Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Քանատայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ` Հայ Դատի Յանձնախումբի Քաղաքական Ուղենիշները

September 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սեպտեմբեր 20-ին Քանատայի մէջ պիտի կայանան դաշնակցային խորհրդարանական 44-րդ ընտրութիւնները: Ինչպէս անցեալին, այս անգամ եւս Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակած է նախընտրական փուլի քաղաքական առաջնահերթութիւններու թղթածրարը, որ կ՛ընդգրկէ Հայաստանի, Արցախի, եւ Քանատայի հայութեան առնչուող` յանձնախումբին որդեգրած բազմաբեւեռ ուղենիշները:

Արցախեան հիմնահարցի գծով թղթածրարը յստակօրէն կը նպատակադրէ ապահովել հանրապետութեան ինքնորոշման եւ անկախութեան իրաւունքը եւ Քանատայի կառավարութենէն կը պահանջէ սկզբունքային դիրքորոշում ճշդել Արցախի կարգավիճակին գծով եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը` որպէս լիակատար անկախութեամբ պետականութիւն:

Քանատական ռազմական սարքերու Թուրքիոյ վաճառման արտօնագրերը կասեցնելու կառավարական որոշման գծով յանձնախումբը պատերազմական սարքերու արտահանման վերահսկման գործընթացին մէջ աւելի գործնական քայլերու ակնկալութեամբ` կը պահանջէ Պաքուի եւ Անգարայի նման սարքերու վաճառման ամբողջական արգելակումը եւ ի պահանջել հարկին` տնտեսական պատժամիջոցներու որդեգրումը:

Թուրք-ազրպէյճանական նախայարձակման պատճառով Արցախի մէջ յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամին գծով յանձնախումբը անհրաժեշտ կը նկատէ Քանատայի գործնական օժանդակութիւնը Արցախի տեղահանուած ժողովուրդին մարդասիրական կարիքներուն աջակցութեան ծիրէն ներս: Միաժամանակ կոչ կ՛ուղղէ Օթթաուայի պատկան իշխանութիւններուն` վերահաս ըլլալու, որ Արցախի մշակութային յուշարձաններու քանդումն ու հոգեւոր ժառանգութեանց սրբապղծութեան դէպքերու անպատժելիութիւնը մշակութային նորանոր ոճիրներու ճանապարհ կը հարթէ, ուստի Արցախի մէջ բազմադարեայ հայկական քաղաքակրթութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի վկաները հանդիսացող այդ յուշարձաններու ի սպառ ոչնչացումը կանխարգիլելու գործընթացը օրուան հրամայական է:

Յանձնախումբը կը յանձնարարէ նաեւ, որ Քանատան` որպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ մարդկային իրաւանց ջահակիր պետութիւն, միջազգային գետնի վրայ անհրաժեշտ քայլերու դիմէ ռազմական յանցագործութիւններու գծով պատասխանատուութեան ենթարկելու Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ ճնշում գործադրէ Պաքուի իշխանութեանց վրայ` հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու ուղղութեամբ:

Ողջունելով հանդերձ Քանատայի յանձնառութիւնը` ուղղուած Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացի դրական զարգացման ծիրէն ներս եւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի մէջ յատուկ դեսպանորդ պատուիրակ նշանակելու Օթթաուայի նախաձեռնութիւնը,  յանձնախումբը լիայոյս է, որ Քանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու փոխշահաւէտ զարգացումը իրականացնելու համար անհրաժեշտ եւ առանցքային է Քանատայի մշտական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հաստատումը Երեւանի մէջ: Միաժամանակ յանձնախումբը կը շեշտէ Քանատայի վճռորոշ դերակատարութիւնը` Հայաստանի մէջ բարձրարժէք չափանիշներով ամրապնդուած ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Պատերազմէն ետք ազրպէյճանական զինուորական ստորաբաժանումներու կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու, ինքնիշխան սահմաններէն ներս ներխուժելու բազմաթիւ փորձերն ու տարածքային անհիմն պահանջները արդէն իսկ փխրուն հրադադարը վտանգի կ՛ենթարկեն եւ, առ այդ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ Քանատային, որ ի գործ դնէ իր ամբողջ դիւանագիտական ներուժը` պաշտպանելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ պահպանելու հրադադարը:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի` Հայկական հարցի լուծման սեւեռակէտը կը հանդիսանայ այն հիմնարար առաջադրանքը, որ Թուրքիա պարտաւոր է ընդունիլ Ցեղասպանութեան իր անժամանցելի պատասխանատուութիւնը եւ, ի դիմաց այդ յանցագործութեան, կատարէ լիակատար հատուցում` բռնագրաւուած պատմական հայկական հողատարածքներու եւ մշակութային ու հոգեւոր բնաջնջուած կամ իւրացուած կառոյցներուն ու յուշարձաններուն համար: Այս ծիրէն ներս Քանատան, արեւմտեան այլ գերտէրութիւններու հետ միատեղ, հնարաւորութիւնը ունի անհրաժեշտ ճնշումը գործադրելու թրքական իշխանութիւններուն վրայ` ճանչնալու իր գործած յանցագործութիւնը եւ առերեսուելու անցեալին հետ:

Հայ ժողովուրդի դատի արդար հանգուցալուծման հետամուտ եւ պահանջատիրութեան անվկանդ հետապնդման հաւատարիմ` Հայ դատի յանձնախումբը Քանատայի դաշնակցային ընտրութիւններուն պիտի ներկայացնէ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի միշտ աջակից հանդիսացած ընտրութեանց թեկնածուներու իր զօրակցական ցանկը եւ, ինչպէս անցեալին, այս ընտրութիւններուն եւս կոչ կ՛ուղղէ քանատահայութեան, որպէսզի քուէարկէ ի նպաստ այդ թեկնածուներուն:

Տասնամեակներու իր փորձառութեամբ, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը գիտակից է, որ հայ ազգի դիմագրաւած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման, «Զարգանալ` չզիջելով» սկզբունքին հաւատարիմ, իրեն վիճակուած է պատնէշի վրայ անվկանդ շարունակելու հայութեան Դատի արդար պայքարը եւ ամրագրելու հայրենիքի եւ քանատահայութեան կենսաերթը` պատմականօրէն ամէնէն դժուարին եւ բախտորոշ այս փուլին:

Նախորդը

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Յաջորդը

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Քեսապի Մէջ 2021-ին

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.