Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

44 Տարիներ Առաջ. «Ազդակ» Օրաթերթի Առաջին Մարզական Թղթակցութիւնս

May 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Վերնագիրը եւ կցուած նկարը վերյիշումի առիթ մը եղան այդ օրերուն թղթակցութիւն պատրաստելու եւ թերթին հասցնելու երեւոյթի մասին:

1975 թուականի 22 ապրիլի «Ազդակ» օրաթերթով առաջին անգամ յայտնուած եմ որպէս մարզական թղթակից. Հալէպի ՀՄԸՄ-ի փառքի օրերն էին, սակայն այդ փառքն ու յաղթանակի ուրախութիւնը կը մնար իր սաղմին մէջ: 1971-ին «Ազդակ» եւ լիբանանահայ պաբերական մամուլի ընտանիքի այլ անդամներ պաշտօնապէս մուտք կը գործէին Սուրիա, Դամասկոսէն` Հալէպ, Լաթաքիա, Քեսապ մինչեւ հեռաւոր Գամիշլի:

Մարզադաշտի խանդավառութիւնը կամ, պարտուելու, պարագային տխրութիւնը, կը հասնէր ՀՄԸՄ-ի ակումբ եւ Պարտէզ` յաջորդող օրերուն զրոյցի նիւթը դառնալով մարզասէրներուն:

Տեղական մարզական մամուլի ընտանիքի 3-4 շաբաթաթերթերու գլխաւոր վերնագիրներէն էր ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերուն լուրերը, որոնք մեր կողմէ փնտռուած էին ընդհանրապէս:

Շուրջ կէս դար առաջ էր, որ թուղթն ու մատիտը գլխաւոր միջոցներն էին մտածումներդ եւ նկարագրութիւններդ հանրայնացնելու,  դարձնելու, սակայն անկէ անդին… Հիմա որ նստած կը գրեմ ստեղնաշարի վրայ, վայրկեաններ ետք կոճակներ կոխելով, ընկերային ցանցերու միջոցով գրածդ հասանելի կը դառնայ հազարաւորներու` Ճափոնէն մինչեւ Ալասքա, կամ` թերթի խմբագիրի պաստառին, որ իր նշումները կատարելէ ետք կը յանձնէ մամուլին` ժամերու ընթացքին հասնելով առաւօտեան  սուրճի գաւաթի դէմ նստած թերթի դասական ընթերցողներուն:

Անկէ անդին` կար հեռագիրը լատինատառ, հաղորդակցութեան նախարարութեան յատուկ գրասենեակէն, վճարումը` տառերու քանակին համապատասխան, որ սկսնակ թղթակիցի մը եւ ուսանողի մը համար կը մնար խորթ:

Պէտք էր հարց տալ, թէ այդ օրերուն ո՞վ Պէյրութ կը մեկնի եւ տրամադիր է այս փոքրիկ պահարանը հասցնել «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, կամ «Սարդարապատ» ակումբ:

Հալէպի Ապպարայի «Սալամ» ճամբորդական գրասենեակի հայ վարորդներէն ոմանք, մարզասէր ըլլալով, երբեմն սիրայօժար կը կատարէին այդ պարտականութիւնը, յաւելեալ ճիգով մը պահարանին վրայի թիւին` «Ազդակ»-ի խմբագրատուն հեռաձայնելով:

Անկէ անդին` խմբագիրի եւ սրբագրիչի գրասեղանէն դէպի  կապարի եւ տողաշարութեան աշխատանքը, նկարին զինկոկրաֆ քլիշէի պատրաստութիւնը օրերու հարց էր, եւ շաբաթ մը ետք կարդացուած լուրը «թարմ» կը նկատուէր, յատկապէս` Լիբանան հաստատուած սուրիահայերու համար:

Առաջին այս թղթակցութեանս մրցումին թուականը կը զուգադիպի լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի պայթումի օրուան` կիրակի 13 ապրիլ 1975, այդ օրերուն լիբանանահայութեան թիւը կը հասնէր երկու հարիւր հազարի, իսկ սուրիահայութիւնն ալ հարիւր հազար էր:

Երնէ՜կ այն օրերուն…

Ժընեւ

 

Նախորդը

Այնթապցի Պալապան Խոճայի Կեանքն Ու Կենսագրական Գիծերը

Յաջորդը

Աղէտի Տագնապ Եւ Ազգային-Քաղաքական Ընտրա՞նք, Թէ՞… Արեւին Տակ Տեղ Գտնելու Կռիւ

RelatedPosts

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…
Անդրադարձ

«Դող` Սիրտը Գող». Երբ Սէրը Դուռը Կը Շփոթէ, Իսկ Ամուսինները` Իրար…

October 14, 2026
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին
Անդրադարձ

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ Եւ Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի` Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեան Արժանացաւ Սաւոյաց Արքայական Տան «Հոգեւոր Ապայ»-ի Բարձր Կոչումին

October 14, 2026
Ապրուած Օրեր. Ը.  Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Ը. Աղեքսանդրիոյ Փոքր Հայաշխարհը

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.