Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մշակութային Ցեղասպանութեան Ազգային Եւ Միջազգային Հետեւանքները

Ապրիլ 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Մշակոյթի հասկացողութիւնը, գէթ` ակադեմական մակարդակի վրայ, կեանքիս մէջ սկսաւ, երբ Հայկազեան համալսարանի ուսանող էի: Դասացուցակին մէջ ներառուած էին չորս միջմշակութային նիւթերու դասապահեր: Իւրաքանչիւր դասապահին մէջ կային միջազգային մշակոյթի տարբեր բնագաւառներ եւ զանոնք ընկալելու համար` համապատասխան նիւթեր: Իսկ մշակութային արժէքներու գիտակցութիւնս եւ անոնց կիրարկումը սկսաւ, երբ գործիս տարածաշրջանը տեղափոխուեցաւ Ծոցի երկիրներ:

Աւելի քան հարիւր եւ յիսուն տարբեր ազգութիւններ ու  մշակոյթներ պարունակող այս երկիրները դարձան «մշակութային դպրոց»: Դպրոց մը, ուր սկսայ սորվիլ, որ մշակոյթը կ՛ընդգրկէ ամբողջ մարդկային կեանք մը` իր կենցաղով, արուեստով, ապրելակերպով, հաւատքով ու տակաւին: Սորվեցայ ճանչնալ ուրիշը, անոր ազգային արժէքները, ապրելակերպն ու կենցաղը:

Ուրիշին մշակութային արժէքներուն հետ ունեցած հաղորդակցութիւններուս ընդմէջէն սկսայ սորվիլ եւ արժեւորել իմ ազգային մշակոյթս: Սորվեցայ, որ մշակութային արժէքներու գիտակցութիւնս ճամբայ պիտի հարթէ ուրիշներու արժէքներուն գիտակցութեան: Այս փոխադարձ եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ հասկացողութիւններու համերաշխութիւն մըն է, որ կը ստեղծուի մարդկային կեանքերուն մէջ:

Ընկերաբաններ մշակութային տարբերութիւններ հասկացողութիւնը կը համեմատեն բազմամշակոյթ հաւաքականութեան մը իրականութեան հետ: Մշակութային տարբերութիւնները կը սահմանուին, երբ կան տարբեր մշակոյթներ եւ գիտակցութիւնը` զանոնք ընդունելու, յարգելու, արժեւորելու, քաջալերելու եւ գնահատելու: Մարդ կը սորվի ուրիշէն եւ անոր կեանքին փորձէն ու արժէքներէն: Բազմամշակոյթ երեւոյթը կ՛օգնէ, որպէսզի ուրիշին տեսակէտը յարգենք եւ ընդունինք, նոյնիսկ երբ այդ տարբեր է: Այս գործընթացը կ՛օգնէ, որպէսզի հաւաքականութիւն մը զարգանայ եւ յառաջխաղացք արձանագրէ: Տարբեր մշակոյթներ եւ հաւաքականութիւններ կ՛օգնեն մարդկութեան մտածողութեան զարգացման:

Ահա թէ ինչո՛ւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները հիմնած է հանդուրժողութեան նախարարութիւնը: Անոր գլխաւոր նպատակն է երկրին մէջ ապրող աւելի քան հարիւր եւ յիսուն տարբեր մշակոյթներուն ու ազգութիւններուն միջեւ հաղորդակցութիւն եւ հանդուրժողութիւն ստեղծել, զարգացնել ու պահպանել: Այսօր այս հանդուրժողականութեան քաղաքականութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է այս երկրի յառաջխաղացքին եւ բարօրութեան մէջ:

Հարիւր եւ իննսուն երկիր ու աւելի քան եօթը միլիառ բնակչութիւն կը հաշուէ աշխարհը ներկայիս: Այս պիտի ենթադրէ համաշխարհային համակարգին մէջ ստեղծուած տարբեր մշակոյթները` իրենց հսկայական տարբերութիւններով եւ այլազանութիւններով: Եթէ պիտի ուզենք ստեղծել աշխարհ մը, ուր բոլորս միասին ենք, այս պիտի ենթադրէ այլազանութիւնը եւ տարբերութիւնները յարգել, ընդունիլ եւ պահպանել:

Համիտեան ջարդերէն` սկսած 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ հասնելով Ատանայի ու 1915-ի Ցեղասպանութեան,  հայը տուաւ աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ, կորսնցուց մեծ հողատարածք եւ մշակութային աւանդ: Ատալեան այսպէս կը բացատրէ. «Երբ հայկական հողը դատարկուեցաւ իր ժողովուրդէն, անոր մշակութային բոլոր լծակները` դպրոց, վանք, արուեստի կոթող եւ պատմական վայրերը կործանուեցան օսմանեան կառավարութեան կողմէ: Մէկ տարուան մը ընթացքին հայը կորսնցուց իր երեքհազարամեայ պատմութեան ժառանգը: Հայը կրցաւ պահել միայն այն, որ կու գար իր հաւաքական յուշերէն: Յուշերուն մէջ կային` իր լեզուն, բանաստեղծութիւնը, երգը եւ ողբերգական ճակատագիրը, իմա՛ հայուն եւ իրեն մնացած մշակոյթը»: Ատալեանի յիշատակութիւնը` մշակութային ցեղասպանութիւնը մեծ եւ ցաւալի ու դժբախտ հետեւանք մըն է հայուն կրած այս մեծ ոճիրին: Հայը կորսնցուց: Արդեօք միայն հա՞յը: Հապա միջազգային քաղաքակրթութի՞ւնը:

Ռաֆայէլ Լեմքին կը բացատրէ. «Աշխարհը կը ներկայացուի մշակութային եւ մտաւորական ուժով մը, որուն միջոցով ալ ան ստեղծուած է անոր մաս կազմած ազգային միաւորներու ներդրումովը: Այս իմաստով, ազգի գաղափարը կը հիմնուի, երբ ան կը կառուցուի համագործակցութեան մը վրայով նոյնինքն այս միաւորներու ինքնուրոյն եւ ինքնատիպ ներդրումներու միջոցով եւ իրենց աւանդութիւններու, մշակութային եւ լաւ զարգացած հոգեբանութիւններու մէջէն:  Հետեւաբար ազգի մը ու անոր մշակոյթի ոչնչացումը կը ստեղծէ այն իրականութիւնը, որ աշխարհ կը կորսնցնէ այդ նոյն ոչնչացուած իրականութեան ներդրումը: Այս հետեւողականութեամբ համաշխարհային քաղաքակրթութիւններ իրենց յառաջխաղացքը նուաճած են, երբ ազգային իւրայատուկ մշակոյթներու նկատմամբ եղած է յարգանք եւ գնահատանք: Այս մշակոյթին եւ անոր համաշխարհային քաղաքակրթութեան բերած նպաստը պէտք չէ համեմատել ազգային այլ տեսակի ուժի մը եւ անոր հարստութիւններու հետ»: Լեմքինի տրամաբանութիւնը եւ վերլուծումը յստակ է: Մարդկային կեանքի մէջ ակնյայտ են մշակոյթներու փոխյարաբերութիւնները: Զիրար ամբողջացնող եւ զիրար շաղկապող գործընթացք մըն է, որ կը լիցքաւորէ համաշխարհային համակարգը իր արժէքի գրաւականովը:

Հայը իր սփիւռքեան իրականութիւններուն մէջէն փորձեց վերակենդանացնել իր մշակոյթը: Հայը կերտեց «փոքրիկ Հայաստաններ»: Այս Հայաստաններուն մէջէն հայը կը շարունակէ իր նպաստը բերել համաշխարհային մշակոյթին, նոյնիսկ երբ իր պատմութեան ընթացքին ան չարժանացաւ անոր յարգանքին եւ գնահատանքին: Այս հայուն ապրելու վճռակամութիւնն է, բայց նոյնքան նաեւ իր նպաստը` համաշխարհային քաղաքակրթութեան:

Այսօր տակաւին կը շարունակուի մշակութային ցեղասպանութիւնը: Պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ եկեղեցիներ ու կոթողներ կ՛ոչնչանան: Նախիջեւանէն մինչեւ Ղարաբաղ-Արցախ հայկականը կը քանդուի եւ կամ կը վերածուի ալպանականի: Տակաւին կը շարունակուի սրբապղծութիւնը հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու` Մակարայ վանք եւ Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կառոյցը` բռնագրաւուած Կիպրոսի տարածքին:

Արդեօք որքա՞ն տեղ կը գրաւեն մշակութային ցեղասպանութիւնը եւ անոր կանխարգիլման միջոցառումները միջազգային ընտանիքին եւ անոր համապատասխան կառոյցներուն օրակարգերուն մէջ: Եթէ դրական աշխարհ մը պիտի ուզենք ստեղծել, անհրաժեշտ է յարգել եւ գիտակցիլ իւրաքանչիւր ազգային մշակութային ժառանգութեան, որովհետեւ այդ պիտի նպաստէ համաշխարհային մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան յառաջխաղացքին եւ մէջտեղ պիտի բերէ համերաշխութիւն ու հանդուրժողականութիւն:

Մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի իր ժխտական ու բացասական անդրադարձը ազգային եւ միջազգային ընդհանրական կեանքերուն վրայ: Անհրաժեշտ է, որ միջազգային ընտանիքը շատ աւելի լուրջ եւ անշահախնդիր մօտենայ այս հրատապ հարցին: Քաղաքական վարկածներէ եւ հաշուարկումներէ շատ աւելի վեր պէտք է դասել մշակութային ժառանգութիւնը եւ անհրաժեշտ գործնական քայլեր որդեգրել պահպանելու համար զանոնք:

Ներհայկական ու ազգային մակարդակներու վրայ անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի պետութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը եւ վերահաստատէ մշակոյթի նախարարութիւնը: Մեր ազգային մշակութային հարստութիւնը, իմա՛ փափուկ ուժը, պէտք է պահպանուի եւ պաշտպանուի: Կարելի չէ ներկայ մարտահրաւէրները տնօրինել յանձնակատարի մակարդակի վրայ, ինչ որ է պարագան ներկայիս:

Մեհմետ Ալի Պիրանտ` թուրք լրագրող եւ քաղաքական մեկնաբան, 1984 թուականին «Միլլիեթ» թերթին մէջ կ՛ըսէր. «Հեշտ չհամարէք Հայկական հարցը: Այդ ոչ Կիպրոսի խնդրին կը նմանի, ոչ ալ Եգէական կղզիներու խնդրին: Հարցին տեսանելի մասը թերեւս փոքր է, բայց անտեսանելի մասը մեծ սառցալերան մը նման է, որ իրեն հետ կը բերէ ուրիշ աւելի մեծ եւ կարեւոր խնդիրներ: Այս մեծ հարց մըն է, որուն հաշուեցուցակը շատ ծանր կրնայ նստիլ մեր վրայ»:

«Մեր վրան» կ՛ընդգրկէ թուրքը, բայց նաեւ` բոլորը: Այն, որ ժողովուրդի մը ոչնչացումը պիտի ունենայ իր յետադարձ` եւ ժխտական անդրադարձը նոյնինքն զայն գործադրողին վրայ: Ժխտական անդրադարձ՝ իր կեանքին, մշակոյթին եւ արժանահաւատութեան վրայ, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը իր մարդկային, ընկերային, մշակութային ու պատմական հետեւանքները ունի եւ կը շարունակէ ունենալ ազգային եւ միջազգային լծակներու եւ  դիտարկումներու մէջէն:

Եթէ աշխարհ պիտի աճի, զարգանայ եւ կերտէ համերաշխ ու հանդուրժող կեանք, պարտի յարգել, գիտակցիլ, ընդունիլ եւ պահել տարբեր մշակոյթները: Այլապէս աշխարհ պիտի կրէ հետեւանքները եւ պատասխանատուութիւնը:

Այս պարագային, հայուն մշակութային ցեղասպանութիւնը եթէ հայուն ի վնաս է, բայց նաեւ եւ նոյնքան` աշխարհի:

Մինչ այդ պատմութիւնը կը շարունակէ վկայել, որ մշակութային ցեղասպանութիւնը ունի իր ազգային եւ միջազգային հետեւանքները:

Քուէյթ, ապրիլ 2021

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պահպանենք Սրբազան Կտակը

Յաջորդը

Զգո՛ւշ Ներքին Թշնամիներէն. Հայրենիքը Ամէն Բանէ Վե՛ր Է

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?