Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՊԱՊ

Մայիս 22, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԻՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Հայրս կը կոչուի Ցոլակ, Ցոլակ Թիւթէլեան:

Մեծ հայրս` Սիմոն Թիւթէլեան, այս աշխարհէն կը մեկնի հօրս ծնունդէն առաջ: Տարի մը ետք անոր կը հետեւի մեծ մայրս` Ալիս Մինասեանը, եւ հօրս` Ցոլակին հոգատարութիւնը կը ստանձնէ իր մեծ հայրը` տէր Գրիգոր Մինասեանը, Ալեքսանտրեթի մէջ, մինչեւ հօրս 12 տարեկան հասակը:

Իր մեծ հօր մահէն ետք հայրս կը դառնայ սանը Հալէպի Մխիթարեան հայրերուն, ապա, դպրոցը աւարտելէ ետք, կը փոխադրուի Պէյրութ` յաճախելու ամերիկեան համալսարան եւ չորս տարի ետք կը դառնայ դեղագործ-քիմիագէտ: Քանի մը տարի ետք կը ստանայ նաեւ դեղագործութեան դոկտորականը:

Կը հաստատուի Սուր եւ կը դառնայ «Բարեխիղճ դեղագործը», բայց կը նախընտրէ միւս տիտղոսը, արդարօրէն վաստակած «Պայ ըլ ֆուքարա» (աղքատներու հայր):

Իր կնոջ` Կասիա Սահակեանի հետ Սուր կ՛ապրին մինչեւ 1967, երբ կը փոխադրուինք Պէյրութի Զոքաք Պլաթ թաղամասը, իսկ հայրս  նոր դեղարան կը բանայ Տորայի մէջ` «Մար Եուսեֆ» դեղարանը: Հոս ալ անոր կը հետեւի «Պայ ըլ ֆուքարա» տիտղոսը:

Անոր ամբողջ կեանքը յատկանշուեցաւ երկու մեծ սէրերով. իր փոքրիկ ընտանիքը (այսինքն` մայրս եւ իրենց երեք զաւակները) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

Հանդարտ, համեստ, առատաձեռն «Պապ» նաեւ համակուած էր սիրով: Անոր համար գէշ մարդիկ չկային, այլ` գէշ պայմաններ, որոնք երբեմն սխալ ուղղութեամբ կը մղեն մարդիկը:

Անընդհատ կը կրկնէր… պէտք է ներել գիտնալ, առանց երբեք մոռնալու, պէտք է ներել գիտնալ, որպէսզի կարենանք շարունակել, պէտք է գիտնալ տալ, առանց երբեք տալու ատեն հարցնելու` ինչո՞ւ եւ որո՞ւ համար:

Կը յիշեմ` օր մը յուղարկաւորութենէ վերադարձին շատ տխուր էր եւ յուզուած: Պատճառի մասին հարցումիս «Պապ» հանդարտօրէն պատասխանեց. «Գիտե՞ս, ձագո՛ւկ, ամէն անգամ որ թաղումէ կը վերադառնամ, ես ինծի հարց կու տամ, թէ ի՞նչ կը զգան այն անձերը, որոնք կորսնցուցին իրենց հայրը կամ մայրը: Երբեք պիտի չապրիմ այդպիսի հոգեվիճակ, որովհետեւ չեմ գիտեր` ի՞նչ կը զգանք, երբ ծնող մը կորսնցնենք»:

Միակ պարտաւորութիւնը, որ դրած էր մեր` Մարալին, Րաֆֆիին եւ իմ ուսերուն, յարգանքն է այլոց նկատմամբ, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց տիտղոսը, կամ ո՛ր ընկերային դասակարգին ալ պատկանին: Իր համեստութիւնը բացառիկ էր, մանաւանդ` անոնց նկատմամբ, որոնք կարիք կամ պէտք ունին: Կարիքաւորին իր ձեռքը կը մեկնէր շնորհալի ձեւով, առանց փոխարժէք կամ որեւէ երաշխիք սպասելու, այնքան մը, որ տեղ մը կը կարծէինք, թէ ի՛նքն է, որ պէտք ունի այդ օգնութեան համար երկարած ձեռքին:

Հօրս համար միասնական իւրաքանչիւր ընտանիքի անշրջանցելի սիւնը, առանց պայմանին կամ փոխարժէքի, գլխագիր ՍԷՐ-ն էր:

Իրեն չարիք հասցնողներուն կը ներէր իր բնածին շնորհալի ոճով, եւ, անկեղծ ըլլալու համար, ասիկա մեզի նեղութիւն կը պատճառէր, մե՜ծ նեղութիւն: Օրինակի համար, երբ ստահակներ 1981-ին ականահարեցին իր դեղարանը, գանգատ չներկայացուց, թէեւ շատ լաւ գիտէր, թէ որոնք գործած էին այդ արարքը: Երբ լուրը ստացաւ, իր առաջին հակազդեցութիւնն էր հարց տալ` «Մէկը կա՞ր դեղարանին մէջ, պաշտօնեաները լա՞ւ են»:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ, ՀՅ  Դաշնակցութեան Բիւրոյի փոխանդամ, ՀՅԴ  Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, խորհրդարանի նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի խորհրդական եւ բազմաթիւ այլ պարտականութիւններ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդութեան, Համազգային մշակութային միութեան եւ շատ մը ուրիշ կառոյցներու մէջ:

Դեղագործներու սենտիքայէն մինչեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն` իրեն համար անկարեւոր պաշտօն չկար: Ամէն պարտականութիւն, որ իրեն կը վստահուէր, կը կատարէր կատարելապաշտ բծախնդրութեամբ` հետեւելով ամենափոքր մանրամասնութեանց:

Ան նաեւ վճռականօրէն մերժեց մեկնիլ Լիբանանէն, նոյնիսկ` պատերազմի դժուարագոյն տարիներուն, իր ժամանակին մեծ մասը անցընելով դաշնակցական կամաւորներուն հետ, այցելելով անոնց բոլոր կեդրոնները, իսկ իր ընտանիքը այդ միջոցին վստահած էր մօրս, դեղարանը` պաշտօնեաներուն:

Իր բարեկամներու եւ ծանօթներու շրջանակը վիթխարի էր, իսկ իր սրտին շատ մօտ անձերը նոյնքան բազմաթիւ էին. անոնց հետ փորձութիւնները յաղթահարած` սերտ գործակցութիւն ունէր:

Անոնցմէ նշեմ Իմամ Մուսա Սատըրը, ամէնէն անկեղծ ու հաւատարիմ ընկերը, նաեւ` նախագահ Պեշիր Ժեմայելը, խորհրդարանի նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնին, տոքթ. Ռիտա Ուահիտը, ընկերներ` Սարգիս Զէյթլեանը, Աբօ Աշճեանը եւ Սարգիս Ազնաւորեանը, պրն. Արա Երեւանեանը, եւ շատ ուրիշներ. ցանկը շատ երկար է…

Միշտ հիացած եմ զանոնք համոզելու իր ոճին վրայ, իւրաքանչիւրին հետ կը խօսէր անոր մօտեցումին եւ պատկանելիութեան համեմատ:

Ծայր աստիճանի յարգալիր եւ հաշտեցնող ոճի տէր, ան կը դառնար չոր եւ անզիջող, երբ հարցը կը վերաբերէր լիբանանահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան. ասիկա յատկանշական էր նախագահ Պեշիր Ժեմայելի հետ հաղորդակցութեան մէջ. այս վերաբերումն էր, որ երկուքին միջեւ ծնունդ տուաւ խորունկ յարգանքի եւ բարեկամութեան:

Լիբանանահայութեան եւ Դաշնակցութեան շահերը ամէն բանէ վեր էին, եւ անոնց համար անզիջող պայքար կը մղէր` քաջ գիտնալով իրեն սպառնացող վտանգները: Իր համախոհութիւնն ու անզիջողութիւնը պատճառ դարձան իրեն դէմ երկու մահափորձի եւ իր դեղարանի կորուստին:

Արդէն եօթը տարի է, որ մայրս հեռացած է մեզմէ, եւ պէտք  է ընդունիլ, որ «Պապ» երբեք նոյն անձը չէր 4 փետրուար 2014-էն ետք: Իր կողակիցին առյաւէտ մեկնումէն ետք իր միակ ուրախութիւնն էր տեսնել իր թոռները, զորս կ՛անուանէր իր «եօթը գանձեր»-ը: Իր գոյութեան միակ իմաստը դարձած էին անոնք:

«Պա՛պ», շատ կը կարօտնանք քեզ, ամէն օր կը սպասենք երեկոյեան ժամը 5:00-ը` յուսալով, որ մեր դռներուն զանգերը կը հնչեն, բայց ա՛լ չես գար ժամադրութեան, այդքան յոյսով սպասուած այդ ժամադրութիւնը այլեւս պիտի չկրկնուի:

Շատ կը կարօտնանք բարութիւնդ, համեստութիւնդ եւ սէրդ:

Յուղարկաւորութեանդ ամէն մարդ, ըստ պատշաճի եւ անվիճելիօրէն ըստ արժանւոյն, գովեստ հիւսեց քու հասցէիդ, բայց մեզի համար` զաւակներուդ եւ թոռներուդ համար, հակառակ ամբողջ գովքին, բոլոր պաշտօններուն եւ շքանշաններուն, պիտի մնաս աշխարհի բոլոր հայրերէն ամէնէն բարի, ամէնէն համեստ, ամէնէն առատաձեռն, ամէնէն ազնիւ հայրը:

Կը կարօտնանք քեզ, «Պա՛պ»:

Պաչիկներ:

 

 

Նախորդը

Ցոլակ Թիւթէլեան` Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին Մասին

Յաջորդը

Թենիս. Կարէն Խաչանով Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?