Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Փանոյեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Կարգապահ Ու Ընկերասէր Հայորդին

September 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտ քառասուն օրեր առաջ արտասովոր խուռներամ բազմութիւն մը համախմբուած էր Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Պոմոնի հայկական եկեղեցիէն ներս` յարգելու համար հայորդիի մը` Գրիգոր Փանոյեանի յիշատակը: Հայորդի մը, որ տասնամեակներ առաջ, շատ մը լիբանանահայերու նման, հարկադրաբար ժամանած էր Մարսէյ` զերոյէն սկսելու կերտել այն ապագան, զոր Լիբանանի ահաւոր պատերազմը կը սպառնար արգելակել: Գրիգորի համար շատ դժուար էր համակերպիլ Ֆրանսայի եւրոպական օրէնքներուն, ապրուստի եւ կենցաղային նոր ու տարբեր պայմաններուն, սովորութիւններուն: Նոր ամուսնացած ու առջինեկ զաւկի մը հայր` Գրիգոր, երկար ատեն դրան ետին դրած էր տունդարձի «վալիզը», որպէսզի յարմար առիթի Լիբանան վերադառնայ: Լիբանանի մէջ իր ապրած պատերազմական ահաւոր տեսարանները կը չարչրկէին անոր մտածումները ու երկար ատեն ան յանցաւորի խղճահարութեամբ կը մտահոգուէր, թէ ինչպէ՛ս իր ետին թողած էր իր ծնողն ու հարազատները: Ու ամէն պատեհ առիթի Գրիգոր իր կնոջ ու երեխային հետ կը վերադառնար Լիբանան, սակայն յաճախակիօրէն վերսկսող բախումները զինք դարձեալ յուսախաբ կ՛ընէին` գէթ օրապահիկ մը ապահովող աշխատանք մը եւ կայուն երդիք մը հաստատելու գծով:

Գրիգոր փոքր տարիքէն յաճախած էր Ազգային Լուսինեան-Գասարճեան վարժարանը, անդամակցած էր Պուրճ Համուտի Նոր Սիսի ՀՅԴ պատանեկան միութեան, ուր երկար ատեն անդամները տակաւին «պատանի» կը կոչուէին` հակառակ իրենց «աճող» տարիքին, մինչեւ որ եօթանասունական թուականներու կէսերուն հիմնուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը (ԼԵՄ): Պատանեկանի շարքերէն վարժուած իր խստապահանջ կարգապահութիւնը Գրիգոր կը կիրարկէր նաեւ իր տան մէջ: Երկար տարիներ ան աշխատեցաւ բարեկամի մը եւ ապա եղբօրը ձուլագործի արհեստանոցին մէջ` հմտանալով այս արհեստի գաղտնիքներուն եւ անոր ստեղծագործական հնարքներուն մէջ: Շրջան մը Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործեց շինարարական մարզէն ներս: Աւելի ուշ, վերադառնալով Լիբանան, Գրիգոր իր միութենական գործունէութիւնը շարունակեց Պուրճ Համուտի «Նիկոլ Դուման» ակումբէն ներս, ուր մինչեւ իր Ֆրանսա մեկնելու հարկադրուիլը, մաս կազմեց շրջանի թաղային ինքնապաշտպանութեան կամաւորական խումբին:

«Լեղին ճաշակողը քաղցրին համը գիտէ» կ՛ըսէ առածը, ու Գրիգոր թէեւ դժուարութեամբ, բայց ժամանակի ընթացքին ակամայ ընտելացաւ եւրոպական նոր պայմաններուն: Հետզհետէ մաս կազմեց Մարսէյի ազգային ու հոգեւոր կառոյցներու միութենական գործունէութեան: Եղաւ Թաղական խորհուրդի անդամ ու իբրեւ երէց ու փորձառու կուսակցական` մէկէ աւելի առիթներով դարձաւ Մարսէյի ՀՅԴ երիտասարդ նորագիրներու երդման արարողութեան «կնքահայրը»: Իրեն համար անկարելի կամ անլուծելի հարց չկար, այնքան ատեն որ կամք ու կարելիութիւն կար: Հակառակ իր խստապահանջ նկարագիրին` Գրիգոր չէր մոռցած իր շէնշող խառնուածքը ու յատկապէս միութենական շրջանակներու մէջ ձեւ մը կը գտնէր ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ իսկ ներկաները զուարճացնելու:

Գրիգորի «մեկնումը» որոշ բաց մը ձգեց գաղութին մէջ, սակայն անփոխարինելի մէկը չկայ, ուշ կամ կանուխ բոլորս «հոն ժամադրուած ենք»: Սակայն անոր քաղցր յիշատակին իրենց աղօթարար յարգանքի խօսքն ու երախտիքը արտայայտեցին շրջանի հոգեւոր հայրերէն` Արշէնն ու Կոմիտաս Յովնանեան քահանաները, ինչպէս նաեւ Հրաչ Վարժապետեանը` ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին անունով:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր Գրիգոր:

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ

Նախորդը

Զքրիստոս Թագաւորեցուցա՞ծ Ես Քու Մէջդ

Յաջորդը

Հարցազրոյց Յատուկ Լիբանան Գտնուող Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի Ու Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Հետ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.