ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Սուրբ ու անարատ շաբաթ մը ամբողջութեամբ Քրիստոսի հետ մատնուելէ, ձերբակալուելէ, մտրակահարուելէ, ապտակուելէ, անարգուելէ, անիրաւուելէ, դատուելէ ու խաչուելէ ետք, Անոր հետ յաղթեցինք մահը (հմմտ. Յհ. 16. 33) եւ դարձանք յաղթող Քրիստոսին յաղթական ժողովուրդը: Մահը խորտակելէ ետք մեր մեղքերը, սխալները, թերութիւններն ու աշխարհիկ մտահոգութիւնները ձգեցինք աշխարհի մէջ, «ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն» (Մտ. 6. 19) եւ Քրիստոսի հետ մեր հոգիները դէպի երկինք` դէպի զԱստուած համբարձուցինք: Իսկ այժմ կը պատրաստուինք Քրիստոսի առաքեալներուն ու աշակերտներուն հետ ընդունելու Ճշմարիտ մխիթարիչը` Սուրբ Հոգի Աստուածը:
Յիսուսի ձերբակալման ընթացքին Անոր առաքեալները վախցան եւ փախուստի դիմեցին: Յովհաննէս Մարկոս մերկ-մերկ փախաւ (հմմտ. Մր. 14. 51), Պետրոս իր վախը ցոյց տուաւ սուրով (հմմտ. Մտ. 26. 51), եւ մնացեալները փախուստ տուին (հմմտ. Մր. 14. 50): Այս վախը առաքեալներուն մէջ աւելի զարգացաւ յատկապէս Քրիստոսի խաչելութենէն ետք: Անոնք ա՛յնքան վախցած էին, որ պատսպարուեցան վերնատան մէջ եւ չհամարձակեցան այդտեղէն դուրս գալ (Գրծ. 1. 12-14): Սակայն, երբ ճշմարիտ Մխիթարիչը` Սուրբ Հոգի Աստուածը անոնց վրայ իջաւ (Գրծ. 2. 1-13), անոնք զօրացան, արիացան, խիզախացան եւ դարձան մէկական «առիւծներ» եւ Աստուծոյ խօսքը անդադար մատակարարողներ:
Սուրբ Հոգի Աստուածը ստանալէ ետք աշակերտները չմնացին ա՛յն, ինչ որ էին նախապէս: Այսպէս, Պետրոս առաքեալը, որ վախի պատճառով երեք անգամ Տէրը ուրացած էր (հմմտ. Մտ. 26. 69-75), դարձաւ Քրիստոսի մասին անվախօրէն քարոզող մը եւ նոյն անվախութեամբ յանձն առաւ գլխիվայր խաչուիլ իր Վարդապետին սիրոյն: Յակոբոս առաքեալ անմար կրակի նման քարոզեց ու տարածեց Տիրոջ խօսքը Երուսաղէմի մէջ եւ անվախօրէն սուրով նահատակուեցաւ: Փիլիպպոս առաքեալ Ս. Հոգին ստանալէ ետք անվախօրէն քարոզեց Փոքր Ասիոյ մէջ եւ այդտեղ ալ խաչելութեամբ նահատակուցաւ: Բարթողիմէոս առաքեալը Ս. Հոգիին օգնութեամբ բեղուն գործունէութիւն տարաւ Հայաստանի հողին վրայ եւ անվախօրէն նահատակուեցաւ մորթազերծ ըլլալով: Տակաւին շարքը կարելի է երկարել… Այսպիսով, կը տեսնենք, որ Սուրբ Հոգին ա՛յնպիսի ուժ ու զօրութիւն կու տայ մարդուս, որ ան նոյնիսկ առանց դոյզն երկմտանքի իր կեանքը կը զոհէ Աստուծոյ համար:
Իւրաքանչիւր անձ, որ մկրտութեան աւազանէն կը ծնի, կը ստանայ Ս. Հոգի Աստուծոյ կնիքն ու դրոշմը: Այս մէկուն մասին Պօղոս առաքեալ առանց երկմտելու կը գրէ, որ մեր մարմինները Ս. Հոգւոյն տաճարներն են (հմմտ. Ա. Կր. 6. 19, Բ. Կր. 6. 16 Եւ Բ. Տմ. 1. 14): Ուրիշ խօսքով, մենք Ս. Հոգւոյն բնակարաններն ենք: Ուրեմն, եթէ մենք մկրտութեամբ Ս. Հոգին ստացած ենք, ինչո՞ւ առաքեալներուն նման անվախ չենք: Մեր վախկոտ մնալուն պատճառը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` մեր մէջ բնակող Ս. Հոգիին անտեսումը: Մենք միայն մկրտութեան ժամանակ զգացած ենք Ս. Հոգին, սակայն անկէ ետք տարուած ենք աշխարհի աղմուկով եւ, այսպիսով, մոռցած ենք զԱյն: Պօղոս առաքեալ շատ լաւ գիտէր, որ ապագային մարդիկ պիտի անտեսէին Ս. Հոգին եւ այդ իսկ պատճառով ան գրած է. «Մի՛ տրտմեցնէք Աստուծոյ Սուրբ Հոգին» (Եփ. 4. 30):
Հոգեգալուստի տօնը մեր առջեւ կը դնէ երկու յստակ ընտրանքներ.
Ա) Մնալ վախկոտ ու կծկուած այս աշխարհին մէջ եւ
Բ) Դառնալ առիւծ ու անվախ:
Ան իւրաքանչիւրիս խրախուսելու, քաջալերելու եւ անվախ առաքեալներուն անվախ յաջորդները դարձնելու օր է: Ժամը հասած է, որ իւրաքանչիւրս զգայ իր մէջ բնակող Ս. Հոգին եւ սկսի գործել Անոր հետ ու Անոր համար: Մեր վրայ առնենք Ս. Հոգւոյն պատմուճանը եւ ըլլանք Քրիստոսի անվախ առաքեալները:
Պիքֆայա, Լիբանան