Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բագին»-ի Խմբագրական (Կ. Տարի, Թիւ 1-Մարտ 2021)

May 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէ՞ս ապրիլ սփիւռքեան ինքնութիւն մը: Ինչպէ՞ս կիսել զայն ու փորձարկել: Ահաւասիկ` հարցումներ, որոնք, ընդհանուր ըլլալով հանդերձ, կ՛առնչուին բոլորիս կեանքերուն, երբ կը փորձենք ապրիլ ու մեր կեանքերը բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ` հայրենիքէն ներս ու հայրենիքէն դուրս: Կարելի է ըսել նաեւ` լեզուէն ներս ու լեզուէն դուրս, որովհետեւ լեզուն ինքն ալ հայրենիք մըն է, որուն մէջ մարդիկ կ՛ապրին ու կը ստեղծագործեն: Հոն, ուր լեզուն ու հայրենիքը կը համընկնին, հարցերը նուազ բարդ կը թուին ըլլալ, առնուազն` երեւութապէս: Սակայն ընդունինք, որ շատերուս համար հարցերը այնքան ալ պարզ չեն միշտ, մանաւանդ երբ կ՛ապրինք ու կը ստեղծագործենք մէկէ աւելի լեզուներու մէջ` միաժամանակ: Լեզուները կը հրմշտկեն զիրար, ու ինքնութիւններ կու գան բարդուիլ մէկը միւսին վրայ ու մէկը միւսին զուգահեռ, ու կը դառնանք բազմակի ինքնութիւններով շնչող անհատներ ու զանգուածներ, ամէն անգամ լեզու փոխելուն` նաեւ ինքնութիւն փոխող: Այս բոլորը գուցէ կը խճողեն մեր ինքնագիտակցութեան բաւիղները, սակայն միաժամանակ զայն կը դարձնեն անհամեմատ աւելի ճոխ ու հարուստ:

Բազմամշակութայնութեան այս փորձառութիւնը յաճախ երաժշտութեան մէջ է, որ կը գտնէ իր լաւագոյն արտայայտութիւնը, երբ երաժշտական ոճեր ու աւանդութիւններ կը միաձուլուին ու ծնունդ կու տան նորանոր ժանրերու: Ի. դարու երկայնքին ծաղկած երաժշտական արտադրութիւնը հոյակապ օրինակներ տուած է այս ծիրէն ներս, մանաւանդ` ճազային երաժշտութեան ծնունդով ու զարգացման ընթացքով: Երաժշտութիւնը, ըլլալով միջազգային լեզու, լեզու մը, որ անդին է անջատ բարբառներու բաբելոնեան խառնիճաղանճէն, կարելիութիւն կ՛ընձեռէ պարփակելու մարդկային փորձառութեան լայն աղեղը, ներառեալ` սփիւռքեանը: Կ՛ապրինք նաեւ որպէս երաժշտական արարածներ, մօր արգանդէն սկսեալ կը ներծծենք զայն մեր շրջապատէն ու կը ստեղծենք ամէն մէկս ինքնիր երաժշտութիւնը` նախասիրութիւններու, կարօտներու, սէրերու ու պայքարներու արտացոլումներով: Կը ժառանգենք զայն տունէն ու ակումբէն, փողոցէն ու ձայնասփիւռէն ու անոր միջոցով կը բաժնենք մեր սէրերն ու ըղձանքները: Անոր ելեւէջները մեզ կը կապեն մեզի նմաններուն հետ, կը հաւաքեն մեզ մէկ զարկով ու կշիռքով հնչող դաշնութեան մը օղակէն ներս, ու հայելացումով կը սկսինք տեսնել մենք մեզ ու կերտել ինքնութիւն մը, որ մերն է ու համայն` միաժամանակ: Անահիտ Գասապեանի գրութիւնը այդ փորձառութեան ընդերքը կը փորձէ հնչեցնել` երաժշտական աւանդութիւն մը մատնանշելու ու կիսելու գործողութեան ընդմէջէն: Որովհետեւ, ինչպէս գիրն ու լեզուն, երաժշտութիւնն ալ պարունակ կրնայ հայթայթել սփիւռքեան փորձառութեան մը ծաղկումին ու արտայայտութեան` անով իսկ ստեղծելով ինքնութիւն մը փորձարկելու ու ապրելու հնարաւորութիւնը:

Նախորդը

Արհեստագիտական Նորարարութիւններ

Յաջորդը

Վերադարձը

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.