ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Կողմէ Յակոբ Հաւաթեանին Խօսքը` Արտասանուած Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Ձեռնարկին
Արտասովոր պայմաններու եւ ժամանակներու մէջ հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը: Հաւաքուած ենք հայութեան վերականգնումն ու պահանջատիրական երթը խորհրդանշող այս սրբավայրին մէջ եւ, ականջալուր Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած ուխտատեղիէն լսուող անլռելի զանգակատան ձայնին, եկած ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու հայ ազգի երէկուան եւ այսօրուան նահատակներու յիշատակին: Մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ ու վառ կը մնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ անոր...




















