ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չեմ յիշեր ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը: Մի՛ հարցնէք` ինչո՞ւ, կը խնդրեմ, որովհետեւ նոյնիսկ չեմ յիշեր այդ օրուան ուսերէն կախուած այլ մանր-մունր մանրամասնութիւններն ալ: Այդ բոլորը մտքիս ծալքերէն արդէն շատոնց ջնջուած են: Միայն մինչեւ այսօր, այս տարիքիս, տակաւին ուղեղիս նոյն այդ ծալքերուն մէջ կը յամենայ դէպքի մը կնիքը` իբրեւ տեսակ մը գեղեցիկ ու հպարտալի օրինակ: Տողերս պարզեմ:
Այսպէս, երեք ընկերներով, ինչպէս միշտ, այդ օր ալ մեր այդ հին քաղաքի միակ մարզադաշտը, որ «մալաապ պալատի»` «քաղաքապետարանի դաշտ» կը կոչուէր, ներկայ էինք մեր սիրելի միութեան` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբի խաղին:
Դարձեալ մի՛ հարցնէք, թէ այդ օրուան խաղը որո՞ւ հետ էր, որովհետեւ ըսի, չէ՞, այդքան ալ կարեւոր կամ էական չէր: Տարիներ տարիներ առաջ էր: Միայն կը յիշեմ օրուան մեծ դէպք-պատահարը: Ուսանելի եւ նոյնքան ալ` դաստիարակիչ: Այս էր կարեւորը, որ մինչեւ այսօր մտքիս մէջ շալկած կը պտտիմ եւ զանազան առիթներուն` իբրեւ մաքուր եւ նկարագրելի օրինակ, կը պատմեմ: Կը բաղդատեմ: Կը մէջբերեմ: Կը հպարտանամ:
Այսպէս, խաղի պահուն, կարծեմ իրաւարարը իր սխալ եւ անօրէն սուլիչի պատճառով, իբրեւ պատիժ, մեզի` մեր խումբին, «փենալթի» տուած էր: Որոշում մը, որ իբրեւ հանդիսատեսի` քե՛զ նոյնիսկ նստած տեղդ կը վրդովէ: Կը ջղայնանաս: Արիւնդ գլխուդ «կը զարնէ»: Կը պոռաս: Աղմկալից բողոք: Տեղէդ ոտքի կ՛ելլես: Իրաւարարին ձեռքով-ոտքով ցուցմունքներ կու տաս: Կ՛ընդդիմանաս: Զինք իրաւարարներու «դպրոցը» կը ղրկես: Ահա ճիշդ այդ պահուն ամբողջ դաշտը արդէն «կրակի վրայ նստած է»: Անարդար որոշում: Բայց վերջապէս որոշում էր եւ ան ալ` իրաւարարի սուլիչով ու ձեռքի ցուցմունքով հաստատուած:
Ապա, մեր խումբի կոլար-բերդապահը, որուն ընդհանրապէս նաեւ կը պարտինք խումբին յաղթանակներուն մեծ բաժինն ալ, իրաւարարի որոշման չհանդուրժելով, ի զարմանս բոլորին, այս անգամ ինք` առ ի բողոք եւ ընդվզում, պոռալով ու բարկանալով, իր խաղընկերներուն հրամայեց խաղը կիսատ ձգելով` դաշտէն հեռանալ:
Է՜հ… այս մէկը պարտութիւն կը նշանակէր, իսկ մեզի համար ալ` մեծ ամօթ: Պարտուի՞լ:
Բայց եւ այնպէս արդար բողոքի մը մէկ արտայայտութիւնը ըլլալէ չէր դադրեր: Իբրեւ հանդիսատեսի` այս որոշումը բոլորիս համար ալ շատ ծանր էր:
Սակայն… անարդար կամ ոչ` սուլիչը սուլուած էր: «Փենալթի»: Պատիժ:
Եւ յանկարծ տեսանք, որ խումբին խմբապետը վազելով հասած էր բերդապահին մօտ: Հարցը լուրջ էր: Ստեղծուածէն աւելի լուրջ: Խմբապետը նախ իր մօտ կանչեց մեր բերդապահը: Այս վերջինը, հնազանդ եւ խելօք, մօտեցաւ ու շիտակ, զինուորականի մը նման հնազանդ կեցաւ ճիշդ իր մեծին դիմաց: Խմբապետը հրահանգեց խաղին վերադառնալ: Բերդապահը գլխով մերժողական պատասխանեց: Ու այդ պահուն էր, երբ յանկարծ խմբապետը իր աջ ձեռքով աղմկոտ ապտակ մը իջեցուց իր դէմ քարացած բերդապահի դէմքին, միաժամանակ զայն սաստելով` վերադառնալ բերդ` իր տեղը:
Վայրկեանին մեր դէմքերուն վրայ զարմանք մը սառեցաւ: Անժամանակ եւ անակնկալ: Իր կարգին դաշտն ալ դիտեց եւ յանկարծ ծանր լռութիւն մը իջաւ ամբողջ տարածքին: Ամէն մարդ ապշած` իր տեղը սառած կանգնած էր կարծես: Խմբապետ-հրամանատարը ոչ միայն հրահանգած էր, այլ նաեւ ծանր ապտակով մը պատժած` իրեն համար օրինազանց լաւագոյն իր մարզիկին:
Հիմա հարցը այդ անիծեալ «փենալթին» չէր, այլ` այդ ապտակը:
Ամբողջ դաշտը պիտի կարծէր, որ մեր «կոլարը» շուտով պիտի ընդվզէր, պիտի փոխադարձէր, պիտի շարունակէր իր հակադարձութիւնը եւ այս անգամ ներքին ըսի ըսաւով, կռիւ մըն ալ պիտի ստեղծուէր: Բայց սխալած էինք բոլորս ալ: Իրականութեան մէջ խումբի տարիներու բերդապահը, ստանալէ ետք իր պատիժ-ապտակը, վերադարձած էր իր տեղը ու խաղը` շարունակուած: Անկէ ետք արդիւնքը կարեւոր չէր: Պարտութիւն, կամ յաղթանակ էական չէր: Ինծի համար այս բոլորին մէջ էականը նոյն այդ բերդապահի միութենականի վարմունքն էր, անոր հարազատ եւ հնազանդ կեցուածքը ցուցաբերող արտայայտութիւնը: Ամբողջ դաշտի ներկաներուն առջեւ ապտակուի՞լ… եւ ապա առանց բողոքելու եւ առանց ընդդիմանալու` հրահանգին հնազանդելով, խաղի վերադառնա՞լ: Ո՞ւր տեսնուած է նման բան:
Ահա այս մէկը կը յիշեմ յստակօրէն, ու կարօտը դարձեալ սկսած է ուռեցնել կուրծքս: Ուստի կը փորձեմ ամփոփել յիշողութիւնս: Այս պահուն ծուռ կամ շիտակ եւ կամ աւելորդ մանրամասնութիւններ մտքէս շատոնց սրբուած են հաստատապէս: Տարիներ սահած են այս դէպքին վրայէն: Իսկ այսօր…
Ահա ՀՄԸՄ-ը եւ ահա` իր ջամբած դաստիարակութիւնը: Կ՛ըսեմ ու նաեւ կ՛աւելցնեմ` ահա մեծ միութենականը: Օրինակելի եւ հնազանդ: Հաւաքական հրճուանք մը եւ սրտապնդիչ երեւոյթ մըն էր, որ այդ պահուն լեցուցած էր էութիւնս: Անոր համար է, որ մեծ ու մաքուր խորհուրդ մը կը տեսնեմ, կայ, գոյութիւն ունի, այս ապտակին մէջ: Անբիծ:
Ու այս օրերուն թէեւ ճակատագրի բերմամբ հեռու եմ ծննդավայրէս, բայց այս յիշեցումի պահուս յանկարծ դարձեալ Հալէպը իմ աչքերովս հոգւոյս մէջ ինծի կը նայի: Կը զգամ: Ա՛ն իր եւ մեր միութեան նման պատմական յիշատակ չէ, այլ սրտիս մէջ խօսող, արեանս մէջ խմիչքի նման ոգեւորող, հայրենիքի վերածած եմ զայն: Ա՛ն դարձեալ սրտիս կը խօսի իր մեծով եւ պզտիկով: Ու այս «ապտակը» եւ զայն ստացողը մինչեւ այսօր սրտիս մէջ կը ծփան իբրեւ մաքրամաքուր յիշատակ:
Իսկ հիմա, իսկ այս օրերուն որքան բան փոխուած է երէկի եւ այսօրուան միջեւ: Ո՞վ է այն անհատը, որ ապտակ մը ստանալէ ետք չի հակադարձեր: Ըսէ՛ք: Ո՞ւր տեսնուած է: Ո՞ւր կը գտնէք նման մարդ:
Յստակ է, որ մեր ներկան ծածկած է նաեւ մեր անցեալը: Հակասական դար եւ վիրաւոր: Կարծես յաճախ դիմազուրկ կ՛ապրինք, բայց եւ այնպէս անձնապէս միութենական ըլլալու հպարտութիւնս միշտ կը պտտցնեմ կեանքիս մէջ: Աշխարհը դարձած է գրեթէ անշնչելի, կը կրկնեմ շարունակ եւ ամէն առիթով: Գիտենք, որ պատմութիւնը տարօրինակ խաղեր ալ կը խաղայ, բայց նոյն այդ պատմութիւնը չի կրնար մարդոց մտքէն սրբել այն, ինչ որ սրբազան է եւ օրինակելի: Ուստի տողերուս դրած եմ հպարտ համարձակութիւնս` հանդարտ անկեղծութեանս կողքին:
Մաքուր եւ հնազանդ միութենականի ոճ եւ մտածողութիւն, շարունակ կը կրկնեմ: Ուրախ եմ, որ յիշողութեան թոյնը չէ պղտորած այս մէկը` մտքիս բանալիին հետ միատեղ: Անոր համար յուշերս, դէպքերն ու դէմքերը այս վայրկեանին կը հրաժարին կանգ առնելէ: Նոր ու գեղեցիկ եւ հաճելի տագնապ մը կ՛ապրիմ:
Հո՛ն, մեր այդ պատմական քաղաքին մէջ նուիրեալներու սերունդ մը ունէինք: Անոր շունչին տակ մեծցանք մենք ու մեր քաղաքը: Ու… որքա՜ն գեղեցիկ էր Հալէպը եւ նոյնքան ալ ի՛նք` մեր ՀՄԸՄ-ը, կը շարունակեմ մտովի, որ կրցած էր ստեղծել ու դաստիարակել նման սերունդ մը, որ իբրեւ նկարագրի կէտեր` ունէր սքանչելի հաւատարմութիւն, գնահատանք եւ մեծերու նկատմամբ յարգանք, անսակարկ զոհաբերութեամբ եւ անուրանալի նուիրումով:
Պրկուած կոկորդով դարձեալ կը յիշեմ: Քիչ մը կարօտ, քիչ մը յուշ:
Թէեւ ծննդավայրս տակաւին ունի վիրաւոր ձայներու իր երգը, թէեւ հոն հայ կեանքը զանազան շփոթանքներով լեցուած է, սակայն կը հաւատամ, որ տակաւին մեր այս «կոլարին» նման պահած է իր ոգին ու հաւատքը:
Զոհողութիւն, համբերանք, յարգանք` իբրեւ արձանացած իրողութիւններ, հոն տակաւին կը մնան մեր կեանքի ազգային հարստութեան խորհրդանիշները: Այս բոլորը` նաեւ ժառանգուած նոյն այս մեծ ընտանիքէն: Հաճելի ու ծանր փորձառութիւն:
Ու միշտ կը յիշեմ զինք` «կոլարը», որ թէեւ բարձրացուց բողոքի դրօշը եւ սակայն վերջը հնազանդեցաւ իր մեծին, գիտակցօրէն եւ հաւատարիմ: Ինքն էր, որ այս օրերուն բացաւ մտքիս դռները: Անոր համար ապրումներս ժողվելով յատուկ յարգանքիս կողքին, ունիմ իւրայատուկ զմայլանք մըն ալ:
Յաճախ պէտք է դիտել, պեղել խորհուրդը, ստեղծել ժամանակը, որպէսզի չպղտորի մեր կեանքի հոսքը, կը մտածեմ: Իսկ այսօր կը յիշեմ այդ միութենականը ու մտածումներովս կ՛որսամ լռութիւնն ու ուրախութիւնը: Ու անմեղ հարցում մը կը գծագրուի մտքիս մէջ. այս օրերուն նոր մարդիկ արդեօ՞ք կը լսեն ապտակի «պատգամը», որ բացուած գիրքի նման պարզ եւ խոր ու գեղեցիկ էջերով տեղաւորուած է մտածումներուս մէջ: Անոր համար դէմքիս վրայ ծանր շուք մը կ՛իյնայ: Թէեւ դէպքը անցած է երազի նման, սակայն դժուար է երէկը հաշտեցնել այսօրուան հետ, որովհետեւ ճակատագրի բերումով երէկը մնացած է կէս ճամբան: Երեւակայութիւնս զիս կը հալածէ: Պէտք չէ կորսնցնել կապը` կը շեփորեմ:
Ինծի համար խօսի՛լ, գրե՛լ եւ կամ արտայայտուի՛լ ՀՄԸՄ-ի մասին, կը նշանակէ խօսի՛լ սփիւռքեան մեր հայոց պատմութեան մասին, ուր մեր նոր սերունդի ժառանգորդներուն մօտ տեսանելի էր հայրենասիրութեան եւ հայապահպանման ոգին` մեր հայրենիքի ու անոր ազատութեան սէրով շաղախուած եւ հայու օրինակելի մարտնչող կամքով գօտեպնդուած:
ՀՄԸՄ-ը` սփիւռքեան հայոց պատմութեան եւ հայութեան ազգային գոյամարտի անբաժան մէկ մասնիկ: Գուրգուրոտ խնամքով, հայ մարդ պատրաստելու չարքաշութեամբ եւ մանաւանդ ազգային արժէքներ սնուցանելու առողջ եւ կայտառ մարմին պահելու նախաձեռնութեամբ` հարուստ հայոց պատմութիւն մը:
Վկայ` տասնամեակներ առաջ Հալէպի մեր ֆութպոլի խումբի «կոլար» եղբ. Անդրանիկ Սիւլիքճեանն ու նաեւ օրինակելի եւ զոհաբերող միութենական եւ կարգապահ խմբապետ եղբ. Աբրահամ Աւընեանի օրինակները, որոնց նմաններուն ՀՄԸՄ-ի ընձեռած ազգային ընտանիքին ու մեր հաւաքական կեանքի բոլոր մաքուր եւ վեհ գիծերուն շնորհիւ է, որ կ՛ամրապնդուին մեր ապագայի յոյսերը` իբրեւ կիրթ ու կարգապահ հայ եւ տիպար քաղաքացի: