Յօդուածներ

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Ուքրանիա. Պատժող, Պատժուող

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ուքրանիոյ հողին վրայ երեք շաբաթ առաջ պայթած պատերազմը բացայայտօրէն մանր աշխարհամարտ մըն է (մանր աշխարհամարտերուն նորագոյնը) մէկ կողմէ Ռուսիոյ եւ դաշնակիցներուն, ու միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ՕԹԱՆ-ին եւ անոր կողքին կանգնողներու միջեւ: Պատերազմի պայթումէն առաջ, նաեւ` մինչեւ այսօր, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, պատճառաբանութիւն, նախատեսութիւն եւ «մարգարէութիւն» հրապարակ նետուեցան արդարացնելու կամ մեղադրելու համար այս կամ այն կողմը, հաշուարկելու`...

Սպասում

Լռեցուած Զանգեր

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Հարցական.- «Լուռ Զանգեր» (Silent Bells -  «Սեսսիզ չանլար», 2020, 59 վ) Վանեցի քիւրտ արուեստաբան Մեհմեթ Ֆ. Կիւտենի կողմէ արտադրուած վաւերագրական-խաղարկային ժապաւէն մըն է Վանայ լիճի աւազանին մէջ գտնուող հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու մասին (1): Անցեալ տարի ժապաւէնը դիմած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին, բայց չէ ներառուած ցուցադրութեան ծրագրին մէջ: Կիւտեն կ՛ըսէ, որ իր միջոցներով ժապաւէնը պիտի ցուցադրէ Հայաստանի մէջ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ուրբաթ, 18 Մարտ 2022-ին, Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան ներկայ գտնուեցաւ Արքեպիսկոպոս Մակարիոս Գ – Տասուպոլիս Երկրորդական Վարժարանի հանդիսութեան՝ «Լեզուն Մեր Միակ Սեփականութիւնը», Մայրենի Լեզուի Օրուան առիթով՝ նուիրուած Հայերէն լեզուին, որ ընթացիկ 2021-2022 տարեշրջանին կը դասաւանդուի սոյն դպրոցին մէջ։ Պրն․ Մահտեսեան, ձեռնարկին իր պատգամը փոխանցեց նշելով իր խոր երախտագիտութիւնը հանդէպ՝ Արքեպիսկոպոս Մակարիոս Գ – Տասուպոլիս Երկրորդական Վարժարանին, Կիպրոսի Կրթութեան,...

Ուքրանահայ Գաղթականներ Հասած Են Ժընեւ

Ուքրանահայ Գաղթականներ Հասած Են Ժընեւ

Ժընեւի մեր աշխատակիցը՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան կը գրէ: Արդէն երեք շաբաթներէ ի վեր շարունակուող ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով միլիոնաւոր գաղթականներ հերթաբար կը հասնին Եւրոպա: Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեանէն ու Ծխական խորհուրդի ատենապետ Օննիկ Գազանճեանէն քաղուած տեղեկութիւններէն կ՛իմանանք, որ շուրջ քսանհինգ  ուքրանահայեր Քիեւէն, Խարքովէն եւ Օտեսայէն հասած են Ժընեւ, ոմանք Ուքարնիա ապրող Հայաստանի քաղաքացիներ են:...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Անտառի Փսփսուքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Յիշողութիւններ «Ազդակ»-էն

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ Մանկութեան քաղցր եւ դժուար օրերու յուշերս կը ներկայացնեմ «Ազդակ» թերթին առնչուող: «Ազդակ» թերթը եղած է իմ մանկութեան ընկերս: Լիբանան ծնած եմ եւ շատ սիրած եմ դպրոցը: Դժբախտաբար չեմ արժանացած բարձր ուսումի... աղքատութիւնը այդ տարիներուն ալ կը տիրապետէր, որովհետեւ գաղթական հայը դեռ նոր շունչ կ՛առնէր, սակայն հպարտ եմ ըսելու, որ ինքնաշխատութեամբ եւ «Ազդակ» թերթի միջոցով կրցայ այս օրուան հասնիլ...

Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ

Տեսակէտ. Հիմա Ո՞ւմ Ենք Սպասում

ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Այս օրերին գուցէ պէտք է Ձենով Օհանի պէս «7 գոմշի կաշի կապել»` մեր թոքերը չպատռելու, ամբողջ ուժով ՈՏՔԻ ԵԼՆԵԼՈՒ հրամայականը գոռալու, լսելի դարձնելու, նիկոլի փորած անյատակ փոսի մէջ ընկած, իր ճակատագրին անտեղեակ ժողովրդին, որ ուժ տայ նրանց դուրս նետուելու այդ փոսից, ինչպէս` մեր դիւցազնավէպում, Մըսրա Մելիքի որոգայթ փոսի մէջ ընկած Դաւթին, լսելի դարձաւ Ձենով Օհանի կանչը, ու...

Լիբանան Կատարած Իր Այցելութեան Աւարտին.  «Լիբանանը Չմոռնա՛նք» Կարգախօսով Վեր. Ժիլպերթ Լեւոնեան Ֆրանսայէն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան

Լիբանան Կատարած Իր Այցելութեան Աւարտին. «Լիբանանը Չմոռնա՛նք» Կարգախօսով Վեր. Ժիլպերթ Լեւոնեան Ֆրանսայէն Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան

Փարիզի Ալֆորվիլ շրջանի հայ աւետարանական հովիւ, վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան Ֆրանսայէն կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան: Արդարեւ, կիրակի, 20 փետրուար 2022-ի իր հովուական խօսքին մէջ վեր. Լեւոնեան անդրադարձաւ վերջերս Լիբանան կատարած իր այցելութեան ու այս առթիւ կայացած խօսակցութեանց եւ իր տպաւորութիւններուն մասին: Խօսելով վերջին շրջանին Լիբանանը հարուածած տագնապներուն` 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ժողովրդային ընկերային բողոքի ելոյթներէն մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս...

Պատերազմը Օգուտնե՞ր Ունի

Պատերազմը Օգուտնե՞ր Ունի

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Կասկածէ վեր է, որ պատերազմը անբաղձալի է եւ հետեւանքը` անկանխատեսելի: Ճիշդ է, որ կողմերէն մէկը կը յաղթէ, միւսը կը պարտուի, բայց երկուքն ալ ի՜նչ գին կը վճարեն ատոր համար: «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի կայքը հրապարակած է յօդուած մը, ուր ուսումնասիրողներ ներկայացուցած են, թէ պատերազմը նոյնպէս կրնայ վերամիացնել մարդիկ, որոնք կը նախաձեռնեն իրենց երկրի վերակառուցման եւ ազգային միասնականութեան: Յօդուածը...

Առաջնորդական Պատգամ.  Ամանորի, Ս. Ծնունդի Եւ Աստուածայայտնութեան Առիթով

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (51) Արամ Ա. կաթողիկոս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հովուապետական այցելութիւն շնորհած ընթացքին նաեւ տեղական հոգեւոր պետի մը կ՛այցելէ եւ ոսկեզօծ հայկական լանջախաչ մը կ՛անցընէ անոր վիզէն: Ըստ երեւոյթին, բարձրաստիճան հոգեւորականը խաչին թէ՛ արուեստէն եւ թէ՛ նիւթական արժէքէն կը հմայուի, որովհետեւ զրոյցի ընթացքին անդադար խաչը կը շօշափէ, խաչին կը նայի եւ ուշադրութիւնը առաւելաբար խաչին վրայ կը պահէ: Երբ հոգեւորականը...

Գարնանային

Մենք Ալ Մարդ Ենք

ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ Բախտաւորներէն եմ. մեծ մասամբ քաղաքականացուած լրատուական ցանցերէն ինքզինքս պաշտպանելու միջոցներէն մէկը գտեր եմ: Հեռատեսիլէն հեռու կը փորձեմ մնալ: Բայց այս պարագային փախուստ չկայ. ուզեմ կամ չուզեմ համակարգիչիս պաստառին վրայ կը ցատկեն «հրատապ» լուրերը` Ուքրանիա...  Դուրսը քալած ժամանակս կ՛անցնին պարզուած դրօշները` Ուքրանիա... Աշխատանքիս ժողովները կը սկսին` Ուքրանիա... Ուտեստեղէնի խանութին մէջ շարքի կեցած եմ, ականջիս տակ` Ուքրանիա... Տան մէջ նստած,...

Ուքրանիա, Չաւարտած Համաշխարհային, Փլուզուած ԽՍՀՄ, Ռուսիա Եւ Աշխարհաքաղաքական Ճատրակ

Մ. Յ. Ռուսական ներխուժումը Ուքրանիա համաշխարհային տագնապի ծնունդ տուաւ, քանի որ այլեւս հեռուն մօտ է: Աւերներու պատկերները կը գրաւեն բոլորին ուշադրութիւնը: Անմիջականէն անդինը պէտք է հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Ռուսիա ձեռնարկեց պատերազմի: Ի՞նչ են արդարացումները եւ պատճառները: Պատերազմի սկիզբը նախագահ Վլատիմիր Փութին խօսեցաւ յատուկ զինուորական գործողութեան մասին, պատերազմի յայտարարութիւն չկար: Կար բացատրութիւն մը. 1991-էն ի վեր անկախ Ուքրանիան թափանցուած է նոր...

Ակնարկ.  Խաղաղութեան Տարբեր Առաջարկներ Եւ Միջնորդական Անորոշութիւններ

Ակնարկ. Խաղաղութեան Տարբեր Առաջարկներ Եւ Միջնորդական Անորոշութիւններ

Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յղուած «խաղաղութեան 5 առաջարկներու» թղթածրարի կէտերը հետեւեալներն են. . Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում: Պետութիւններու` իրար նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում: Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրար անվտանգութեան սպառնալէ, քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներ ու ուժ կիրարկելէ եւ ՄԱԿ-ի...

Թուրքիա Կ’ուղղուի Դէպի Մեծն Թուրանիա, Իսկ Ռուսիա Վտանգի Փողեր Կը Հնչեցնէ

Թուրքիա Կ’ուղղուի Դէպի Մեծն Թուրանիա, Իսկ Ռուսիա Վտանգի Փողեր Կը Հնչեցնէ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հակառակ անոր որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին մօտ օրէն պիտի այցելէ Թուրքիա, եւ հակառակ այն իրականութեան, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները ոչ միայն հեզասահ են, այլ հիանալի վիճակի մէջ կը գտնուին, Թուրքիա ոչ մէկ առիթ կը փախցնէ Մեծն Թուրանիա կերտելու իր երազէն հրաժարելու, ընդհակառակն, ճիգ չի խնայեր վերադարձնելու Օսմանեան կայսրութեան «փառքեր»-ը: Այս նպատակը իրականացնելու...

Վլատիմիր Փութին` Կայսերական, Կամ`  Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը

Վլատիմիր Փութին` Կայսերական, Կամ` Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը

ԱՐՇԱԿ ՊԱՒՈՒԿԵԱՆ Այս օրերուն լուսարձակները բնականաբար ուղղուած են ռուս-ուքրանական պատերազմին վրայ, որ Ռուսիոյ կողմէ կոչուած է «յատուկ պատերազմ»: Ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառը Ուքրանիոյ անջատողական շարժումն էր այն առումով, որ Ուքրանիա կ՛ուզէր հեռանալ Ռուսիոյ ազդեցութենէն եւ միանալ ՕԹԱՆ-ին, սակայն Ռուսիոյ նախագահ (կայսր) Վլատիմիր Փութին արգելք կը հանդիսանար անոր: Ռուսիոյ ամէնէն հաւատարիմ գործընկերները Հայաստանն ու Պիելոռուսիոյ նախագահ Լուքաշենքոն են: Վերջինը նոյնիսկ առիթով մը...

Ընտրեալ Գիրքերը Ընտրեալ Ընկերներ Են

Ընտրեալ Գիրքերը Ընտրեալ Ընկերներ Են

ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ - Այս գիրքին վրայ tax պիտի աւելցնե՞նք,- կը հարցնէ ընթերցասէր կին մը: - Ո՛չ, հոս Հայաստան է,¬ կը կատակէ գրատարածի պատասխանատուներէն մին: - Տղաս 7 տարեկան է եւ ուսուցչուհին` տիկին Սիլվան, ըսած է որ անպայման շաբաթը մէկ հայերէն գիրք պէտք է կարդան, կը դիմէ ծնող մը Համազգային Յ. Մանուկեան Գրադարանի  անձնակազմին : - Ես քովս ճիշդ 100 տոլար...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Քանատա Թորոնթոն Մեծ Շուքով Կը Տօնէ ՀՅԴ 131-ամեակը` Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Շարժումի Սկզբնաւորման Տարեդարձներուն Զուգահեռ 5 մարտին Թորոնթոյի մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-րդ տարեդարձը, ազգային ըմբոստացումի երկու կարեւոր փաստերու` Փետրուարեան ապստամբութեան 101-րդ տարեդարձին եւ արցախեան ազատագրական պայքարի սկզբնաւորումի 34-րդ տարեդարձին զուգահեռ: Օրուան հանդիսավար ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Ճինա Գույումճեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ,...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի, 14 Մարտ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00 – 13:00, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի բոլոր կրօնապետներուն (եւ անոնց ներկայացուցիչներուն) Խրիսոսթոմոս Արք.ի (առողջական պատճառով բանաւոր բացակայ) ներկայացուցիչ՝ Տ. Փորֆիրիոս Եպիսկոպոսի, Իմամ Շաքիրի, Մարոնիթներու Արքեպիսկոպոս Սելիմ Սֆէյրի, Լատին եկեղեցւոյ պետ` Հայր Ճօրճ Գրաճի հետ, ընդառաջելով Շուէտի դեսպան՝ Անտըրս Հակըլպէրկի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Religious Track–ի արտակարգ հանդիպումի մը Շուէտի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Ցնծա՛ Եւ Հպարտացի՛ր, Ո՜վ Հայ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ցնծա՛,  հա՛յ ժողովուրդ, քանզի կ՛ապրիս պատմական, հպարտառիթ օրեր: Ուրախացի՜ր, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնը անգերազանցելի հայրենասիրութեամբ կրնկակոխ կը հետապնդէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան շրջանի բացման ծրագիրները. ի՜նչ հոգ, որ թշնամական արարքները կը շարունակուին (դո՛ւն ալ կոյր ձեւացիր): Ինչո՞ւ չհրճուիլ, երբ իշխանութեան յառաջապահ շարքերը կը համալրուին (կրաւորական) նոր խաղաղասէրներով: Բազում են հպարտութեան եւ ցնծութեան պատճառներդ: Եթէ բոլորը թուենք, այս սիւնակը...

Ի՞նչ Ըսաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Ի՞նչ Ըսաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար Ընդհանուր ժողովը կը հանդիսանայ կազմակերպական այն բարձրագոյն օղակը, որ տիրող ընդհանուր կացութեան լոյսին տակ կը ճշդէ յաջորդ ժամանակաշրջանի ընդհանուր ռազմավարութիւնը եւ պարտականութիւն կու տայ գործադիր մարմիններուն, որ անոնք մարտավարական լուծումներով ի կատար ածեն մշակուած ռազմավարութիւնը: Հայութեան ու Հայաստանին համար ճակատագրական այս օրերուն շատ էին Ընդհանուր ժողովէն եղած սպասելիքները: Յաճախ այդ սպասելիքներուն մէջ կը խառնուէին...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Հասարակական-Քաղաքական  Գործիչ Եւ Գրող Ալվարդ Պետրոսեան

Ալվարդ Պետրոսեանի Մահը Կրկնակի Կորուստ Է

ՅԱՐՈՒԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Երէկ Դիմատետրը ողողուած էր Ալվարդ Պետրոսեանի մահը գուժող լուրով եւ ցաւակցութիւններով: Շատեր կը կեդրոնանային իր ազգային ու հանրային-հասարակական գործունէութեան, յա՛տկապէս ՀՕՄ-ի ճամբով կատարած ներդրումին, ուրիշներ բարեբախտաբար կը յիշէին իր գրական վաստակը նաեւ: Խորքին մէջ Ալ. Պետրոսեանի մահը կրկնակի կորուստ է, որովհետեւ այդքան խոստմնալից արձակագրուհիին մէջ հետզհետէ գրագէտը իր տեղը զիջեցաւ աշխուժ հանրային գործիչին ... Պիտի ըսուի, որ այս...

Page 355 of 1112 1 … 354 355 356 … 1,112

Արխիւներ