Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարձքդ Կատա՛ր, Ընկեր Ցոլակ

Մայիս 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ լիբանանահայութիւնը կորսնցուց ազգային եւ քաղաքական կեանքի երէց ներկայացուցիչներէն ընկեր Ցոլակ Թիւթէլեանը: Ան հրաժեշտ տուաւ կեանքին` գոհունակ եւ հանգիստ խղճով, ընտանեկան, ազգային, եկեղեցական եւ կուսակցական իր բոլոր պարտականութիւնները լիուլի կատարած ըլլալու համոզումով: Երբ տակաւին առողջութիւնը կը ներէր, ընկերական հաւաքներու եւ հանդիպումներու ընթացքին յաճախ քաղցր ժպիտով մը կ՛ակնարկէր մահուան մօտալուտ հանգրուանին` միաժամանակ հաստատելով, որ ինք արդէն իր գործերը աւարտած է: Հակառակ յառաջացած տարիքին, ան մնաց աշխուժ, մնայուն շարժման մէջ` կատարելով ընտանեկան, մարդկային եւ հասարակական կեանքի իր բոլոր պարտականութիւնները: Հռետոր ու բանախօս չէր ընկեր Ցոլակը, բեմերէն հեռու  մնաց, սակայն իր կենցաղով, ապրելակերպով, ազնուական իւրայատուկ նկարագիրով, հարցերու եւ կացութիւններու մօտենալու իր ինքնուրոյն ոճով մնաց միշտ օրինակելի ու արժանացաւ բոլորին յարգանքին եւ սիրոյն: Ան իր կարծիքները, տեսակէտները եւ քննադատութիւնները փոխանցեց ժպիտով ու հանդարտութեամբ, երբեմն լռելեայն, առանց դոյզն վիրաւորանքի` միաժամանակ, սակայն, մնալով սկզբունքային եւ իր համոզումներուն անշեղօրէն հաւատարիմ:

Ընկեր Ցոլակը ճանչցայ փոքր տարիքէս: Աղօտ կերպով կը յիշեմ անոր երիտասարդութիւնը, երբ Այնճար կու գար Զարմայր Մինասեանի մօտ: Մեծ հօրս` Սարգիս Գալուստեանի հետ յաճախ հանդիպած եմ իրեն պարոն Զարմայրենց տունը: Աւելի ուշ ընկեր Ցոլակին հանդիպեցայ քեռայրիս` Գրիգոր Նգրուրեանի մօտ, եւ պատանեկան անյագ հետաքրքրութեամբ ականջներս կը լարէի եւ կը հետեւէի անոնց ծաւալած խօսակցութեանց, թէեւ շատ բան չէի հասկնար: Միայն գիտէի, որ Կեդրոնական կոմիտէի քննարկելիք, համադրելիք եւ եզրակացնելիք հարցեր կ՛ունենային:

Մեր ծանօթութեան հիմքը կազմեց սակայն 2001 թուականը, երբ առիթ ունեցայ ընկեր Ցոլակին հետ ստանձնելու Կեդրոնական կոմիէտի անդամակցութեան պարտականութիւնը եւ իրեն հետ դարձայ ժողովական ու պատահեցաւ այնպէս, որ ժողովներու ընթացքին 2 տարի շարունակ կողք-կողքի նստեցանք: Այս ժողովներու ընթացքին էր, որ ես ալ այլոց նման առիթ ունեցայ օգտուելու իր տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու հարուստ շտեմարանէն, հարցերու քննարկումի իր լայնախոհ ու շրջահայեաց մօտեցումէն եւ վերջապէս` դաշնակցական ընկերականութեան ու կարգապահութեան հանդէպ իր տածած մեծ գուրգուրանքէն ու նախանձախնդրութենէն: Ընկեր Ցոլակի համար Դաշնակցութիւնը մնաց սրբութեան համազօր երեւոյթ ու կուսակցութիւնը մաս կազմեց իր կեանքի ողջ էութեան:

Համբերատար, լայնախոհ, ազնիւ ու բարի իր նկարագիրը ոչ մէկ ատեն պատճառ դարձաւ իրեն անտեսելու կամ շրջանցելու հիմնախնդիրները, արժեւորելու մարտահրաւէրները եւ անկեղծութեամբ, յստակատեսութեամբ ու պայծառատեսութեամբ դրսեւորելու իր տեսակէտները,  քննադատութիւնները եւ արժեւորումները:

Ընկեր Ցոլակ խոհեմ ու արթուն ղեկավար էր: Շատ արագ կը նախատեսէր վտանգը, հակադաշնակցական շարժումը, լիբանանահայութեան ուղղուած սպառնալիքները, ու իբրեւ այդպիսին մեծ էր անոր ներդրումը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հայ համայնքի միասնակամութեան, անոր որդեգրած դրական չեզոքութեան քաղաքականութեան ու անվտանգութեան համար տարուած հսկայ աշխատանքներուն մէջ: Աւելի՛ն, իր յարաբերական տաղանդով ան վայելեց քաղաքական բոլոր կողմերու եւ անհատներու սէրն ու յարգանքը, դարձաւ ջատագով հարցերը երկխօսութեամբ, հեռատեսութեամբ լուծելու ընտրանքին:

Ընկեր Ցոլակին մէջ դաշնակցական ընկերականութիւնը միշտ ալ մնաց հոգեպարար հարստութիւն: Բաժնեկից դարձաւ բոլորին ուրախութիւններուն, տխրութիւններուն եւ դժուարութեանց: Ո՞վ չի յիշեր եկեղեցիներու մայր դարպասին մօտ անոր մնայուն ներկայութիւնը, նաեւ` ընկերներու ու բարեկամներու թաղման, հոգեհանգստեան եւ պսակի բոլոր արարողութիւններուն: Ընկերոջ համար Դաշնակցութիւնը մնաց իր սեփական ընտանիքի կողքին երկրորդ ու մեծ ընտանիք մը, որուն մէջ արժեւորեց եւ կենսաւորեց իր կեանքի ամբողջ ընթացքը:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի ու ազնուական ընկեր, կը մնանք երախտապարտ կատարած գործիդ, քեզմէ ժառանգ մնացած հարուստ սկզբունքներուդ: Միշտ պիտի փորձենք յաւերժացնել յիշատակդ ու յիշել քեզ, նաեւ նպատակ ունենալով քու կատարած գործէդ ներշնչուած մեր աշխատանքով եւ դաշնակցական երդուեալ ու անկեղծ զինուորի քու օրինակելի տիպարիդ ճառագայթումով հարստացնելու մեր հաւաքական կեանքը:

 

 

Նախորդը

Ցոլակ Թիւթէլեանի` Ընկ. Ցոլակի Յիշատակին

Յաջորդը

Ցոլակ Թիւթէլեան` Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին Մասին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?