Այս օրերուն լուսարձակները բնականաբար ուղղուած են ռուս-ուքրանական պատերազմին վրայ, որ Ռուսիոյ կողմէ կոչուած է «յատուկ պատերազմ»:
Ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառը Ուքրանիոյ անջատողական շարժումն էր այն առումով, որ Ուքրանիա կ՛ուզէր հեռանալ Ռուսիոյ ազդեցութենէն եւ միանալ ՕԹԱՆ-ին, սակայն Ռուսիոյ նախագահ (կայսր) Վլատիմիր Փութին արգելք կը հանդիսանար անոր:
Ռուսիոյ ամէնէն հաւատարիմ գործընկերները Հայաստանն ու Պիելոռուսիոյ նախագահ Լուքաշենքոն են: Վերջինը նոյնիսկ առիթով մը ըսած է, որ կ՛ուզէ Խորհրդային Միութեան վերականգնումը, թէկուզ` աւելի սեղմ կազմով:
Ռուս-ուքրանական պատերազմի ընթացքին եւ անկէ առաջ քանիցս Արեւմուտքի երկիրները, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ, յայտարարեցին, որ եթէ Ռուսիա ներխուժէ Ուքրանիա, պատժամիջոցներ պիտի հաստատեն Ռուսիոյ դէմ: Սակայն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսաւ, որ Ռուսիա նպատակ չունի Ուքրանիոյ վրայ յարձակելու, սակայն պատահեցաւ հակառակը, եւ Ռուսիա 2 կամ 3 շաբաթէ կը ռմբակոծէ Ուքրանիան, եւ իրապէս Արեւմուտքը պատժամիջոցներ հաստատեց Ռուսիոյ դէմ` բոլոր մարզերու մէջ (մարզական, զանազան տեսակի մետաղներու վրայ եւ այլն):
Վերոնշեալ եւ հետագայ տողերը, զորս պիտի գրեմ, վերլուծական յօդուած մը չէ, այլ պարզապէս որոշ չափով եւ որոշ ձեւով վերյիշեցում մըն է, որուն մասին վստահաբար իմ սերունդիս ընթերցողները եւ անշուշտ մտաւորականները տեղեակ են:
* * *
Խորհրդային Միութեան փլուզման արմատները կ՛երթան մինչեւ 1980 թուականի օգոստոս ամիսը, երբ Լեհաստանի Կտանսք քաղաքին մէջ պաշտօնեայ մը` Լեխ Վալեսա ըմբոստացաւ Խորհրդային Միութեան դէմ եւ ուզեց, որ Լեհաստանը թօթափէ խորհրդային լուծը ու հետեւի Լեհաստանի քաղաքականութեան: Սակայն Խորհրդային Միութեան օրուան նախագահ Լէոնիտ Պրեժնեւ անմիջապէս հրամայեց «ճզմել» Լեխ Վալեսայի անջատողական շարժումը եւ վերադառնալ Խորհրդային Միութեան արբանեակի կարգավիճակին:
Այս իրողութենէն ետք Արեւելեան Եւրոպան սկսաւ իրար ետեւէ յայտարարելու, որ Խորհրդային Միութեան արբանեակ երկիր մնալու համաձայն չեն այլեւս, եւ կծիկը քակուեցաւ…
Ի դէպ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն առաջ` 1955 թուականին, հիմնուած էր Վարշաւայի ուխտը, որ կ՛ընդգրկէր Արեւելեան Եւրոպան` Խորհրդային Միութեան կողքին:
1982-ի նոյեմբերին, Լէոնիտ Պրեժնեւի մահէն ետք, 1985 թուականի մարտին նախագահ ընտրուեցաւ Միխայիլ Կորպաչով (ի դէպ, երկու նախագահներ ընտրուեցան Պրեժնեւի մահէն ետք: Առաջինը` Եուրի Անտրոփով, իսկ երկրորդը` Չեռնենքօ):
Միխայիլ Կորպաչով, հազիւ իշխանութեան տիրացած, մարտադաշտ նետեց փերեսթրոյքան (վերակառուցում), (ըստ ինծի, կ՛ուզէր
Խորհրդային Միութեան Համայնավար կուսակցութեան խորքը պահել եւ բարեկարգումներ ընել) եւ ուզեց «բացուիլ» Արեւմուտքին ու Միացեալ Նահանգներուն, սակայն զանազան պատճառներով չկրցաւ իրագործել այդ մէկը, եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները ըմբոստացան Խորհրդային Միութեան եւ Վարշաւայի ուխտին դէմ:
Յատկանշական է, որ Ռումանիոյ նախագահը` Նիքոլայ Չաուչեսքու, ուզեց փախչիլ երկրէն, սակայն Միխայիլ Կորպաչով իր օդային տարածքը փակեց Նիքոլայ Չաուչեսքուի դիմաց, եւ Ռումանիոյ կառավարութիւնը ձերբակալեց Նիքոլայ Չաուչեսքուն եւ 25 դեկտեմբեր 1989-ին իր կնոջ հետ միասին գնդակահարեց:
* * *
1988-ի փետրուարին Հայաստանը դարձեալ ուզեց անկախանալ (թէկուզ` ոչ Խորհրդային Միութենէն):
Հոս շատ երկար պիտի չանդրադառնամ Հայաստանի դէպքերուն, որոնք ծանօթ է բոլորիս: Ցաւալին այն է, որ Արցախի ազատագրութենէն ետք, 2020¬ի նոյեմբերի 44-օրեայ պատերազմին մենք` հայերս, տուինք շուրջ 5000 զոհ, եւ Ռուսիան չօգնեց մեզի ինչ¬ինչ քաղաքական պատճառներով:
* * *
Ինչ կը վերաբերի Վրաստանին, 2004¬ին (եթէ չեմ սխալիր) գունաւոր յեղափոխութեամբ Վրաստանի նախագահ ընտրուեցաւ Միխայիլ Սահակաշվիլի:
Սակայն Սահակաշվիլիի իշխանութիւնը շատ երկար չտեւեց, որովհետեւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ իշխանութենէն հեռացուց զայն 2008¬ին, իր հակառուսական կեցուածքներուն պատճառով:
Եւ ըսել, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատերազմին Ռուսիա չօգնեց մեզի, քաղաքական նոյն ձեւով, ինչպէս որ Մետվետեւ ըրած էր Սահակաշվիլիին, եւ Փութին նոյնիսկ սպառնաց, որ եթէ հայերը դրամաշնորհ երկիրներ գաղթեն, ներկայ սահմաններով Հայաստանին ալ պիտի չօգնէ:
Եւ այս բոլոր իրադարձութիւնները տեղի ունեցան հակառակ այն իրողութեան, որ նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան հիմնադիրը եւ գաղափարախօսը` Վլատիմիր Իլիչ Լենինը ըսած է, որ` «Ազգերու միութիւնը սխալ բանաձեւում է առանց անջատումի իրաւունքին»: