Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցոլակ Թիւթէլեան` Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին Մասին

Մայիս 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան տագնապը ամբողջովին անսպասելի չէր մեզի համար: 1973-ին, երբ  լիբանանեան օդանաւերը պաղեստինեան գաղթակայանները ռմբակոծեցին, արդէն տագնապին կարգ մը նախանշանները ի յայտ եկան: Օրին, քաղաքական մեր բազմակողմանի կապերուն շնորհիւ մենք անդրադարձանք, որ անբնական եռուզեռ մը կայ, սակայն ոչ ոքի մտքէն անցաւ, որ նման տարողութեամբ տագնապ մը կրնայ պայթիլ:

Ապրիլ 1975-ի դէպքերը ցնցեցին բոլորս եւ ստիպեցին, որ շարժինք շատ արագ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներուն հետ միացեալ նիստերու ընթացքին քննեց ստեղծուած կացութիւնը եւ ապահովական վատ կացութիւնը նկատի ունենալով` որոշեց աշխատանքներու ղեկավարումը  կատարել երեք տարբեր ակումբներէ.- «Երեւանեան» (Պէյրութ), «Սարդարապատ» (Պուրճ Համուտ) եւ «Աղբալեան» (Անթիլիաս): Շաբաթը անգամ մը, եթէ կարելիութիւն ըլլար, Կեդրոնական Կոմիտէի անդամները կը հաւաքուէին «Երեւանեան» ակումբ, ուր կը քննէին շաբթուան անցուդարձները եւ կը ծրագրէին յաջորդ շաբթուան քայլերը:

Պէտք է խոստովանիլ, որ դէպքերու սկիզբը մենք գտնուեցանք բաւական լուրջ փորձաքարի դիմաց: Մէկ կողմէ քրիստոնեաները չէին կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէ՞ս քրիստոնեայ համայնք մը համաձայն չի կրնար ըլլալ իրենց դիրքորոշումին: Անոնք ունէին համադաշնակցային Լիբանանի մը պատկերացումը եւ անխուսափելիօրէն մեզ կ՛ուզէին տեսնել քրիստոնէական իրենց canton-ին մէջ: Անոնց  համար Լիբանանի ճգնաժամային օրերն էին: Լիբանանի գոյութեան հարց կար եւ չէր կրնար ըլլալ, որ իրենց շրջաններուն մէջ բնակող քրիստոնեայ որեւէ հաւաքականութիւն իրենց հետ չըլլայ:

Միւս կողմէ, պաղեստինցիները եւ իրենց զինակից որոշ կազմակերպութիւններ կը ջանային հայրենիք մը վերականգնել ուրիշ հայրենիք մը քանդելու գնով: Անոնք իրենց համար գործունէութեան դաշտ կը փնտռէին եւ յաճախ այդ մէկը կը փորձէին գտնել քրիստոնեայ ուժերու անմիջական դրացնութեան մէջ եղող հայահոծ թաղամասերուն մէջ, ուրկէ կարելի էր շատ դիւրութեամբ հարուածել իրենց հակառակորդները:

Մեզի համար սակայն հարցը բոլորովին տարբեր էր: Մենք կը հաւատայինք, որ եղածը Լիբանանի գոյութեան պայքար չէ, այլ ստեղծուած կացութիւն մըն է, ուր արտաքին որոշ ուժեր համայնքները իրարու դէմ հանելով` կը ջանան պաղեստինցիներուն երկրորդ հայրենիք մը ապահովել: Եղածը ուրիշներու կռիւն էր Լիբանանի մէջ: Հետեւաբար, պէտք էր շրջահայեաց ըլլալ եւ դէպքերու զարգացումը լիբանանեան նեղ շրջագիծով չդիտել: Լիբանանի մէջ կային մեծաթիւ սուրիահայեր, որոնք ունէին կեցութեան հարցեր: Առաւել, Սուրիոյ եւ դրացի արաբական երկիրներուն մէջ մենք ունէինք հայկական գաղութներ, որոնց կացութիւնը պէտք չէր որեւէ ձեւով վտանգել անխոհեմ քայլերով:

Այս մօտեցումով, ՀՅԴ Բիւրոյին հետ համագործակցաբար, օրուան Կեդրոնական կոմիտէն կ՛որոշէր առաջնորդուիլ միջին արեւելեան մեր քաղաքականութեան մտահոգութիւններով եւ «դրական չէզոքութեան» սկզբունքով` մաս չկազմել հարցերը բռնամիջոցով լուծել ուզող կողմերուն:

«Դրական չէզոքութեան» սկզբունքը որդեգրելը չէր բաւեր սակայն: Հարկ էր ամէն գնով պահպանել- պաշտպանել զայն եւ ամէնէն առաջ առիթ չտալ, որ կողմերը հայահոծ մեր թաղերը մուտք գործեն եւ հոնկէ իրարու հարուածեն: Պէտք էր նաեւ ուշադիր ըլլալ, որ զանազան հարցեր օգտագործելով` կողմերը մեզ իրենց հոսանքին  հետ չտանին եւ յանկարծ մենք մեզ դաշնակիցի կամ թշնամիի դիրքին մէջ չգտնենք:

Դժուարին այս պայմաններուն մէջ ահաւասիկ տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի ինքնապաշտպանութիւնը: Պուրճ Համուտը կարեւոր հանգոյց մըն էր Պէյրութ – Լեռնալիբանան – Հիւսիս ճամբաներու եռանկիւնին վրայ եւ, բնականաբար, ան թիրախ պիտի դառնար զանազան ձեւի ոտնձգութիւններու եւ հակահայ գրգռութիւններու: Հակամարտ կողմեր Պուրճ Համուտը ազատ անցք մը պիտի կարծէին հակառակ կողմին վրայ յարձակելու համար: Ոմանք, յատկապէս քրիստոնեայ կարգ մը խմբաւորումներ, Պուրճ Համուտը երկրորդ նաւահանգիստ մը պիտի նկատէին եւ իրենց ախորժակները պիտի սրէին յարմար առիթին տէր դառնալու համար անոր վաճառականական շուկային:

Նման երեւոյթներու առաջքը առնելու համար, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ձեռնարկեց Պուրճ Համուտի ինքնապաշտպանութեան գործին  եւ շուտով ստեղծուեցաւ այնպիսի կացութիւն մը, ուր յայտնի չէր, թէ ո՞վ է պահակ տղան, ո՞վ է կոմիտէի ընկերը եւ ո՞վ է Բիւրոյի անդամը: Ակումբներու մէջ բոլորը միաձուլուեցան իրարու: Պահ մը պահակ տղաքը Բիւրոյի անդամներուն հետ նարտ կը խաղային, իսկ  պահ մը ետք, երբ ռմբակոծում սկսէր, տղաքը կ՛երթային վիրաւորներու օգնութեան հասնելու, իսկ Բիւրոյի ընկերները` իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու:

Ինքնապաշտպանութեան գործին իր կարեւոր նպաստը պիտի բերէր Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը: 1975-ին ԼԵՄ-ը նոր հիմնուած էր եւ տակաւին կը գտնուէր որոշ խարխափումի մէջ: Երբ դէպքերը ծայր տուին, երիտասարդականի տղաքը իրենք զիրենք գտան ինքնապաշտպանութեան պատնէշի վրայ, ուր անսահման նուիրումով կատարեցին իրենց վստահուած բոլոր պարտականութիւնները: Որոշ  ժամանակ ետք, ԼԵՄ-ական տղոց եկաւ միանալու համակիր մեր երիտասարդութիւնը, որ ինքնապաշտպանութեան բնական բնազդէն մղուած` բոլորուեցաւ մեր ակումբներուն շուրջ, շաղուեցաւ ԼԵՄ-ական- կուսակցականներուն հետ եւ ի հարկին չվարանեցաւ գերագոյն զոհաբերութիւններ կատարելու:

Լիբանանեան տագնապի 15 տարիներուն, լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ շատ դժնդակ օրեր, սակայն շնորհիւ իր դիմադրականութեան եւ սփիւռքեան այլ գաղութներու նիւթական եւ բարոյական նեցուկին, ան տոկաց եւ դիմացաւ ամէն ձեւի դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու: Մեր պատմութեան մէջ հազուադէպ երեւոյթ է, որ վաճառականներ սիրայօժար կերպով իրենց բանալիները յանձնեն ոեւէ մէկուն: Տագնապի օրերուն, Պուրճ Համուտի հայ վաճառականները իրենց խանութներուն բանալիները յանձնեցին շրջաններու կոմիտէներուն, որպէսզի երբ կարիքը զգացուի` անոնք բանան իրենց խանութները եւ ժողովուրդը անօթի չձգեն:

Բարեբախտաբար, մենք սննդամթերքի պակաս գրեթէ չունեցանք, սակայն շատ սուր կերպով ունեցանք վառելանիւթի տագնապ: Պատերազմի սկզբնական տարիներուն, քրիստոնեայ զինեալ խմբաւորումներ վառելանիւթը կ՛օգտագործէին իբրեւ մեր վրայ ճնշումի միջոց: Անոնք կը մերժէին մեզի վառելանիւթ հայթայթել, այնքան ատեն որ մենք չէինք կողմնորոշուեր իրենց ի նպաստ: 1975-1979, Պեշիր Ժեմայել յաճախ կը կրկնէր, որ «Եթէ ամբողջ այս ծովը վառելանիւթ ըլլայ, կաթիլ մը անգամ չենք տար ձեզի…»: Մեր պատասխանը կ՛ըլլար. «Դուք մեզմէ աւելի լիբանանցի չէք եւ կու գայ օրը, երբ անպայման կու տաք մեզի»:

Դէպքերու հոլովոյթը այնպէս մը ընթացաւ, որ 1979-ին մենք Պեշիր Ժեմայելի հետ յանգեցանք որոշ իրաւախոհութեան եւ Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մէջ կնքեցինք համաձայնութիւն մը (ճիշդ շաբաթ մը ետք ակումբին մէջ պատահած տխուր դէպքէ մը ետք. փաղանգաւորները վար առած էին Դաշնակցութեան երրորդութեան նկարը եւ տեղը դրած էին Փիեռ Ժեմայելի նկարը…): Հազիւ այս համաձայնութիւնը կնքուած, ՀՅԴ – Պեշիր Ժեմայել յարաբերութիւններու բարելաւումէն դժգոհ` այս անգամ հակահայ գրգռութիւններու ձեռնարկեցին Ամին Ժեմայելի հակակշիռին ենթակայ փաղանգաւոր ուժերը: Խորքին մէջ, Պեշիրի եւ Ամինի ուժերը սուր եւ լուռ հակամարտութեան մէջ էին իրարու հետ, ինչ որ յաճախ իր անդրադարձը կ՛ունենար նաեւ մեր վրայ:

Նոյն օրերուն կար նաեւ տամուրցի փաղանգաւորներուն հարցը: Տամուրի գրաւումէն ետք, շրջանի քրիստոնեաները եկած եւ հաստատուած էին Արագածի հանդիպակաց թաղերուն մէջ: Անոնց մէջ կային բաւական անզուսպ տարրեր, որոնք անսանձ կերպով հակահայ գրգռութիւններ կը կատարէին:

Կացութիւնը այս ձեւով հետզհետէ վատթարացաւ: Մէկ կողմէ Ամին Ժեմայել իր շրջապատին գոհացում տալու համար դիմեց անախորժ քայլերու, իսկ միւս կողմէ` տամուրցիները օրէ օր դարձան աւելի սանձարձակ, մինչեւ որ օրին մէկն ալ, սեպտեմբեր 1979-ին, բախտախաղի կեդրոններ փակելու պատրուակով` փաղանգաւոր – ազատական ուժեր փորձեցին Պուրճ Համուտ ներխուժել: Երեք օր շարունակ անոնք Անթիլիասի, Զալքայի եւ Նահր Մոթի մէջ կատարեցին խժդժութիւններ` հայեր սպաննեցին, ձերբակալեցին եւ անարգեցին: Իրենց այդ քայլին իբրեւ հակազդեցութիւն, մեր տղաքը Սիս – Արագածի շրջանին մէջ գերի բռնեցին 32 փաղանգաւոր զինեալներ:

Ինծի համար մինչեւ օրս անմոռանալի կը մնայ պատանդներու փոխանակման այդ պատկերը: «Սարդարապատ» ակումբին առջեւ մենք փաղանգաւորներուն յանձնեցինք իրենց տարազներով, զէնքերով, ածիլուած դէմքերով եւ ներկուած կօշիկներով 32 զինեալներ, որոնց դիմաց մենք ստացանք 27 ծերեր, կիներ ու երեխաներ, ոմանք` գիշերազգեստով, մեծ մասը խեղճ ու անխնամ վիճակով:

Այսօր, տարիներու հեռաւորութենէ դիտուած, կարելի է անվարան հաստատել, որ Պուրճ Համուտի ինքնապաշտպանութիւնը իր նմանը չունի սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ: Այդքան ինքնուրոյն եւ կազմակերպ ինքնապաշտպանութիւն դժուար թէ մեր ժողովուրդը ապրած ըլլայ իր արդի պատմութեան մէջ: Այդ ինքնապաշտպանութեան պատիւը կ՛երթայ ՀՅ Դաշնակցութեան, իսկ փառքը` զայն ծնող մեր ժողովուրդին:

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ
«ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ»
ԳԻՐՔԷՆ 2000

Նախորդը

Վարձքդ Կատա՛ր, Ընկեր Ցոլակ

Յաջորդը

ՊԱՊ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?