Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջուն Հանրագիտարանը Դադրեցաւ Շրջելէ…

April 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ հեռացաւ Մելքոն Տեմիրճեանը, որ մեր իրականութեան մէջ ամբողջական իմաստով երեւոյթ մըն էր:

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ ծանօթացայ ընկերոջ, երբ ստանձնած էի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութիւնը, մինչ հանգուցեալը «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի երաժշտութեան պատմութեան դասատուն էր:

Նոր հաստատուած գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնի պաշտօնին առիթով ան գրած էր նամակ մը, թէ ո՛վ պիտի ըլլար այդ «սուփերմեն»-ը, որ պիտի ստանձնէր պաշտօնը… Լարուած վիճակի մէջ սկսած կապը յետոյ վերածուեցաւ ամէնօրեայ ընկերութեան: Յայտնեմ, որ ընկեր Մելքոնին նամակները երբեմն տասնեակ էջերու սահմանները կ՛անցնէին, որովհետեւ համով֊հոտով կը գրէր, որեւէ մանրամասնութիւն դուրս չէր ձգեր, շունչ ու ոգի կը տեղադրէր:

Այո՛, օրերը անցան, մտերմացանք եւ սուրճի ու երբեմն ալ ճաշի ընկեր դարձանք` հակառակ տարիքի տարբերութեան:

Համազգայինը ընկեր Մելքոնին տունն էր, գիրքը` անփոխարինելի ընկերը, իսկ երաժշտանոցը` առօրեան, աղն ու հացը: Պատմութեան աղբիւր էր, գիտելիքներու շրջող հանրագիտարան, որ դժբախտաբար չկրցաւ ամփոփել իր ամբարած նիւթերը եւ կազմել հատորներ` հակառակ բազմաթիւ առիթներու կատարուած ճիգերուն:

Մտահոգ մարդ էր եւ անհաշիւ հակազդող: Ըսելիքը կ՛ըսէր ու կ՛անցնէր, երբեմն խիստ եւ երբեմն ալ` չափազանցուած, սակայն` միշտ արդարացի եւ հեռատես:

Վերջին տարիներուն մեր ընկերութիւնը սահմանափակուեցաւ քանի մը հանդիպումներով: Միշտ ալ նոյն ընկեր Մելքոնն էր, նոյն ցաւերով ապրող մարդը, որուն էական մտահոգութիւնը իր նմաններուն ճիգերով հիմնադրուած երաժշտանոցին դիմագիծը պահելն էր ու իր զաւակներուն տեղ հասցնելը:

Այսօր ընկեր Մելքոնն ալ չկայ: Էջերով նամակներ գրողը չմնաց: Կ՛արժէ թերթատել նամակները ու յօդուածները («Ծանիր զքեզ» յօդուածաշարք…) եւ կարգ մը հատուածներ դարձնել հանրութեան սեփականութիւնը: Նաեւ կ՛արժէ իր հազարաւոր թերթիկները խմբագրել եւ հատորի մը վերածել:

Տակաւին ընկերը մաքրոպիոթիոքի վարպետն էր, եւ իր գիտելիքներով շատերուն օգտակար դարձած էր ու նոյնիսկ` կեանքեր փրկած:

Գնաց ու մնացին իր թեթեւ ժպիտը եւ ազգային ցաւերով ու ի մասնաւորի Համազգայինով մտահոգուող հայու յուշերը:

Սերունդները լուսաւորող դաստիարակին եւ մշակոյթի ու գիրքերու ծառային հոգին լոյսի մէջ մնայ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 22 Ապրիլ 2021)

Յաջորդը

Այդպէս Ալ Յուսահատիլ Չգիտցար

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.