Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պարտաւո՛ր Ենք, Ե՛ւ Պարտական
Կարելի չէ բացատրել Լիբանանի ներկայ իրավիճակը: Ահազանգայի՞ն, ճգնաժամայի՞ն, թէ՞ քաոսային: Վստա՛հաբար բոլորը միասին, որոնք ստեղծած են անհանդուրժելի եւ անտանելի կացութիւն: Այլ ձեւով դժուար է ներկայացնել այս օրերու Լիբանանը: Բազմաթիւ պատերազմներ ապրած, դիմագրաւած եւ շատ բան յաղթահարած Լիբանանը երկար ատենէ ի վեր գահավէժ վիճակի մէջ է: Այս անգամ տնտեսական ահաւոր տագնապն է, որ երկիրը փոխադրած է դէպի անդունդ: Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու...




















