Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղէտի Տագնապ Եւ Ազգային-Քաղաքական Ընտրա՞նք, Թէ՞… Արեւին Տակ Տեղ Գտնելու Կռիւ

Մայիս 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական եւ արագացած պահերէն մին կ’ապրինք: Արեւելք-Արեւմուտք դասաւորումներու մեծ խաղին մէջ, ինչ որ մնացած է Հայաստանէն, կրնայ վերջնականօրէն փուլ գալ, որուն մենք ալ մասնակից-մեղսակից կ’ըլլանք, եթէ շարունակենք մեր «փոքրիկ ածուն» զանազան ձեւերով եւ իրարու բախող բազմաթիւ խոփերով հերկել, դարձնել անմշակ, անպէտք:

Հայաստան աւելի քան երբեք վտանգուած է` որպէս պետութիւն եւ որպէս տարածքային ամբողջականութիւն, բայց կարծէք ոչինչ պատահած է, ոչինչ կը պատահի, ներազգային պայքար կը խաղանք: Դեռ չեմ խօսիր անոնց մասին, որոնք մեր ժողովուրդի դէմ եղած անարդարութիւնները կ’արդարացնեն:Որոշուած ընտրութեան նախօրեակին, քաղաքական բեմին վրայ կուսակցութիւններու (տասնեակներով), դաշինքներու, անհատական բազմապատկուող փառասիրութիւններու, պարտութեան եւ անձատուութեան ողբերգութեան գիտակցուող-անգիտակից դիպաշարներով (սցենար) չզուարճացնող նկարահանումներ (սերիալներ) կը խաղցուին:

Չեմ խօսիր ներսի եւ դուրսի «խաղաղասէր»-ներու փղոսկրեայ աշտարակի մէջ նստած իրաւարարի սուլիչով խաղցողներու մասին:

Կարծէք` ինչ որ պատահեցաւ եւ կը շարունակէ պատահիլ, մեզի չի վերաբերիր, հեռու տեղ մը գտնուող ժողովուրդի պատմութիւն կը գրուի, որուն հայրենիքը կը ծուատուի, որուն կը պարտադրուին մշակութային եւ բարքերու այլասերման կանոններ, եւ մենք կրնանք անտարբեր հանդիսատեսի պէս դիտել, չհակազդել եւ կոտորակուիլ: Մանաւանդ «նախկիններուն» դէմ ըլլալու համար անարդարանալին կը ծափահարենք:

Ընտրական-փառասիրական խաղին անձնատուր, մէկ կամ երկու անձերու շուրջ կազմուած խմբաւորումները, որքան ալ իմաստուն ծրագիրներ ունենան, իրատես եւ անկեղծ հաշուարկը պէտք է ընեն իրենց ստանալիք ձայներուն, որոնք եթէ բաւարար չըլլան յաջողութեան եւ ընտրուելու, պիտի ցրուին եւ ծառայեն անոնց, որոնց դէմ կ’ուզէին պայքարիլ, փոփոխութիւն իրականացնել: Աւելի պարզ խօսելով, զանազան խմբաւորումները (յաճախ կուսակցութիւն բառը պերճանք է զանոնք բնորոշելու համար) ազգային գիտակցութեամբ եւ քաջութեամբ ինչո՞ւ երկխօսութեամբ պիտի չքննեն, թէ ի՛նչ բան զիրենք իրարմէ կը հեռացնէ, ի՛նչ բան զիրենք իրարու կը մօտեցնէ, եւ չճշդեն, թէ իրենց տարբերութիւնները անհաշտելի՞ են եւ արգե՞լք են միաճակատ ներկայանալու ժողովուրդի դատին:

Ընտրութեան մասնակցելու պատրաստուող կուսակցութիւնները եւ դաշինքները մտահան պէտք չէ ընեն այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ պահանջուեցաւ ընտրութիւն կազմակերպել եւ ինչո՞ւ իշխանութիւնը որոշեց այդ ընել: Բազմաթիւ չեն պատասխանները. պահե՞լ նոյն իշխանութիւնը եւ շարունակե՞լ նոյն քաղաքականութիւնը, թէ՞ իրականացնել իշխանափոխութիւն:

Իշխանութիւնը պահելու եւ նոյն քաղաքականութիւնը շարունակելու համար տարբեր կարծիքներ չկան: Եթէ քաղաքականութիւնը փոխուած տեսնելու համար բազմաթիւ տեսակէտներ կան, այդ կը յառաջացնէ նպատակէ շեղում եւ կը ծառայէ իշխանութեան պահպանման: Իւրաքանչիւրը իր զանգակատան շուրջ խմբուելով` իր հետապնդած նպատակի հակառակ ուղղութեամբ կը գործէ: Ընտրութեան վաղորդայնին պէտք չէ քննադատել իշխանութիւնը, եթէ ան հանդէս գայ ամրապնդուած դիրքով, այլ` բոլոր անոնք, որոնք փոփոխութիւն կ’ուզէին, իշխանութիւն կը քննադատէին: Ի՞նչ բանի առարկայական նեցուկը, դաշնակիցը դարձած պիտի ըլլան կոտորակներով ընտրութեան մասնակցողները:

Սկզբունքային հարցումին պէտք է պատասխանեն հարիւրեակ մը կուսակցութիւնները, անոնցմէ եւ անոնցմով կազմուած-կազմուող դաշինքները. ինչո՞ւարտահերթ ընտրութիւն: Դուն գնա՛ ես գամ է նպատա՞կը, թէ՞ ազգային քաղաքական հիմնական ընտրանք:

Կազմուող դաշինքները, անհատի նախաձեռնութեամբ` որպէս կուսակցութիւն ստեղծուող խմբաւորումները յստակօրէն պէտք է դիրքորոշուին նպատակին յարաբերաբար եւ կոտորակումներով փոփոխութեան ձգտումը չշեղեցնեն իր նպատակէն:

Խորհրդարանական ընդդիմադիր երկու խմբաւորումները ցարդ ոչ մէկ համախոհութեան կրցած են յանգիլ: Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ Քոչարեանի շուրջ կազմուած դաշինքը իրենց ուրոյն ցանկերով պիտի մասնակցին ընտրութեան, դաշինքներու թիւը դեռ յայտնի չէ: Բազմաճակատ ընդդիմութիւնը խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունենալու կրնա՞յ յաւակնիլ, երբ իշխանութիւնը հրապարակ գայ կայունութեան եւ ապահովութեան կարգախօսով:

Հայաստանի քաղաքական գործիչներէն Հրանտ Մելիք Շահնազարեան ընդվզումով կը խօսի երկրին մէջ տիրող կացութեան մասին: Կը մէջբերեմ. «Էս ո՞ւր ենք հասել, երբ բանակի փոխարէն մամուլն է պահում երկրի սահմանները: Էս ո՞ւր ենք հասել, երբ մամուլն է միայն մօտ երեք տարի կռիւ է տալիս նաեւ ներքին թուրքի դէմ: Էս ո՞ւր ենք հասել, որ միասնական ժողովրդի փոխարէն միայն մամուլն է մտածում այս երկրի անվտանգութեան եւ վաղուայ օրուայ մասին»:

Պետութեան բացակայութիւն եւ ղեկավարութեան վարած քաղաքականութեան անհասկնալիութիւն: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդուի յաջորդական զիջումներով:

Մի՞թէ այնքա՜ն հեռու են այն օրերը, երբ ժողովուրդը, խորհրդային կարգերու տակ անգամ, երբ պատահած էր Սպիտակի երկրաշարժի աղէտը, հարիւր հազարներով ոտքի կը կանգնէր ազգի իրաւունքին տէր կանգնելու համար: Նոյն ժողովո՞ւրդն է, որ այսօր ոտքի չի կանգնիր եւ չի դիմէր ինքնապաշտպանութեան, տէր չի կանգնիր իր բզկտուող հայրենիքին:

Մօտաւոր անցեալին իրաւունքի պաշտպանութեան համար ոտքի ելած զանգուածները մէկ էին, խիտ շարքերով: Այսօր հայրենիքի վերականգնումին եւ պաշտպանութեան համար պահանջ ունեցողները ընտրութեան պիտի երթան տասնեակներո՞վ դրօշներու տակ:

Դեռ կրնայ պատահիլ անսպասելին: Մեկնելով կացութեան հրատապութենէն` լուծուած Ազգային Ժողովը կը հաւաքուի եւ ինքնիրեն իրաւասութիւն կու տայ ռազմական արտակարգ վիճակ յայտարարել: Այդ պարագային կ’առկախուի արտակարգ ընտրութիւն կատարելու որոշումը: Բայց ինչպէ՞ս լուծուած խորհրդարանը այդքան կարեւոր որոշում մը կրնայ կայացնել:

Այս անհեթեթութիւնը կ’ըլլայ կրկնութիւնը վարչապետի եւ իր կառավարութեան հրաժարումէն ետք, որպէս պաշտօնակատար` իշխանութիւնը շարունակելու, ինչպէս երէկ: Երկրի դիմագրաւած խիստ վտանգաւոր կացութիւնը եւ բացորոշ պառակտուածութիւնը պէտք էր պարտադրէր Ազգային փրկութեան կոմիտէի կամ կառավարութեան մը, կամ կողմերէն վեր նման իշխանութեան մը ստեղծումը:

Երբ քննադատութեան թիրախ իշխանութիւնը կը հրաժարի առիթ տալու համար ազատ եւ հաւասար պայմաններու մէջ ընտրութիւն իրականացնելու, առանց որ մէկը կամ միւսը օգտուի, շահագործէ պետական կառոյցները եւ միջոցները, այդ իշխանութիւնը չի կրնար հսկող եւ իրաւարար ըլլալ: Հետեւաբար, եթէ իշխանութիւնը ընտրութեամբ ինքզինք օրինականացնէ, միշտ վիճելի պիտի ըլլայ, պիտի քննադատուի իշխանութեան լծակներու չարաշահման համար:

Այս պայմաններուն մէջ, եթէ ընտրութիւնը կայանայ անգամ, ոչ մէկ ապահովութիւն կայ, որ Հայաստան դուրս պիտի գայ փակուղիէն:

Իսկ եթէ յանկարծ ընտրութիւնը չկայանայ…

Եւ անվարան պէտք է խօսիլ, նաեւ այս պարագային, սփիւռքի մասնակցութեան եւ դերի մասին:

Արդեօ՞ք Հայաստանի տիրութեան իրաւունք եւ պարտք չունի նաեւ հայկական տասնհինգ միլիոնը: Թղթածրար, զոր միշտ պէտք է բաց պահել:

17 մայիս 2021, Նուազի-լը-Կրան

 

 

Նախորդը

44 Տարիներ Առաջ. «Ազդակ» Օրաթերթի Առաջին Մարզական Թղթակցութիւնս

Յաջորդը

Ակնարկ. Սպասելով Սրբազան Խենթերուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?