոյ Ազգային խորհուրդը նուիրահաւաք կազմակերպեց եւ շէնքեր կառուցեց եւ հայ երիտասարդութեան բնակարաններ տրամադրեց յարմարաւէտ պայմաններով:

Աբրահամ Աբրահամեան բուռն ընթերցասէր էր: «Ազդակ» օրաթերթը որպէս հանապազօրեայ հաց ամէն օր կը կարդար:

3 ապրիլ 2011-ին Լիբանանի թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր շնորհեց Աբրահամ Աբրահամեանին աւելի քան երեսուն երեք տարի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ճամբով պատասխանատու ու անձնուէր ծառայութիւն մատուցելու եւ եկեղեցւոյ շրջափակը հարազատ պահելու համար: Այս առիթով եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց զինք:

Աբրահամ Աբրահամեանի կեանքի բնորոշ յատկանիշներէն կը համարուէին` համերաշխութիւնը, աւանդապահութիւնը, ընթերցասիրութիւնը, ծառայութիւնը, հաշտարար բնաւորութիւնը:

Աբրահամ Աբրահամեան նահապետի կորուստը կը սգան իր ընտանիքը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, Պերեճիկի հայրենակցական միութիւնը:

Թող պարոն Աբրահամին ծառայական կեանքը իբրեւ անուշաբոյր ծաղիկ ներշնչարան դառնայ մեր կեանքին:

Յարգա՛նք քու վաստակիդ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

 

Նախորդը

Դոկտ. Վարդան Գրիգորեանի Մահուան Միջազգային Արձագանգ

Յաջորդը

Նշմար. Ժողովուրդի՛ն Ձայնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?