ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ամէն բանէ վեր դաւանող մեր Սուրբ նահատակները Մեծ եղեռնէն 106 տարիներ ետք, երբ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կարգախօսն է` պահանջատիրութիւն, եւ երբ տակաւին մեր անցեալի վէրքերը չեն դարմանուած, ահաւասիկ վրան կու գայ Արցախի պատերազմը, որ վերջ կը գտնէ հայրենիքի կառավարութեան կողմէ անոր ամբողջական «լքումովը»` թշնամիին, նաեւ արձանագրելով անհամար մարդկային զոհեր:
Լրջախոհ բազմաթիւ քննարկումներէ ետք հեշտ է ըսել, թէ ան, որ այսօր Արցախը կը յանձնէ, կարող է վաղը այլ շրջաններ յանձնել եւ կամ` այլ զիջումներ կատարել: Արդեօք որո՞նք են կարմիր գիծերը, որո՞նք են չխախտուելիք սրբութիւնները:
Այսօր Ցեղասպանութեան 106-ամեայ ոգեկոչման առթիւ, թէկուզ կարճ պահ մը, բայց եկէք անպայման ինքնահայեցողութեան եւ ինքնաքննութեան ճամբով միանանք եւ մենք մեզի հարցնենք` դէպի ո՞ւր:
Արդեօք հայ ազգը` իբրեւ մէկ ամբողջութիւն կը վերանորոգէ՞ իր ուխտը Մեծ եղեռնի նահատակներու պանթէոնին առջեւ եւ կառչած կը մնա՞յ իր պահանջատիրութիւնը: Արդեօք հայ ազգը իր ամբողջ հատուածներով (կը շեշտե՛մ) կը նորոգէ՞ իր ուխտը` յարգելու կտակը մեր նահատակներուն. պատասխանը, դժբախտաբար, բացասական է, եւ այդ մէկը խի՛ստ յստակ: Դժբախտաբար ազգային գոյատեւման հիմնական շատ մը հարցերու շուրջ լուրջ երկփեղկում եւ բեւեռացում կը յառաջանայ հայրենիքի ղեկավարներուն (եւ իրենց շրջապատին) եւ մեր մէջ: Մեր ազգային դաստիարակութիւնը մեզ չի ներեր զանազանութիւն դնել հայ անհատներուն միջեւ, ինչպէս` սփիւռքահայու եւ կարգ մը հայաստանցիներու, բայց թախծութեամբ կ՛արտայայտուիմ, թէ, դժբախտաբար, դառն իրականութիւնը բաւարար ապացոյցներով հաւաստիացուց այդ մէկը:
Այսօր հայութիւնը մատնուած է օրհասական դրութեան մը. կը գտնուինք լինել-չլինելու կացութեան մէջ. ողջ հայութիւնը պէտք է իրազեկ ըլլայ այս իրականութեան եւ պատասխանատու իր ընտրանքներուն մէջ: Կա՛մ մահ, կա՛մ ազատութիւն որովհետեւ այլընտրանք չկայ: Ո՛չ թուրքին առջեւ քծնելու, ո՛չ հայրենիքէն սուրբ հող յանձնելու, ո՛չ կարճատես եւ անհիմն «քաղաքականութիւն» մշակելու պատրաստ ենք. պէտք է ազատինք եւ թօթափենք ստրկական եւ սարսափի հոգեբանութիւնը. որքան այժմէական եւ շիտակ է վեհ Գարեգին Նժդեհի խօսքերէն մին թէ` «Մեր դժբախտութիւնն այն չէ, որ աշխարհում կան թուրքեր, այլ ան, որ կան թուրքանման հայեր»: Այո՛ մեր թշնամին մեր մէջն է…
Ցեղասպանութեան 106-ամեակի յիշատակումով եկէ՛ք միասնաբար վերանորոգենք մեր ուխտը` ամէն բանէ վեր դասելով մեր նահատակները եւ անոնց սուրբ կտակը, բոլորանուէր նուիրածութեամբ անխտիր ծառայենք հայրենիքի հզօրացման: Պատրաստ պէտք է ըլլանք մեր յանձնառու մասնակցութիւնը բերելու ազգաշէն ու հայրենաշէն ծառայութեան, եւ մեր բոլորին մտածումն ու սեւեռակէտը պէտք է դառնայ հայրենիքի պաշտպանութիւնը: Երեք հազարամեայ մեր ազգին պատմութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ մենք գիտենք հայրենիքի համար զոհուիլ, նահատակութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ մեզի համար, Հայոց պատմութիւնը ի՛նք նահատակագրութիւն է: Բայց վա՛յ այն ազգին, որ կը մոռնայ յարգել կտակը իր նահատակներուն, վա՛յ այն ղեկավարին, որ կը մոռնայ յարգել պատգամը իր նահատակներուն, ան արժանի կը դառնայ ամէն տեսակ անէծքի: