Գրախօսական. Հայ Ժողովուրդի Մայիսը Կերտող Երախտաւորներուն Նուիրուած Կարեւոր Հրատարակութիւն Մը
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Նոր հրատարակութիւն մը գրախօսելէ առաջ անհրաժեշտ է ընթերցողը լուսաբանել անոր լոյս ընծայումի շարժառիթը: Գեղարուեստական երկ մը չէ հալէպահայ մտաւորական Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» հատորը, այլ` յուշամատեան մը: Աւօ Գաթրճեանը ճանչցած եմ «Ազդակ» պաշտօնաթերթի մէջ ստորագրած զանազան յօդուածներէն: Զիս տպաւորած է եղելութիւնները լայն հորիզոնի վրայ, բազմակողմանի տեսանկիւններէ դիտելու եւ վերլուծելու լայնախոհ մտաւորականի անոր խղճմիտ մօտեցումը: «Հայաստանի Հանրապետութեան...


















