ՇԱՆԹ ՍՐԿ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Դպրեվանք կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Ներկայ օրերուն դժուարութիւնները, նեղութիւնները, տառապանքները, փոթորիկները, դժբախտութիւնները եւ ալեկոծումները ամէն կողմէ կը փչեն մեր կեանքի նաւակին վրայ: Ներկայիս, որքան ալ մարդ փորձէ խուսափիլ իրականութենէն եւ ինքզինք բացակայ ձեւացնէ, այդուհանդերձ, ի ներքուստ ան լաւապէս գիտէ ու կը զգայ, որ այդ դերը խաղալու կարողութիւնը չունի: Ան իր անկարութիւնը զգալէ ետք կը սկսի յափշտակութեամբ պրպտել զինք իրականութենէն հեռացնող «լուծում»-ի մը մասին, եւ այդ «լուծումը», ըստ իրեն, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` զԱստուած մեղադրել ամէն տեսակ դժբախտութեանց եւ նեղութեանց համար:
Աշխարհի մէջ խաղաղութիւն եղած չէ, չկայ եւ պիտի չըլլայ, որովհետեւ երկիրը երկինք չէ. իսկական խաղաղութիւնը երկնքի մէջ է, ուր հրեշտակները միաձայն կ՛ապրին, ուր կը կատարուի Տիրոջ կամքը, ուր չկայ որեւէ տեսակի անհամերաշխութիւն ու հակառակութիւն: Իսկ երկրի վրայ կացութիւնը այդպէս չէ, որովհետեւ երկիրը բազմամարդ, բազմացեղ եւ բազմաբնակ է: Որքան մարդիկ շատ ըլլան, այնքան շատ կ՛ըլլան` անհասկացողութիւնները, կարծիքները, սկզբունքները եւ կամքերը: Այս իսկ պատճառով աշխարհի վրայ խաղաղութիւն գտնելը անկարելի է բառին ամբողջական իմաստով: Այս մասին խօսելով, մեր քոյր եկեղեցիներէն (ասորի, ղպտի, եթովպական, հնդիկ մալապար (Հնդկաստան) եւ Էրիթրիոյ եկեղեցիներ) ղպտի եկեղեցւոյ Ռաֆայէլ եպիսկոպոսը կ՛ըսէ. «Բոլորս կը ձգտինք հասնելու այն օրուան, երբ մեր տկար ու անկեալ վիճակէն դուրս պիտի ելլենք եւ պիտի ապրինք սուրբ կեանք մը, որ լի է երջանկութեամբ: Սակայն, որքան ուշանայ այդ օրը, մենք այդքան յուսահատ, ձախող եւ մելամաղձոտ կը դառնանք: Սակայն հարկ է գիտնալ, որ այդ օրը այս աշխարհին մէջ կարելի չէ ունենալ, որովհետեւ այդ օրը մեզի համար վերապահուած է յաւիտենականութեան մէջ եւ ոչ թէ` այս ժամանակաւոր աշխարհին մէջ: Այս ժամանակաւոր աշխարհին մէջ մենք պէտք է ապաշխարենք եւ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ աճ արձանագրենք, որպէսզի այդ օրը տեսնելու իրաւունքը ունենանք» («Ապաշխարութիւնը` ճանապարհ սրբութեան», էջ 9):
Այո՛, ճիշդ է, որ մենք այս աշխարհին վրայ չենք կրնար լիուլի խաղաղ ու երջանիկ կեանք մը ապրիլ, սակայն անոր զուգահեռ, մենք Աստուծոյ շնորհքն ու հնարաւորութիւնը ունինք այս աշխարհին վրայ մասնակի խաղաղ եւ երջանիկ կեանք մը ապրելու: Ինչպէ՞ս: Մեր Տէրն ու Փրկիչը` Քրիստոս Յիսուս յումպէտս չըսաւ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր մէջ կը գտնուի» (Ղկ. 17. 21): Այս խօսքով Աստուածատուրն Յիսուսը սել ուզեց. «երկնքի արքայութիւնը ձեր ներաշխարհին մէջ է, զայն ձեզմէ դուրս պէտք չէ փնտռէք»: Ուրիշ խօսքով, «Եթէ կ՛ուզէք երջանիկ եւ խաղաղ ապրիլ, հարկ է, որ զԻս թագաւորեցնենք ձեր մէջ»: Յիշեալ խօսքով Քրիստոս մեզ կը յորդորէ, որ մոռնանք աշխարհի նեղութիւններն ու դժուարութիւնները եւ զԻնք ընտրենք, որպէսզի մեր մէջ Իր արքայութիւնը հաստատենք: Աստուածորդւոյն արքայութիւնը մեր մէջ հաստատելէ ետք է, որ միայն կրնանք հոգեպէս ա՛յնպիսի խաղաղ վիճակի մը մէջ ըլլալ, որուն նմանը` «Որեւէ աչք չէ տեսած, որեւէ ականջ չէ լսած եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած» (Ա. Կր. 2. 9 եւ հմմտ. Ես. 64. 4):
Սակայն ինչպէ՞ս մենք կրնանք զՔրիստոս թագաւորեցնել մեր մէջ: Ուրիշ խօսքով` ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհի նեղութիւններուն եւ դժուարութիւններուն մէջ Քրիստոսով տարբեր խաղաղ աշխարհի մէջ ըլլալ: Այս զոյգ հարցումներուն պատասխան տալու համար հարկ է դիմել ոսկէ մատեանին` Աստուածաշունչին: Պօղոս առաքեալ խօսելով այս աշխարհի դժուարութիւններուն ու ցաւերուն մասին` կ՛ըսէ. «Աստուած փուշի պէս ծակող ցաւ մը տուաւ մարմինիս, կարծես Սատանային ներկայացուցիչը ըլլար մարմինիս մէջ, որպէսզի անով զիս զգաստացնէ, եւ չհպարտանամ: Այդ ցաւին համար երեք անգամներ աղաչեցի Տիրոջ, որ հեռացնէ ինձմէ: Բայց ինծի ըսաւ. «Իմ շնորհքս կը բաւէ քեզի. որովհետեւ Իմ զօրութիւնս ամբողջապէս կը յայտնուի մարդուս տկարութեանը մէջ» (Բ. Կր. 12. 7-9): Ահաւասիկ ճշգրիտ պատասխանը` վերի հարցադրումներուն: Մենք կրնանք այսօրուան եւ գալիք դժուարութիւններուն դէմ ամուր պարիսպ մը բարձրացնել միա՛յն ու միայն Աստուծոյ շնորհքով, զոր իւրաքանչիւրիս տրուած է եկեղեցւոյ «Սելովամի աւազանէն»` ս. մկրտարանէն ծնած ժամանակ: Այսօրուան դժուարութիւնները յօգուտ մեզի են: Ս. Մակար Մեծ կ՛ըսէ. «Կրնայ ըլլալ, որ Աստուծոյ նախախնամութիւնը քեզի համար յատուկ նեղութիւններ ու տառապանքներ կարգաւորած է, բայց բնաւ մի՛ կարծեր, որ անոնք քեզի հակառակ կամ վնասակար են, որովհետեւ այդ բոլորը անցընելէ ետք միայն ի յայտ կու գայ անոնց քու անձիդ բարիք եւ օգուտ ըլլալը» (Անապատական Ս. Մակար մեծ ճգնաւորի խրատական քարոզներ, էջ 111): «Անոնք նաեւ մեզ հոգեպէս դաստիարակելու համար են. շնորհքը կը դաստիարակէ քեզ աստուածային նախախնամութեամբ, մինչեւ որ հասնիս կատարեալ հասունութեան (հոգեւոր)» (Անապատական Ս. Մակար մեծ ճգնաւորի խրատական քարոզներ, էջ 113): Եթէ մենք` քրիստոնեաներս, մեր մէջ Աստուծոյ շնորհքը աճեցնենք ու այդպիսով զԱստուած թագաւորեցնենք մեր սրտերուն մէջ, այդ ժամանակ մենք նոյնիսկ չենք զգար նեղութիւններուն ու տառապանքներուն ազդեցութիւնը, որովհետեւ մենք գինովցած կ՛ըլլանք Աստուծոյ շնորհքով եւ Աստուծմէ բացի` ուրիշ բանի մը ազդեցութիւնը չենք ունենար:
Երկնառաքն Յիսուս կ՛ըսէ. «Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ. 16. 33): Այս խօսքով մեր Փրկիչը` Քրիստոս կ՛ուզէ ըսել. «Ես, որ ձեր մէջ եմ, ձեր միջոցով յաղթեցի աշխարհին: Ձեր մէջ գտնուող խաղաղութիւնը աւելի հզօր է, քան այս աշխարհի խռովքը: Այս աշխարհին խռովքը չի կրնար մուտք գործել ձեր ներաշխարհը եւ ձեզ խաթարել, եթէ դուք թոյլ չտաք: Որովհետեւ ձեր մէջ բոյն հաստատած խաղաղութիւնը աւելի մեծ է եւ` աւելի զօրեղ, որովհետեւ ձեր մէջ գտնուող Քրիստոսը աւելի մեծ է, քան` այս աշխարհի նեղութիւններն ու դժուարութիւնները»:
Պիքֆայա, Լիբանան