Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերէն Սորվելու Կարիք Չկայ, Եթէ Ֆրանսերէն Եւ Քիչ Մըն Ալ Անգլերէն Գիտես

September 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մակար ի Գաղիա

Կեդրոնականցի Արմենակ այցի եկած էր: Կանխահաս աշունը մեզ խցկած էր չորս պատերու ետին: Մակարուհին, փոխան սուրճի, թէյ պատրաստեց:

Երկար չսպասեցինք լսելու համար Արմենակի այլեւս չցնցող անմիջական լուրերը:

– Մակա՛ր, մեր քաղաքապետը հայերէն դասերու համար կը վարձատրէր հայ ուսուցիչ մը: Պիտի դադրեցնէ յատկացումը: Քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամ տիկ. Լիլիան Իսհաք, որուն նախաձեռնութիւնն էր դասընթացքը, դիմած է քաղաքապետին` դադարեցման պատճառը հասկնալու:

Մակարուհին հարցուց.

– Իսկ Լիլիան Իսհաքը ինք հայերէն գիտէ՞:

– Չի գիտեր, զաւակներն ալ չեն գիտեր: Այդ խիղճի պարտք էր, քանի որ հայ համայնքի անունով թեկնածու եղած էր:

– Ի՞նչ պատասխանած է քաղաքապետը,- հարցուցի:

– Գործնապաշտ եւ խնայասէր` ան ըսած է, որ երբեմն Հայաստանի հեռատեսիլը կը դիտէ եւ կը հասկնայ առանց հայերէն գիտնալու:

– Այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ,- ընդմիջեց Մակարուհին:

– Ան բացատրած է, որ ֆրանսացիին համար դժուար չէ հայերէն հասկնալ, քանի որ գործածուած բառերուն մեծ մասը ֆրանսերէն են` թերթերու մէջ կարդացուող կամ հեռատեսիլէն լսուող, վերջաւորութեան եղած փոփոխութիւններով: Տուած է օրինակներ. կալկուլացիա, իմիտացիա, պռոկրեսիա, քոմենթ, քաոտիկ, փրոտաքշըն, ցիկլ, ցենտրիզմ, տրիբունալ, ցիտատել, ցերբերներ, տրանսֆերտ, տրադիցիոնալ, տոքսիկ, տրագիկ, տեմպ, տենդենց, ստապիլ, ստագնացիոն…

Մակարուհին կրկին միջամտեց.

– Ուրեմն ան եթէ Հայաստան հրաւիրուի, կամ զինք ընտրող հայերուն հետ զբօսաշրջութեան համար հոն երթայ, կրնայ հեռատեսիլէն հայերէն խօսիլ` վստահ ըլլալով, որ պիտի հասկցուի:

– Ճի՛շդ, Հայաստանէն նախարար, տնօրէնները եթէ Ֆրանսա գան, ֆրանսերէն սորվելու կարիք չունին, քանի որ իրենց հայերէնը ֆրանսականացած է էնտուզիազմով, կոնվենցիայով, ստերիլով, սպեցիֆիկով, սիւբվանցիոնով, սինթէզով եւ սիմպաթիայով: Յիշէ՛ հպարտ վարչապետի խօսքը, որ պինցետով եւ արաղով թագաժահրը` կորոնավիրուսը, դուրս պիտի դնէր, մոռցանք, գէթ հրաշէկ ունելիով այդ ընէ օտար եւ մեզ օտարացնող բառերու դէմ:

Խորհեցայ եւ ըսի հետեւեալը.

– Եթէ Ֆրանսայէն 15.000 քմ հեռու եղող տեսակ մը ֆրանսերէն խօսող Թահիթին Ֆրանսա կրնայ ըլլալ, հայերէնը ֆրանսականացուցած Հայաստանն ալ Ֆրանսա կրնայ ըլլալ, լոսասէր Հայաստանը` Միացեալ Նահանգներու նոր նահանգ, դրօշակին վրայ աստղ մը աւելցնելով: Չըսի՞նք եւ չկրկնեցի՞նք, որ համաշխարհային ազգ ենք, համաշխարհայնացման առաջատար:

– Պռաւօ՛ Մակար, պէտք է աւետել, որ գտնուած է, յանձին քեզի, Հայաստանի տագնապները լուծելու ատակ նախախնամական առաջնորդ: Բայց Հայաստան ինքզինքէն զատ ուրիշը չի լսեր, եթէ լսէ, պարտութիւնը յաղթանակ չի համարեր: Իսկ սփիւռքի բազմամիլիոն հայութիւնը կառքին հինգերորդ անիւն անգամ չէ…

Արմենակ դիմակը դրաւ եւ գնաց: Չսպասեց, որ Էլպիսին բարեւ ղրկենք:

Իրենք զիրենք լուսաւորող ղեկավարներ պիտի ըսեն, թէ` պոֆ, ի՞նչ կարիք կայ այս կարգի հարցերու: Մշակենք անմիջական եւ հեռանկարային ռազմավարութիւն: Եւ խօսինք…

Ղեկավարի պէս խորհեցայ, որ եթէ ֆրանսերէն գիտնալ բաւարար է հայերէն խօսելու, խնայողութեան ռազմավարութեամբ փակենք դպրոցները…

20 օգոստոս 2021

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կայ Մեր Սմարթֆոնին Մէջ

Յաջորդը

Զքրիստոս Թագաւորեցուցա՞ծ Ես Քու Մէջդ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.