ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ
Հակառակ այն իրողութեան որ Ցոլակը ունէր յառաջացած տարիք, եւ կ՛իմանայի նաեւ, որ անոր առողջութիւնը օրէ օր աւելի կը վատթարանար, բայց եւ այնպէս այս աշխարհէն անոր ընդմիշտ հեռանալը ինծի խորունկ վիշտ պատճառեց: Քանզի մենք երկուքս վաղուց բարեկամներ էինք, աւելի քան` վաթսուն տարիներու, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի ուսանողութեան շրջանէն: Երկուքս ալ դեղագործութիւն ուսանեցանք. ինք իր սեփական դեղարանը բացաւ հարաւային Լիբանանի Սուր կոչուած քաղաքին մէջ, իսկ ես` հարաւային Պէյրութի թաղերէն Հարեթ Հրէյքի մէջ: Սուր քաղաքին մէջ էր, որ Ցոլակ ճանչցաւ եւ մտերմացաւ իմամ Մուսա Սատըրին հետ: Ցոլակն էր, որ ինծի ծանօթացուց զայն: Զարմանալի երեւոյթ էր: Իմամ Մուսա Սատըրը Ցոլակէն խնդրեց 1880-ական թուականներու մեր Ազգային սահմանադրութիւնը:
Ազնուական խառնուածք մը ունէր Ցոլակ: Մեղմաբարոյ, ընկերային ու պարզ: Պարզութեան մէջ բարձր, վեհ մնալ: Գիտէր ամենապարզ մարդուն հետ հաւասար խօսիլ, մտիկ ընել անոր ցաւերը եւ աւելի մտիկ ընողի դերի մէջ ըլլալ, քան խօսող: Թէեւ անոր մէջ գործնական մտածելակերպը տիրապետող դեր կը խաղար, սակայն անոնք, որոնք մօտէն ճանչցած էին զինք, գիտեն, որ հաւասարապէս զգացական խառնուածք ունէր: Այս երկու երեւութապէս հակասական թուող ստորոգելիները այնքան գեղեցկօրէն ընդելուզուած էին իր նկարագիրին մէջ: Շատերու կողմէ սիրուած էր ան: Իր մարդկայնականութեան զուգահեռ, ան մանաւանդ կը սիրէր իր ազգը, կատաղօրէն:
Ա՛յս էր Ցոլակը:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու օրերուն ան արդէն Պէյրութ վերադարձած էր Սուր քաղաքէն: Զինք կը տեսնենք ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի հերթապահի կարեւոր, պատասխանատու պաշտօնի վրայ: Ան իր պատկանած կուսակցութեան այդ բանալի դիրքը օգտագործեց ի շահ հայ համայնքի կարիքներուն: Ան անխտիր կը ծառայէր ամէն հայու, ո՛ր համայնքին կամ հոսանքին ալ պատկանած ըլլար: Ա՛յդ էր գլխաւոր պատճառը, որ Ցոլակը խօսեցնել կու տար իր մասին: Նաեւ` հետագային, երբ ան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ նշանակուեցաւ:
Մենք վաղուց եղբայրացած էինք իրարու հետ: Ինք` դաշնակցական ղեկավար, ես` ռամկավար ու ՀԲԸՄ-ի ղեկավար: Մենք այդ պաշտօնները կը ջանայինք օգտագործել ազգային միասնականութեան ու սերտ գործակցութեան օգտին:
Ինք անդամ էր Դեղագործական խորհուրդին (Ordre des Pharmacieus), իսկ ես, միակը ըլլալով, կարգապահական հարցերով զբաղող յանձնախումբին: Երկրին մէջ գործող 800 դեղագործներուն մէջ 125-ը հայեր էին: Դեղագործական խորհուրդի նախագահական ընտրութեանց ատեն հայ դեղագործները ո՛ր կողմ որ յարէին, այն կողմը կը շահէր: Մենք հայ դեղագործներու միասնական ոգին ստեղծեցինք 1960-կան թուականներէն ասդին: Այդ միասնականութիւնը ստեղծողներն էին` Հրաչ Թուրիկեան, Շահինեան, Արամ Մինասեան, Ցոլակ Թիւթէլեան եւ համեստաբար` ես: Ուժի տիրացեր էինք: Արաբները ուժէ կը հասկնան: Եւ այդ ուժը կը գործածէինք առաւելաբար Ցոլակն ու ես: Երբեմն օտար դեղագործները մեզի կը դիմէին` որպէս իրենց օգտակար դասատուի: Բազմաթիւ օրինակներ կան այդ առնչութեամբ: Մեր հայ դեղագործները, անխտիր, մեզի կը դիմէին, երբ օտարներ կը ջանային իրենց շահերը ոտնակոխել:
1975-ին, երբ դեղարանս լրիւ քանդուեցաւ կռիւներու ատեն, Ցոլակը եղաւ ամենաշատ գործիս ետեւ վազողը` Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի եւ Մելքոն Էպլիղաթեանի հետ, որպէսզի օրէնքը շրջանցելով` կարենամ քրիստոնեայ շրջան փոխադրուիլ: Գրեթէ մէկ ամիս, ամէն օր, Ցոլակը իր գործը երեսի վրայ ձգելով, հոս ու հոն, պետական բարձրաստիճան մարդոց ետեւէն վազեց ինծի օգտակար հանդիսանալու համար: Այդ պայքարին մէջ մենք մեզ դէմ դիմաց գտանք Ապու Ժաուտէ կոչուած մարոնի մեծագոյն ընտանիքին:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու տաք օրերուն, երբ իսլամ-քրիստոնեայ միլիսիաները իրարու դէմ կը կռուէին, Ցոլակին բնակարանը, որ կը գտնուէր Ս. Նշան եկեղեցւոյ ճիշդ դիմացը, վտանգի տակ էր: Օր մը ան իր երկու պարման աղջիկները` Ալիսն ու Մարալը քովս բերաւ եւ ըսաւ. «Ասոնք քու ալ աղջիկներդ են»: Զանոնք մեր տունը` Տուար տարի: Այդ ձեւով ամիսներ չորս աղջկայ ծնողք եղայ: Մինչեւ այսօր քաղցր յիշատակներ ունիմ Մարալէն եւ Ալիսէն: Աւելի չեմ կրնար շարունակել:
Աչքիս թացութիւնը կը պղտորէ գրութիւնս: Ի՞նչ ժառանգ պիտի մնայ Ցոլակ Թիւթէլեանէն: Երբ օրերը անցնին, եւ օր մը գիտաշխատողներ գիտական մօտեցումով լիբանանահայ 1975-1990 ժամանակահատուածի պատմութիւնը գրեն, մասնաւոր տեղ պիտի յատկացնեն տասնեակ մը երախտարժան դէմքերուն, որոնք հայ գաղութը նուազագոյն վնասով դուրս բերին կռիւներէն: Անոնցմէ մէկը Ցոլակ Թիւթէլեանն էր, անկասկած:
Կ՛իմանամ, որ ան փափաք յայտներ էր Այնճար հայաշունչ գիւղի մէջ թաղուիլ, հերոսական Մուսա Լերան թոռներուն քով:
Հողը թեթեւ գայ վրան:
Իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս` Ալիսին, Մարալին, Ռաֆֆիին եւ իրենց հարազատներուն: