Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տարեկան պատարագին ընդառաջ նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած են: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ Վանի նահանգապետարանի կայքը:
Պատարագը պիտի մատուցուի 5 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին: Պատարագի ընթացքին` ժամը 9:00-էն մինչեւ 12:00, կղզին փակ պիտի ըլլայ այցելուներուն համար:
Պատարագին մասնակցելու համար կղզի այցելել պիտի արտօնեն միայն նախապէս արձանագրուած սահմանափակ թիւով անձերու: