«Հնչող Ձայներ»` Արցախի Վերջին Պատերազմին Նահատակուած Հերոսներու Ստեղծագործութիւններու Ժողովածուի Շնորհահանդէս
21 մայիսին «Խնկօ Ապորի» անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Հնչող ձայներ» ժողովածուն, որուն մէջ ներկայացուած են Արցախի վերջին պատերազմին նահատակուած հայորդիներուն ստեղծագործութիւնները: Ժողովածուն կեանքի կոչելու աշխատանքը ստանձնած է Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն, հրապարակախօս Ռուզան Առաքելեան, որ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Այս օրը մեր յիշողութեան...

















