Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լռեցուած Զանգեր

Մարտ 19, 2022
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հարցական.- «Լուռ Զանգեր» (Silent Bells –  «Սեսսիզ չանլար», 2020, 59 վ)

Վանեցի քիւրտ արուեստաբան Մեհմեթ Ֆ. Կիւտենի կողմէ արտադրուած վաւերագրական-խաղարկային ժապաւէն մըն է Վանայ լիճի աւազանին մէջ գտնուող հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու մասին (1): Անցեալ տարի ժապաւէնը դիմած է «Ոսկէ ծիրան» փառատօնին, բայց չէ ներառուած ցուցադրութեան ծրագրին մէջ: Կիւտեն կ՛ըսէ, որ իր միջոցներով ժապաւէնը պիտի ցուցադրէ Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս: Փառատօնի դատական կազմեր պարտաւորուած չեն իրենց որոշումները հրապարակաւ հիմնաւորելու: Կարելի է միայն ենթադրութիւններ կատարել…

Առաջադրանքը.- Արտադրողը կը յայտնէ, որ իր նպատակը եղած է Վանայ լիճի աւազանին մէջ գտնուող, ոչնչանալու վտանգին առաջ  կանգնած հնավայրերը տեսանելի դարձնել Թուրքիոյ եւ յատկապէս շրջանի քիւրտ բնակչութեան, ուսումնասիրութիւններ կատարել եւ ջանալ զանոնք պահպանել: Շրջանին մէջ կան աւելի քան չորս հարիւր եկեղեցի եւ շուրջ 60 վանք: Նախքան նկարահանում` հրապարակուած ծրագրին մէջ որպէս «առաջին քայլ» ընտրուած են այն վայրերը, որոնք կարեւոր կեդրոններ եղած են եւ տակաւին որոշ չափով կանգուն են.

Ա. Կտուցի անապատը, որ նախապէս թերակղզիի ծայրամաս եղած է (այժմ` Չարփանաք կղզի) (2),

Բ. Լիմ կղզիի (այժմ` Ատըր) անապատը,

Գ. Բերկրիի (այժմ` Մուրատիէ) Ս. Ստեփանոս վանքը,

Դ. Ոստան (այժմ` Կեւաշ), Կարմրավանք,

Ե. Ս. Թովմա վանք, Գանձակ (այժմ` Ալթընսաչ),

Զ. Աղթամարի Ս. Խաչ վանք,

Է. Անձղնապատ (այժմ` Տէվէպոյնու), Ս. Յարութիւն կամ Դիւաբոյն վանք,

Ը. Վարագայ վանք (Ետիքիլիսէ – Եօթը եկեղեցի),

Թ. Աղբակ (այժմ` Պաշքալէ), Ս. Բարթուղիմէոս եկեղեցի,

Ժ. Աղբակ, Ս. Խաչ վանք:

Գործադրութիւն.– Հրապարակուած առաջադրանքը ողջունելի է: Պէտք է վերապահութեամբ մօտենալ, սակայն, արտադրուած ժապաւէնին: Առաջին հերթին հնավայրերը կը ներկայացուին որպէս համատեղ (օրթաք) մշակոյթի պատկանող կառոյցներ, հետեւաբար տեղացիք` որպէս իրաւատէրեր, հարկ է որ գուրգուրանքով մօտենան անոնց: Այս իմաստով հայկական կրօնական կառոյցները կը ստանան իրաւական այն հանգամանքը, ինչ ունին շումերական, լիտիական եւ այլ  կորած մշակոյթներու ձգած անտէր աւերակները: Այդ հանգամանքը կը շետուի, երբ արտադրողը, որ միաժամանակ ժապաւէնի պատմողն է, հնավայրերը կը նմանեցնէ անոք որբերու: Որմազդին վրայ կը տեսնենք վանականի մը եթերային, աննիւթեղէն ստուերը:

Երկրորդ նկատողութիւնը այն է, որ արտադրիչի աշխատախումբին մէջ ներառուած են ոչ թէ ճարտարապետ, ազգագրագէտ կամ պատմաբան հայեր, այլ` երեք հայանուն անձեր, որոնք կը պատկանին միսիոնարական «Փրկութեան եկեղեցի»-ին: Անոնցմէ մին Ս. Ստեփանոս մատուռի մէջ կը յայտնէ, որ ինք շարականներ չի գիտեր եւ մեծ ոգեւորութեամբ հայերէնի թարգմանուած աղանդաւորական «հոգեւոր երգ» մը կը կատարէ (3): Անոր կը յաջորդէ վանեցի արհեստավարժ երգչուհի մը, որ կը կատարէ քրտական սիրային թախծոտ երգ մը: Համատեղ մշակոյթի արտայայտութի՞ւն:  Հայ մշակոյթի, մեղմ ըսած, անբաւարար ծանօթութիւնը կը յայտնուի հայկական տեղանուններու սխալագրութեամբ (փոխան Դիւաբոյնի` Տեվեբոյն = Ուղտաբոյն) ինչպէս նաեւ` ենթագրերու (subtitle) մէջ, ուր փոխան Աղթամարի առասպելի` կը տեսնենք Աղթամարի «դիցաբանութիւն»: Ի դէպ, ժապաւէնի պատումին մէջ լուղորդ երիտասարդը քիւրտ մըն է: Համատեղ սիրալիր կեցութեան դրսեւորո՞ւմ:

Կը տեսնենք տեղացի հայերը ծանօթացնող լոկ մէկ դրուագ, ուր Կիւտեն կը պատմէ անեկդոտ մը վանեցիներու ծայրայեղ կծծիութեան մասին (4): Բացի այդ, Վանը ներկայացած է սիրային երգով մը, որ կը կատարուի սազի ընկերակցութեամբ (5): Երգի մելամաղձոտ մեղեդին որպէս հիմք ծառայած է ժապաւէնի ընկերակցող երաժշտութեան (soundtrack):

Գեղագիտական.– Վանայ լիճի աւազանը ջրառատ եւ կանաչապատ է, շրջապատուած` ձիւնածածկ գագաթներով, ինչպէս` Սիփան, Արտոս եւ Վարագ: Պարզ է, որ այդ հիանալի բնութիւնը տեղ պիտի գտնէր ժապաւէնին մէջ:

Կորուսեալ դրախտի խորապատկերին վրայ կը տեսնենք կիսաւեր, հազիւ ճանաչելի ճարտարապետական գոհարներ: Ցաւ ցաւի վրայ: Գործածուած են «Յուշամատեան»-էն առնուած մեծ թիւով լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տան սրբավայրերու ոչ հեռաւոր անցեալի պատկերները: Իրավիճակներու հակադրութիւնը սուր է: Սուր է նաեւ գեղագիտական առումով: Ներկայ անմխիթար պատկերը վառ է եւ կենդանի, մինչդեռ կորուսեալ գեղեցիկ անցեալի պատկերները գորշ են, աղօտ եւ անկենդան: Աղթամարը եւ այլ կղզիներ ամայի են, այդտեղ բոյն դրած են ճայեր, որոնք մարդոց բացակայութենէն քաջալերուած` արտակարգ համարձակութիւն ձեռք բերած են: Այո՛, մենք կը տեսնենք գեղեցիկ տեսարաններ եւ կարգ մը սերտուած «քատրեր»: Ժապաւէնը, սակայն, ոչ թէ գեղարուեստական է, այլ` քարոզչական:

Քաղաքական.- Հայկական հնավայրերու ուսումնասիրութիւնն ու պահպանումը շնորհակալ աշխատանք է: Պահպանումը ոչ միայն բնութեան տարրերէն, այլ նաեւ` գանձագողերէն, որոնք նոյնիսկ փորող եւ քանդող ծանր ու թեթեւ սարքեր կը գործածեն: Այդ աւերը տեսանելի է ժապաւէնին մէջ: Իր ազգակիցներու վանտալական վերաբերմունքը դատապարտելը նոյնպէս ողջունելի, համարձակ ելոյթ է (6): Կան որոշ դիտողութիւններ, բայց հիմնական հարցը այլ տեղ է (7):

Պատմական Հայաստանի ներկայ բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրտական է: Անոնց փոքր մէկ տոկոսը միայն կրօնափոխ հայեր ունին իրենց նախնիներուն մէջ, իսկ անոնցմէ միայն ոմանք կ՛ընդունին այդ: Ներկայ Թուրքիոյ բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը որեւէ դրական առնչութիւն չէ ունեցած այդ հնավայրերուն եւ յատկապէս սրբավայրերուն: Այդտեղ համատեղ մշակոյթ չկայ: Այդ գոհարները կերտողները ծրագրուած կերպով սպաննուած, տարագրուած եւ կեղեքուած են: Ո՞վ է ուրեմն ժառանգութեան իրաւատէրը: Իրաւագէտ չեմ, բայց կարելի է ենթադրել, թէ իրաւատէրը չի կրնար ըլլալ այն պետութիւնը, որ ժառանգորդն է ահաւոր ոճիրը գործած իթթիհատական իշխանութեան:

Անգլիացի գրող Սամուէլ Ճոնսընի (1709-84) կը վերագրուի առածը, որ կ՛ըսէ. «Դժոխքը սալայատակուած է բարի նպատակներով»:

—————–

  1. Ժապաւէնը նիւթական նպաստ ստացած է «Կիւլպէնկեան» հաստատութենէն:
  2. Ծովու մակերեսի բարձրացման պատճառով թերակղզին վերածուած է կղզիի, եւ կարգ մը կղզիներ ջրամոյն եղած են:
  3. Աւետարանական հոգեւոր երգերը առհասարակ թարգմանական են:
  4. Տղա՛ս, եթէ դրացին իր կացինը փոխ չտայ, մերը գործածէ:
  5. Ենովք Տէր Յակոբեան. Հարաւ քամին մաղէր զիս / Վայ կիւլիւմ կիւլիւմ կիւլիւմ / Մէջ քո ծոցին թաղէր զիս / Վայ կիւլիւմ է, ջան կիւլիւմ: Տես Ալայայտոյեանի հաւաքածոն «Յուշամատեան»-ի մէջ:
  6. Հնավայրերու մէջ գանձ որոնելու եւ վանտալ խեղաթիւրումներու երեւոյթը կրկնակի դատապարտելի է Հայաստանի մէջ:
  7. Բեմադրիչ Սըտքը Արշատ Նարչին անհատական նամակագրութեամբ յայտնեց, որ ինք պարզապէս թեքնիք հարցերով զբաղած է:

 

 

Նախորդը

2000 Տարուան «Գանձեր» Ծովուն Խորերը

Յաջորդը

Ակնարկ. Ուքրանիա. Պատժող, Պատժուող

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?