ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Պատմական.- Օսմանեան պետութեան քայքայումէն ետք Թուրքիոյ մէջ հիմնական հակադրութիւնը եղած է մէկ կողմէ արեւմտեան, ծովեզերեայ շրջաններու միջին եւ ունեւոր դասակարգի ուսեալ «սպիտակ թուրքերու» եւ միւս կողմէ` յետամնաց գաւառի (թաշրա) միջեւ: «Սպիտակ թուրքեր»-ը իրենց ձեռքին ունէին տնտեսութիւնը (ի մասնաւորի` ճարտարարուեստը), ինչպէս նաեւ` պետական մեքենան: «Սպիտակ թուրք»-երու շահերը կը պաշտպանէր Մուսթաֆա Քեմալի հիմնած ազգայնական կուսակցութիւնը (Ճումհուրիեթ հալք փարթիսի, այսուհետեւ` «Հանրապետական»), որ միահեծան իշխեց մինչեւ 50-ական թուականներ: Այդ բռնապետութեան երաշխիքն էր բանակը, որուն հրամանատարութիւնը ի հարկէ կազմուած էր «սպիտակ թուրք»-երէ: Քաղաքական ընդդիմադիր կուսակցութիւններու բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ընդդիմութիւնը ստանայ կրօնական բնոյթ: Մեծ տարածում գտան մզկիթներու շուրջ կազմուած ճեմաաթները եւ թարիքաթները: Երկրորդը ունի հոգեւոր սուֆի (Sufi) հակում եւ շեշտուած նուիրապետական կառոյց: Նման իրավիճակ կը տիրէր նաեւ կարգ մը արաբական երկիրներու մէջ, ուր զինուորական հարուածով միահեծան իշխանութեան հասած էին ազգայնական եւ «ընկերվարական» լոզունգներ բարձրաձայնող կուսակցութիւններ: Այդ յանգեցաւ ճնշուած, լուսանցքայնացուած մարդոց վրէժխնդիր ՏԱՀԵՇ-ական ուղղութեան:
Ճեմաաթներու գործունէութեան համար պարարտ հող էին մանաւանդ մեծ քաղաքներու շուրջ խռնուած թշուառ հիւղաւանները, ուր կ՛ապրէին գաւառէն քաղաք հոսած անուս, անորակ, գրեթէ անգործ աշխատաւորներու արագ ուռճացող զանգուածները: Ճեմաաթները անոնց կու տային նիւթական նեցուկ եւ «տաք բոյն» մը, այսինքն` պատկանելիութեան եւ ապահովութեան զգացում: Այդ էական էր մանաւանդ Թուրքիոյ անվերջ տնտեսական տագնապներու ընթացքին:
Կրօնական գունաւորումով եղբայրութիւնները ունին երկար անցեալ: Սկսած են մոնկոլական արշաւանքներէ ետք, երբ կը բացակայէր կեդրոնական պետութիւնը, որպէսզի կազմակերպէր ընկերային եւ տնտեսական կեանքը: Ճեմաաթներ, ուրեմն, ունին կազմակերպչական եւ տնտեսական կուտակուած մեծ փորձ: Բացի այդ, ի սկզբանէ քաղաքական դեր խաղացած են ուրեմն եւ ունին նաեւ քաղաքական կեանքի եւ սադրանքներու մեծ փորձ: (Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած եմ) (1):
Ճեմաաթի մատուցած նիւթաբարոյական նեցուկը, սակայն, անփոխադարձ չէ: Անդամները պարտաւոր են հրաժարիլ իրենց անհատական ազատութիւններէն եւ ենթարկուիլ Ճեմաաթի առաջնորդ կրօնականի կամքին: Այս մեծ դեր կը խաղայ ընտրութիւններու ընթացքին: Ճեմաաթներ ունին միահամուռ քուէներու «շտեմարաններ» («պլոք քուէ»): Կամազուրկ մարդոց բազմութիւն` կը նշանակէ ապականած քաղաքական կեանք: Ճեմաաթներ կ՛արգիլեն, որ իրենց անդամը մաս կազմէ արհեստակցական միութիւններու: Ի հարկէ նաեւ` կրօնական բնոյթ չունեցող կուսակցութիւններու: Կ՛ենթադրուի, որ անդամներու թիւը կը կազմէ Թուրքիոյ բնակչութեան առնուազն 7 տոկոսը. հարցախոյզներու արդիւնքը, սակայն, ցոյց կու տայ, որ պատասխանողներուն 6 տոկոսը միայն կը յայտարարէ, որ անդամ է որեւէ Ճեմաաթի կամ թարիքաթի (2): Այդ հասկնալի է, որովհետեւ Ճեմաաթներ կը յատկանշուին (հաւանաբար` պարտադիր) գաղտնապահութեամբ: Պետութիւնը, իր կարգին, ճշգրիտ ամբողջական թափանցիկութիւնը վտանգաւոր կը համարէ երկրի ապահովութեան համար:
Գաւառի տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումը.- Պալքանեան պատերազմներէն ետք սուլթան Համիտ կատարեց բարեկարգումներ, որոնց շարքին` հողի սեփականութեան իրաւունք: Մինչ այդ բոլոր հողերու իրաւատէրն էր սուլթանը: Գաւառներու մէջ սկսաւ կազմուիլ երկրագործական միջին դասակարգ մը: Գաւառի զարգացման երկրորդ, աւելի բախտորոշ շրջանը սկսաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ կուրօրէն ինքնավստահ Հանրապետական իշխանութիւնը 1946-ին արտօնեց այլ կուսակցութիւններու կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ` ազատ ընտրութիւններ: Իսլամական ուժերը շատ արագ իշխանութեան բերին Տեմոքրաթ կուսակցութիւնը, որ տասը տարուան ընթացքին կատարեց մեզ հետաքրքրող առնուազն երկու կարեւոր փոփոխութիւն.
Ա.- Արտօնեց «Իմամ Խաթիպ» կրօնական վարժարանները, որոնք սունկի պէս աճեցան եւ շուտով արտադրեցին մոլլաներու եւ իսլամամէտ քաղաքագէտներու բանակ մը:
Բ.- Բարեկարգումներու ճամբով առիթ տուաւ գաւառի տնտեսական զարգացման:
Սկսաւ գոյանալ միջին դասակարգ մը: Ազատական դրամատիրութեան պայմաններու տակ այդ դասակարգը կայուն չի կրնար ըլլալ: Անոնցմէ տոկոս մը կը կործանի եւ այլ տոկոս մը կը զարգանայ դէպի խոշոր դրամատիրութիւն:
1960-էն ետք սկսան անհատնում տնտեսական տագնապներ, կարճակեաց կառավարութիւններն ու զինուորական հարուածները: Իսլամական ուժերու վերելքին համար ամէնէն նպաստաւոր հարուածը տեղի ունեցաւ 1980-ին: Զինուորական խունթան (junta – բռնակալ զինուորական խորհուրդ) ջախջախեց բոլոր ձախակողմեան ընկերվարական ուժերը: Ձերբակալեց շուրջ կէս միլիոն մարդ: Ոչ ոք գիտէ սպաննուածներու ճշգրիտ թիւը: Վստահաբար` աւելի քան 5 հազար վտանգաւոր նկատուած ընդդիմադիր: Քաղաքական գետնի վրայ մնացին արագ թօշնող հանրապետական (ՃՀՓ) կուսակցութիւնը եւ զանազան պիտակներու տակ գործող իսլամական ուժերը: Խունթան վարչապետ նշանակեց Նաքշիպենտի «տերկեա»-ի անդամ Թուրկութ Էօզալը որ իսլամական երկիրներէն վարար հոսող «կանաչ դրամը», ինչպէս եւ թուրք պետութեան բոլոր գործարքները յանձնեց թաշրայի «վագրերուն»: Պետական ներդրումներու հրապարակուած մասը կը հաշուէր տարեկան մօտ 250 հարիւր միլիառ տոլար: Ծանօթ չէ, թէ այդ «հալալ թալան»-ի անծանօթ մասը որքան էր: Քանի մը տարուան ընթացքին գոյացաւ «սպիտակ թուրք»-երու Թիւսիատի (Թուրք ճարտարարուեստի գործարարներու կազմակերպութիւն) ուժեղ մրցակից մը` «միւսիատը», որուն «մ» տառը իբր թէ միւսթաքիլ (անկախ) կը նշանակէր, բայց բոլորը գիտէին, որ իսկութեան մէջ միւսիւլման կը նշանակէ:

Էօզալ, որուն մեծ յոյսեր կապուած էին որպէս արդիական իսլամ ղեկավար, անակնկալ կերպով մահացաւ: Ոմանք այդ մասին դաւադրական վարկածներ ունին: Անկայուն վիճակը շարունակուեցաւ, որովհետեւ երկու կողմերէն ոչ մէկը ուժի գերակշռութիւն ունէր: Քաղաքական իսլամի հայր նկատուող Նեճմէթթին Էրպաքանի զանազան պիտակներու տակ հիմնած կուսակցութիւնները չկարողացան բաւարար ընդունելութիւն գտնել երկրէն ներս թէ դուրս, որովհետեւ ունէին անզիջող արմատական բնոյթ:
Ոսկեայ առիթ.- Քանի որ սիւննի իսլամը չունէր հեղինակաւոր «կեդրոն», սկսաւ մրցակցութիւն: Ճեմաաթներ կազմեցին տասնեակ մը «միւսիատ»-ներ եւ հիմնեցին հազարաւոր տնտեսական ու ընկերային հիմնարկներ: Հարկ է նշել սակայն, որ կիւլենական ճեմաաթը, որ ունէր յստակ ծրագիր եւ տեսլական, անբաղդատելիօրէն աւելի մեծ էր, քան` բոլոր մնացեալները գումարած: Կը կարծուի, թէ անոր կը պատկանէին ձեռնարկներու մօտ 60 տոկոսը: Ոչ ոք ստոյգ տեղեկութիւն կրնայ ունենալ այս հարցերու շուրջ: Կիւլենի ճեմաաթը իր հաստատած եւ ֆինանսաւորած ուսումնական հսկայ ցանցին մէջ եւ այլուր պատրաստած էր պատկառելի թիւով որակեալ մարդուժ, որոնք տակաւ տեղաւորուած էին պետական մեքենայի, բանակի եւ ոստիկանութեան մէջ:
Կիւլենական ճեմաաթը կը պատկանէր իսլամի «Նուրճի» թեւին, որ հեռու կը մնար քաղաքական առօրեայ կեանքէ եւ քաշքշուքներէն: Կը մշակէր երկարաժամկէտ ծրագիր` տիրապետելու համար տնտեսութեան եւ ընկերային կառոյցներուն: Լայն գործունէութիւն եւ բարեկամութիւններ ունէր նաեւ երկրէն դուրս, յատկապէս թրքախօս երկիրներու հետ: Պարզ է, որ այդ ի վերջոյ պիտի յանգէր իշխանութեան:
Թաշրան ունեցաւ տնտեսական եւ մարդկային գերակայ ուժ, բայց ոչ` զանոնք ներկայացնող եւ ղեկավարող քաղաքական կազմակերպութիւն: Խումբ մը իսլամական դասական հոսանքին պատկանող քաղաքագէտներ ըմբռնեցին, որ ստեղծուած է ոսկեայ առիթ եւ ձեւաւորեցին ճարպիկ կեղծիք մը` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ), որ «արդի», ժողովրդավար եւ հանդուրժող է, բարեպաշտ եւ պահպանողական է, բայց` ազատամիտ եւ այլն, եւ այլն… Կուսակցութեան ցուցափեղկին մէջ կային Կիւլի եւ Տաւութօղլուի նման համալսարանի դասախօսներ եւ այլ յարգարժան կերպարներ: Թատերակը գտաւ մեծ յաջողութիւն երկրէն ներս եւ դուրս: Ենթահողը արդէն իսկ պատրաստ էր մօտ քսան տարի առաջ Էօզալի շրջանէն: Ժամանակակից «մեղմ» իսլամական պետութեան նախատիպը «շուկայնացնելու» համար կրկին հոսեցաւ «կանաչ դրամը»: Այս անգամ` շատ աւելի առատ, քան Էօզալի օրով:
Ակամայ սպաս.- Դրամագլուխներու հոսքին մեծապէս ծառայած էր այն իրողութիւնը, որ ԱԲԿ-ի իշխանութեան հասնելէն տարի մը առաջ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էր ցաւոտ «վիրաբուժութիւն»: Հանրապետական վարչապետ Էճեւիտի կառավարութիւնը Թուրքիա հրաւիրած էր Համաշխարհային դրամատան մէջ երկար փորձ ունեցող հանրապետական Քեմալ Տերվիշը եւ անոր յանձնած` տնտեսական նախարարութիւնն ու լիազօրած, որ կատարէ անհրաժեշտ բարեկարգումները` երկիրը դուրս բերելու համար անվերջ ֆինանսական տագնապներէ: Տերվիշ շուրջ մէկուկէս տարուան ընթացքին յաջողած էր կարգի բերել դրամատուներու աշխատանքը` ի գին կարգ մը հաստատութիւններու սնանկացման: Միջոցառումներուն չեմ ուզեր անդրադառնալ, որովհետեւ անոնք կը պահանջեն տնտեսագիտական իմացութիւն:
Այստեղ էականը այն է, որ ցաւոտ միջոցառումները կատարուեցան Հանրապետակա՛ն կուսակցութեան, այսինքն «սպիտակ թուրք»-երու կողմէ` ի հաշիւ ժողովրդականութեան եւ քուէներու կորուստի: Վիրաբուժութեան բարիքները, սակայն, վայելեց ԱԲԿ-ն, որուն վերագրուեցաւ տնտեսական «հրաշք»-ի իրագործումը:
Կիւլենական ճեմաաթները մեծապէս սատարեցին ԱԲԿ-ի վերելքին: Այս ուղղութեամբ ոչ միայն գործարկեցին իրենց մարդուժը եւ քուէի շտեմարանները, այլ նաեւ զօրակոչի ենթարկեցին իրենց մամուլը եւ հաղորդակցութեան միջոցները: Ի դէպ, կիւլենական շարժումը կանխած էր ԱԲԿ-ն «մեղմ» իսլամի կերպարը գովազդելու ճարպիկ խաղին մէջ, յատկապէս` ի ցոյց արտաքին աշխարհի: Կիւլէն հաւանաբար ԱԲԿ-ի հետ չյայտարարուած դաշինք կնքած էր, որպէսզի աւելի արագ քանդէ «սպիտակ թուրք»-երուն ամրոցները: Այդպէս ալ պատահեցաւ, որովհետեւ ձեռնտու էր երկու կողմերուն համար:
Դէպի մենատիրութիւն.- Սկզբնական շրջանին ԱԲԿ իսկապէս որ ջանաց ցուցաբերել ազատամտութիւն եւ հանդուրժողականութիւն, նոյնիսկ` «զգայուն» հարցերու մէջ, ինչպէս` քրտականն ու հայկականը: Այդ անհամեմատ նախընտրելի էր, քան` «սպիտակ թուրք»-երու վերամբարձ ազգայնականութիւնը, որ կը ձեւացնէր ըլլալ ընկերվարական (3): Խորհրդարանական ընտրութիւններու ընթացքին քրտական (եւ ոչ միայն) քուէները ուղղուեցան դէպի ԱԲԿ, որ այդպիսով ձեռք բերաւ բացարձակ մեծամասնութիւն, ուրեմն եւ` առանձին իշխելու եւ օրէնսդրութեան հնարաւորութիւն:
ԱԲԿ այդ հնարաւորութիւնը լիովին շահարկեց: Տասը տարուան ընթացքին սահմանադրութիւնը փոփոխուած է երեք անգամ: Ամէնէն նշանակալից փոփոխութիւնը նախագահական վարչաձեւի որդեգրումն էր, 2014 թուականին:
Դաշինքի ճաթռտում: ԱԲԿ իշխանութեան հասաւ շնորհիւ լայն դաշինքի մը: Այդ անկիւնադարձային յեղաշրջում մըն էր: Պատմական օրինակները ցոյց կու տան, որ նման իրադարձութիւններու ընթացքին գլխաւոր թշնամին վերացնելէ ետք յեղաշրջող ուժերու աւելի մարտաշունչ թեւը կը հեռացնէ աւելի մեղմ ուժերը ու կը ստանձնէ իշխանութիւնը: Նոյնը պատահեցաւ Թուրքիոյ մէջ: Մարտաշունչ թեւը այս պարագային Էրտողանի շուրջ խմբուած պատեհապաշտ, համեմատաբար անորակ խումբն էր, որուն հեգնանքով կ՛ակնարկէին որպէս փելիքաններու կուսակցութիւն:
Այս խումբին գլխաւոր թիրախը ի հարկէ կիւլենական ճեմաաթն էր, որ աւելի քան բաւարար մարդուժ ունէր իշխանութիւնը ստանձնելու համար: Ունէր նաեւ բաւարար պատրուակ, որովհետեւ ԱԲԿ իշխանութեան հանդէպ դժգոհութիւնը արդէն բարձրաձայնուած էր Կեզիի ցոյցերու ընթացքին եւ` ոչ միայն:
Ապա տեղի ունեցաւ «ձախող պետական հարուած»: Դժուար է հաւատալ, որ հեռատես, խոհեմ եւ կարող կիւլենական շարժումը կրնար այդքան ձախաւեր գործողութիւն ծրագրած ըլլալ: Իրադարձութեան ծալքերը գոհացուցիչ կերպով բացայայտուած չեն: Պարզ է սակայն, որ նենգամիտ Էրտողան մեծ դեր ունեցած է ձախողութիւնը կազմակերպելու մէջ: Ոմանք այդ կոչած էին «հակակշռուած հարուած»: Այս իրադարձութիւններուն նախապէս հանգամանօրէն անդրադարձած եմ (4): Այստեղ կ՛ուզեմ պատկերել ներկայ իրավիճակը:

Կիւլենական ճեմաաթի ծանօթ մասը հեռացուեցաւ պետական մեքենայէն, բանակէն եւ ոստիկանութենէն: Փակուեցան անոր ծանօթ պատկանելիութիւն ունեցող լրատուական միջոցները եւ տնտեսական հիմնարկները: Կիւլենական ճեմաաթի, ինչպէս բոլոր այլ ճեմաաթներու համակիրներու մեծամասնութիւնը կը կազմեն պատեհապաշտներ, որոնք նիւթապէս կ՛օգտուին ընծայուած բարիքներէն. կիւլենական ճեմաաթին պատկանիլը այլեւս ոչ միայն նպաստաւոր չէ, այլ կրնայ նոյնիսկ առաջնորդել դէպի բանտ: Կարելի է ենթադրել, որ այդ մեծամասնութիւնը հեռացած է: Կիւլենական հաստատութեան թողած հսկայ նիւթական ժառանգին համար այժմ կը մրցի փոքր ճեմաաթներու բազմութիւն մը: Այդ նպաստաւոր է երկու կողմերուն համար: Փոքր ճեմաաթներ Էրտողանի իշխանութեան սատար են, չեն կրնար ներկայացնել քաղաքական վտանգ: Անոնք արդէն իսկ դժգոհ էին կիւլենականներէն, որոնք ոչ միայն կը խլէին «պանիրի» խոշորագոյն մասը, այլեւ արհամարհական վերաբերմունք ունէին իրենց հանդէպ: Կրկնութեան գնով կը շեշտեմ, որ պատմականօրէն սիւննի իսլամի ճիւղաւորումներուն միջեւ միշտ բացակայած է համերաշխութիւնը: Այդ մենք կը տեսնենք լիբանանեան փոքր դաշտին մէջ եւս:

Կրօնաշպար ֆաշիզմ.- Կրօնական իշխանութիւնը համատեղելի չէ ժողովրդավարութեան հետ: Այդտեղ միշտ առկայ եղած է խիստ նուիրապետութիւն: Թրքական իսլամի տեսաբան Նեճիփ Ֆազիլ Քըսաքիւրեք (1904-1983) կ՛ըսէ, թէ վարչաձեւը պէտք է յենի ոչ թէ ժողովուրդի, այլ Աստծու վրայ (թրքերէն բառախաղով` «հալքա տէյիլ` հաքքա» Հաքք (ճշմարտութիւն) փոխաբերաբար կը նշանակէ Աստուած): Քըսաքիւրեք կը ջատագովէ հաւատացեալ ղեկավարի մենիշխանութիւնը: Ֆաշական շարժումներ ունեցած են իրենց մենատէր «առաջնորդը» (Հիթլեր, Մուսոլինի, Ֆրանքօ եւ այլն) Գերմանիա` Ֆիւհրեր, Իտալիա` Տուչէ, Սպանիա` Քաուտիյօ, իսկ Թուրքիա` «Պաշեիւճէ» (գլխաւոր-վեհ): Էրտողան բազմիցս հրապարակաւ յայտնած է իր հիացումը Քըսաքիւրեքի… բանաստեղծութեան:
Զինուորական հարուածի բեմադրութեան շրջանին եւ անմիջապէս ետք Էրտողանի համակիրները կազմեցին զինեալ ջոկատներ, որոնց պարտականութիւնն էր ահաբեկել ընդդիմութիւնը: Այդ կը նշանակէ, որ Էրտողան չէր կրնար լիովին վստահիլ ոստիկանութեան եւ բանակին: Այդ հաստատութիւններուն մէջ եւ այլուր հաւանաբար տակաւին կը գտնուէին մեծ թիւով կիւլենականներ: Տեսանելի ջոկատներէն մէկն էր «Ժողովրդային յատուկ շաժումը (Հալք էօզել հարեհեթի HÖH), որուն ղեկավարն էր իր տխրահռչակ որդի Պիլալի կնքահայր Օրհան Ուզուներ): Կային նաեւ անտեսանելի ջոկատներ, որոնք ի հարկին կրնան դառնալ շատ տեսանելի, ինչպէս` կողքի լուսանկարին մէջ տեսնուող պատանգաւոր ահաբեկիչները:
Ժամանակի ընթացքին Էրտողան իր հակակշռին տակ առաւ բանակը, ոստիկանութիւնը եւ դատական կազմը: Էրտողանի հակակշռին տակ է նաեւ լրատուական միջոցներու 90 տոկոսը: Անձնապէս հրաժարած եմ Թուրքիոյ մէջ հրապարակուած նիւթերու հետեւելէ: Այդ այլեւս ժամանակի կորուստ է: Այժմ տեսանելի «պաշիպոզուք» մնայուն ջոկատներ պահելու կարիք չկայ: Անոնք իրենց դերը արդէն իսկ խաղացած են: Ցոյց տուած էին, թէ ինչպիսի՛ արարքներու ատակ է Էրտողանի վոհմակը: Բոլորը գիտեն նաեւ, որ անհրաժեշտութեան պարագային, նման խումբեր շատ արագ կրկին երեւան կու գան: Սարսափի մթնոլորտը անհրաժեշտ է մենատիրութիւնը պահելու համար:
Միջնաբերդի մաքրագործում.- ԱԲԿ-ի հիմնադիր կազմը միակամ եւ համերաշխ չէր: Էրտողան գրեթէ անուս է, մինչդեռ Էրտողան արհեստավարժ քաղաքագէտ էր, ունէր մեծ փորձ` որպէս Պոլսոյ քաղաքապետ: Ունէր պայքարի անցեալ, բանտարկուած էր հրապարակաւ մարտաշունչ իսլամական ոտանաւոր մը արտասանած ըլլալուն համար: (Մինարեթները սուիններն են, մզկիթները` ամրոցներ, եւ այլն): Կիւլ, Տաւութօղլու, Շեներ եւ Հիւսէյին Չելիք համալսարանի դոկտ. դասախօսներ էին, ունէին շատ աւելի մեղմ եւ հանդուրժող մօտեցում: Անոնք եւ նման կիրթ կերպարներ սկզբնական շրջանին գործածուեցան որպէս ցուցափեղկ: Այժմ հեռացած կամ հեռացուած են:
Հորիզոնային.- Հեռացող եւ հեռացուած որակեալ, զարգացած մարդոց հիմնական դժգոհութիւնը, ըստ իս, Էրտողանի անհեռատես, անհորիզոն, փառամոլ քաղաքականութիւնն է:
Ճեմաաթներ ենթակայ չեն պետական եւ կամ արդարադատական (judiciary) հակակշռի: Այդտեղ ոչ գոյ է թափանցիկ հաշուապահութիւն: Մզկիթներու շուրջ կազմուած «Էվքաֆ»-ներ զերծ են տուրքերէ: Միով բանիւ, ճեմաաթներու վարած տնտեսութիւնը «ստուերային» է: Տնտեսագէտ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, թէ կարելի չէ արտօնել, որ տնտեսութեան մեծ մասը ըլլայ ստուերային: Կ՛ենթադրուի, որ պետութեան չյայտարարուած անտեսանելի յատկացումները տասնապատկուած են: Այդ ի վերջոյ կ՛առաջնորդէ աղէտի:
Կան դժգոհութեան այլ պատճառներ: Ճեմաաթի կրօնական (թերեւս` ոչ միայն) ղեկավարներ գործնականօրէն անձեռնմխելի են: Այդ կը չարաշահեն անբարոյ ձեւերով: Կը պղծեն մանուկներ: Մանուկներու հարազատները ընդհանրապէս կը խուսաբին քրէական գործ յարուցելէ: Ժողովուրդին հնազանդութիւնը կ՛ապահովեն նաեւ երկու այլ գործոններ: Գոյ է ճեմաաթներու այսպէս կոչուած անպաշտօն «Մանեւի փոլիս» (հոգեւոր ոստիկանութիւն) (5): Գոյ է նաեւ «թաղամասի ճնշում» (Մահալլէ պասքըսը): Իսլամական իշխանութեան վարկաբեկումը հաշտ աչքով չի դիտուիր (6): Համասեռամոլութիւնը եւ մանկապղծութիւնը (pedophilia) ի սկզբանէ առկայ եղած են կրօնական գունաւորումով «եղբայրութիւններու» աւանդոյթին մէջ: Գայթակղութիւններ կան նաեւ առնչուած Էրտողանի անշնորհ որդիին:
Անցեալ երկու տարիներու ընթացքին տարաձայնութիւններ ծայր տուին, թէ Տաւութօղլու եւ այլ «մեղմ» ղեկավարներ նոր կուսակցութիւն(ներ) պիտի հիմնեն: Բայց այդ ուղղութեամբ ոչ մէկ քայլ առնուեցաւ: Պատճառներէն մին թերեւս ղեկավարներու միջեւ համախոհութեան բացակայութիւնն է: Ըստ իս, աւելի հաւանական պատճառը Էրտողանի ստեղծած սարսափի մթնոլորտն է: Նման քայլ առնող քաղաքագէտը յաջորդ օր կրնայ ձերբակալուիլ որեւէ յերիւրածոյ մեղադրանքով, ի մասնաւորի` «կիւլենական ահաբեկչութեամբ»: Կան բազմաթիւ օրինակներ:
Ընտրական նոր դաշինք.- ԱԲԿ այլեւս ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւն չունի: Պարտադրուած է դաշինք կնքել: Այդ ի հարկէ կարելի չէ հանրապետականներու եւ կամ քրտական «Ժողովրդական» կուսակցութեան հետ: Միակ թեկնածուն Գորշ գայլերու Ազգային շարժումն է (ԱՇ): Պայմանագիրը կը թուի ըլլալ հետեւեալը.
ԱՇ ազատ կը թողու Էրտողանը երկրի ներքին հարցերուն մէջ, պայմանաւ որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ստանայ իր հաւանութիւնը: Քրտական շրջաններու մէջ նորոգուած զինուորական գործողութիւնները, Լիպիոյ, յունական ջուրերու եւ այլ վայրերու մէջ (ներառեալ` Հայաստան) միջամտութիւնները եւ շեշտուած ազգայնական ելոյթները թերեւս կարելի է վերագրել այս պայմանագրին:
Ներքին հարցերու մէջ ԱՇ պաշտպանած է «Միլլի մութապաքաթ» (Ազգային համաձայնագիր) օրինագիծը, որ կը սահմանափակէ արհմիութիւններու եւ այլ կազմակերպութիւններու ընկերային պահանջատիրական միջոցառումները:
ԱԲԿ-ԱՇ դաշինքը դժգոհութիւն յառաջացուցած էր ԱՇ-ի մէջ: Անդամներէն տոկոս մը, Մերալ Աքշեների գլխաւորութեամբ, հիմնեց «Իյի» կուսակցութիւնը: «IYI» տառացիօրէն կը նշանակէ «Լաւ» բայց այդ չէ իսկական իմաստը: Այդ նշանագիրը Էրթուղրուլի պատկանած ցեղախումբի դրօշն էր: Կը տեսնուի վերջերս ազրպէյճանական հեռատեսիլի կողմէ սփռուող` Էրթուղրուլի նուիրուած մէկէ աւելի սերիալներու մէջ: «Իյի» նոյնքան ազգայնամոլ եւ ֆաշիստ է, որքան` մայր «ԱՇ» կուսակցութիւնը: Բաժանումը դրդուած է Պահչելիի եւ Էրտողանի միջեւ կնքուած դաշինքէն:
Խորհրդարանի մէջ ԱՇ ունի 49 աթոռ, իսկ Իյի` 39: Կարելի չէ գուշակել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ 2023 թուի ընտրութիւններու արդիւնքը: Տեղի կ՛ունենան եռանդուն բանակցութիւններ: Կը խօսուի բաղադրատոմսերու մասին, ինչպէս «Ճումհուր իթթիֆաքը» եւ «Միլլեթ իթթիֆաքը»: Այդ կը նշանակէ, որ տակաւին չէ կազմաւորուած յստակ ընդդիմութիւն: Էրտողան ի հարկէ անկիւն մը ձեռնածալ չէ նստած, մօտ ապագային համավարակը պատրուակելով` պիտի առաջարկէ սահմանադրական փոփոխութիւններ: Կէտերը ծանօթ չեն, բայց մեկնելով քաղաքական կացութենէն` կարելի է ակնկալել, որ Էրտողան կ՛առաջարկէ ազատութիւններու սահմանափակում: Ընտրական առաջին փուլին ընտրուելու համար անհրաժեշտ 50 տոկոս պայմանի մեղմացում, որպէսզի ԱԲԿ աւելի դիւրաւ ընտրուի: ԱԲԿ այժմ ունի ձայներու միայն շուրջ 35 տոկոսը: Ընտրական օրէնքը կը ձեւուի ըստ ԱԲԿ ձայներու: Միւս կողմէ` 10 տոկոս պատնէշը կը բարձրացուի, որպէսզի քիւրտեր եւ այլ անբաղձալի տարրեր խորհրդարանի մէջ պատգամաւորներ չունենան: Կարելի է նաեւ օրէնսդրութեամբ փոփոխութեան ենթարկել խորհրդարանի մէջ նահանգները ներկայացնող պատգամաւորներու թիւը:
Դիմակը վար.- Մօտ երկու տասնամեակ առաջ ժամանակակից իսլամական պետութիւն նախատիպար կերտելու ծրագիրը այժմ վարկաբեկուած է, վաճառելի չէ: Եթէ վաճառելի չէ, ապա անիմաստ է այդ ուղղութեամբ ներդրումներ կատարել: «Կանաչ դրամ»-ի հոսքը դադրած է: Չքացած է նաեւ Եւրոպական միութիւն մտնելու հաւանականութիւնը: Ներդրումներու աղբիւրը առ այժմ պարտաւոր է ըլլալ ներքին: Աւելի քան 4 տարի առաջ (29 ապրիլ 2017) Էրտողան կոչ ուղղած էր «անկողինի տակ պահուած դրամները» դուրս բերելու: Փորձած էր նաեւ սիրաշահիլ «սպիտակ թուրքերը»: Ծանօթ չէ, թէ որքա՛ն յաջողութիւն գտած է:
Թուրքիոյ ճարտարարուեստը ուղղուած է դէպի արտածում: Անցեալ 5 տարիներու ընթացքին թրքական լիրան արժեզրկուած է շուրջ 75%: Այդ հաւանաբար կը նշանակէ, որ արտածումի թափը նուազած է: Կ՛ենթադրուի, որ բազմապատկուած է արտաքին պարտքը: Ինչպէս վերը նշեցի, կարելի չէ ունենալ ճշգրիտ տեղեկութիւն:
70-ական թուականներէն ի վեր թրքական պետութիւնը ինքզինք կը դասէ մեծ կայսերապաշտ երկիրներու փոքր գործակիցը: Այդ կը նշանակէ ծաւալողապաշտ քաղաքականութիւն: Նկրտումը անհիմն չէ, որովհետեւ երկիրը ունի զարգացած ենթակառոյց եւ բարձր ճարտարագիտութիւն: Այդ մենք շատ ցաւոտ կերպով յայտնաբերեցինք:
Թուրքիա սկսած էր կրել բարեհամբոյրի դիմակը, որպէսզի Արեւմուտքի կողմէ ընդունելի դառնար որպէս գործընկեր: Այժմ այդ վար առնուած է: Թուրքիա հայեացքը ուղղած է արեւելք, դէպի իսլամական երկիրներ: Պարզ չէ, թէ որքան արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ այդ ուղղութիւնը:
Ո՞ւր թաղուած է շան գլուխը.- Թուրքիոյ հիմնական հարցը ճեմաաթներու զօրակցութեան վրայ հիմնուած վարչակարգն է: Ինչպէս նշեցի, այդ կը նշանակէ, որ տնտեսութիւնը լիարժէք հակակշռի տակ չէ, եւ կարելի չէ տնտեսական ողջմիտ ծրագիր մշակել:
Վտանգուած է նաեւ մարդուժը: Պետական անձնակազմի, համալսարաններու եւ բանակի որակը անկումի մէջ է, որովհետեւ որակեալ կարող անձինք կը փոխարինուին էրտողանական պատեհապաշտ տականքներով: ԱԲԿ չի գործեր որպէս գաղափարապաշտ կուսակցութիւն, չունի առողջ կազմակերպութիւն: Այդ հեռատես ուղղութիւն չէ, որդեգրուած է Էրտողանի իշխանամոլութեան պատճառով: Միւս կողմէ` տիրող սարսափի մթնոլորտին պատճառով ընդդիմութիւնը ատակ չէ կազմակերպուած հաւաստի այլընտրանք առաջադրելու: Անձնապէս գոհ եմ, որ հեռատես որակեալ մարդուժով հարուստ կիւլենական շարժումը փոխարինուեցաւ էրտողանական ապիկար եւ կարճատես անձնակազմով:
————————–
- «Թուրքիոյ մէջ իսլամական հայեցակարգի պատմականը» 2015 ապրիլ բացառիկ:
- Վ. Պոզքուրթ, «Ճեմաաթներու Գաղափարական եւ կազմակերպչական հիմերը», 2018:
- «Հանրապետական կուսակցութիւնը անդամ է ընկերվար միջազգայնականին»:
- Տես «Ելոյթէն տարի մը ետք բեմայարդարումը կը շարունակուի», ՌԱԿ մամուլ 11 յուլիս 2017:
- Նման, թէեւ շատ աւելի վայրագ ոստիկանութիւն կը գործէր նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի իշխած շրջաններուն մէջ:
- Կը պատմեն, թէ ծերունի մը այսպէ՛ս սաստած է բողոքող տղեկ մը. «Լռէ՛, քու յետսամասդ աւելի կարեւոր չէ, քան` մեր բոլորի վարկը»: