Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պարտաւո՛ր Ենք, Ե՛ւ Պարտական

Սեպտեմբեր 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կարելի չէ բացատրել Լիբանանի ներկայ իրավիճակը:

Ահազանգայի՞ն, ճգնաժամայի՞ն, թէ՞ քաոսային: Վստա՛հաբար բոլորը միասին, որոնք ստեղծած են անհանդուրժելի եւ անտանելի կացութիւն:

Այլ ձեւով դժուար է ներկայացնել այս օրերու Լիբանանը:

Բազմաթիւ պատերազմներ ապրած, դիմագրաւած եւ շատ բան յաղթահարած Լիբանանը երկար ատենէ ի վեր գահավէժ վիճակի մէջ է: Այս անգամ տնտեսական ահաւոր տագնապն է, որ երկիրը փոխադրած է դէպի անդունդ:

Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու եւ մասնագէտներու, աշխարհի պատմութեան վերջին երկու հարիւր տարիներուն նմանօրինակ ահաւոր կացութիւն չէ ստեղծուած:

Փուլ եկած է ամբողջ համակարգը:

Երբեմնի «Միջին Արեւելքի Զուիցերիա»-ն վերածուած է ԴԺՈԽՔի:

Դժբախտաբար ա՛յս է Լիբանանի պատկերը, ու բնականաբար հոն ապրող, շնչող եւ գործող հայը լիովին բաժնեկից է տառապանքին: Նուազագոյնի իջած են մարդկօրէն ապրելու ամէնէն տարրական իրաւունքներն ու կարիքները` սկսելով տարրական սնունդէն մինչեւ ելեկտրականութեան եւ նոյնիսկ ջրաբաշխման դժուարութիւնները, դեղորայքի պակասն ու առողջական – առողջապահական համակարգի բացակայութիւնը: Նախորդ փուլին ամէն բան պայծառ չէր, սակայն հիմա՞…

Բնականաբար ամէն մէկ հայորդիի պարտականութիւնն է, պարտաւորութիւնն ու պա՛րտքն է ձեռք երկարել եւ գործի լծուիլ ի նպաստ Լիբանանի հայութեան: Աշխարհի չորս ծագերէն, իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է ժամանակ չկորսնցնել եւ հասցնել նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւն` Երեւանէն մինչեւ Եւրոպա, հեռաւոր Նոր աշխարհ, Ովկիանիա եւ այլուր:

Երազներով չենք տարուիր, այլ իրատեսութիւնը մէկդի չենք դներ:

Ողբերգական վիճակին դիմաց, այս փուլին, շատ բան չենք կրնար ակնկալել Հայաստանի նոր կառավարութենէն: Հոն, պատերազմ կորսնցուցած ղեկավարութիւն մը ցայսօր չէ կրցած դուրս գալ այդ ահաւոր հարուածին տակէն` չկարենալով պատշաճ կերպով օգնութեան հասնիլ անտուն եւ անտիրական հազարաւոր արցախցիներու, որոնց վրայ օրէ օր կը գումարուին Հայաստանի սահմանային շրջաններու բնակիչները®

Մթնոլորտը այլապէս ալ հեղձուցիչ է հո՛ն: 19 Բաղրամեան շէնքին մէջ, ուր ընդդիմութիւն հասկացողութիւնն անգամ կարելի չէ բացատրել եւ բացատրուիլ, կայ մեծամասնութիւն մը, որ հետաքրքրուած չէ, թէ Շուշին, Հադրութն ու արցախեան այլ հողեր ի՛նչ պայմաններու տակ գրաւուած կամ յանձնուած են: Այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, ցաւօք սրտի, գործնապէս ժամավաճառութիւն պիտի ըլլայ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան մասին խօսիլը: Հաւանաբար Հայաստան հաստատուած լիբանանահայերու մօտեցումն ու ակնկալութիւնը պիտի ըլլան տարբեր:

Հեռու մնալով այդ լաբիւրինթոսէն եւ մէկդի դնելով անտեղի վիճաբանութիւնները` հայորդին պէ՛տք է եւ պիտի՛ օգնէ լիբանանահայութեան:

Քանի մը տարի առաջ սուրիահայութեան օժանդակութեան (որ, ի դէպ, այսօր ալ կը մնայ վիրաւոր) փութացած էր հայորդին: Այսօր նոյնքան առաջնահերթ եւ անհրաժեշտ է լիբանանահայութեան շտապ օժանդակութիւնը:

Կարիք չկայ բացատրելու, ներկայացնելու եւ մանրամասնելու, թէ լիբանանահայ գաղութը որքա՛ն կարեւոր դեր ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ համահայկական մակարդակի վրայ:

Պարզ ու մեկին. պարտաւո՛ր ենք, ե՛ւ` պարտական լիբանանահայութեան:

Նախորդը

Արցախում ՀՕՄ-ի Յետպատերազմեան Ծրագրերի Մասին

Յաջորդը

«Հայ Եկեղեցին». Հեղինակ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?