Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրեալ Գիրքերը Ընտրեալ Ընկերներ Են

Մարտ 17, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

– Այս գիրքին վրայ tax պիտի աւելցնե՞նք,- կը հարցնէ ընթերցասէր կին մը:

– Ո՛չ, հոս Հայաստան է,¬ կը կատակէ գրատարածի պատասխանատուներէն մին:

– Տղաս 7 տարեկան է եւ ուսուցչուհին` տիկին Սիլվան, ըսած է որ անպայման շաբաթը մէկ հայերէն գիրք պէտք է կարդան, կը դիմէ ծնող մը Համազգային Յ. Մանուկեան Գրադարանի  անձնակազմին :

– Ես քովս ճիշդ 100 տոլար ունիմ,- կը յայտնէ ծնող մը` զանազան գիրքեր հաշուեսեղանին տանելով:

– Ձեր հաշիւը 99 տոլար է,- գոհունակ կը պատասխանէ գանձապահը:

– Ուա՜ա՜ու,- կը բացագանչէ այցելու մը,- այս ի՜նչ գրաւիչ է մանկական եւ պատանեկան բաժինը:

– Ընդհանուր 45 սնտուկ ստացանք այս շաբաթ, 41 հատը` Լիբանանի զանազան հրատարակիչներէ, մեծ մասը` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի գրատունէն, «Տօնիկեան» եւ «Շիրակ» հաստատութիւններէն: Նաեւ 5 հատ եւս` հայրենի, քանատահայ եւ ամերիկահայ հեղինակներէ եւ թարգմանիչներէ:  Ունինք նորութիւններու սեղանը, ուր Վահէ Պէրպէրեանի եւ Սուրէն Չէքիճեանի նոր հրատարակուած գիրքերը կան, նաեւ Յակոբ Կարապենցի գրքի թարգմանութիւնը` «The Book of Adam»: Առաւել` վերահրատարակութիւններ, ինչպէս` Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ», Սողոմոն Թեհլիրեանի «Արդարահատոյց»-ը, Րաֆֆիի գործերը, Վարդգէս Ահարոնեանի «Յ. Թումանեան մարդը եւ գործը», Կարօ Սասունիի, Ռուբէն Տէր Մինասեանի, Արշաւիր Շիրակեանի, Սոնա Զէյթլեանի, Յակոբ Պարոնեանի, Թադէոս Յակոբեանի, Երուանդ Օտեանի եւ այլ մեծամեծներու աշխատանքներ: Ահա այսպէս կը բացատրեն գրատարածի անդամները յաճախորդներուն եւ կ՛աւելցնեն.

– Կը խնդրենք` ազատօրէն պտտեցէք:

Իսկապէս երկա՜ր սեղաններու վրայ շարուած գիրքերը հրապուրիչ, հետաքրքրական եւ անդիմադրելի են: Այցելուները կը շուարին յուշանուէրներու սեղաններուն առջեւ որմնազարդեր, փոքրիկներու շապիկներ, հայկական խաչե՞ր, թէ՞ խաչքարեր ընտրեն: Արուեստագէտ Մերուժան Խաչատրեանի մետաքսեայ վզնոցները եւ պայուսակները հայաշունչ են եւ յատուկ: Արուեստի, ազգային, կրօնական, գրական, բառարաններու, ճաշագրքերու սեղանները նոյնքան ճոխ են: Գրասէրի մը կը յանձնարարուի այցելել զեղչեալ գիներով սեղանը, ուր կարելի է գանձեր գտնել:

Գրատարածի յանձնախումբը խիստ ուրախ է, որ փետրուար 18-20 կլիման մեղմացաւ, ձիւնամրրիկի ազդարարութիւնը վերջ գտաւ, եւ մանաւանդ ծնողները կրցան այցելել, երբեմն` նոյնիսկ երկու անգամ, եւ ընտրել մանկական, աշակերտական ու պատանեկան գիրքեր, ինչպէս` Խնկոյեանի «Առակներ»-ը, Յ. Թումանեանի եւ Ղ. Աղայեանի հեքիաթներէն: Իսկ ներկայ սերունդի հեղինակներու գործերը, ինչպէս Վերա Սիսեռեանի, Արմինէ Յակոբեանի, Նայիրի Շահինեանի, Թալին Տորնայի, Շողիկ Մարգարեանի, Թալին Պատրիկեանի, Ալիք Արզումանեանի, Նունէ Սարգսեանի, Սօսէ Խըտշեան-Պէրպէրեանի, Անահիտ Սարգիսեանի, Զանի Շահինեան-Մեսրոպեանի, Նաթալի Աբագարեան-Չիմինիի գիրքերը իրենց նկարազարդումներով մագնիսական են եւ շլացնող: Գրավարժութեան գիրքերը եւ հայերէն այբուբենի որմնազարդերը շատ շուտով կը սպառին: Լալա եւ Արա պուպրիկները եւ աղօթող գետաձին առաջնահերթ տեղ գրաւած են սեղանին վրայ: Այս անգամ բաւարար ունինք իւրաքանչիւրէն: Նախապէս, հազիւ հասնէին, արդէն կը թռչէին մեր ցուցափեղկէն:

Բոլորիս շատ սիրելի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 153-րդ տարեդարձն է: Իր անմահ ստեղծագործութիւններով է, որ մենք կը տօնենք Ամենայն Հայոց բանաստեղծին տարեդարձը: Նաեւ փետրուար 19-ը հայերէն գիրք նուիրելու օր է: Ի՜նչ գեղեցիկ զուգադիպութիւն:

Բացայայտ է Համազգայինի անդամներու ներքին հրճուանքը եւ գոհունակութիւնը, երբ կը վկայեն, թէ ինչպէ՛ս հայ գիրքը հայ օճախներու մէջ կը տեղաւորուի, նաեւ` երբ ամէնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու պատասխանատուները եւ ուսուցիչները ոգեւորութեամբ կը գնեն իրենց դպրոցներուն եւ անձնական գրադարաններուն համար:

Արդարեւ, ընտրեալ գիրքերը ընտրեալ ընկերներ են:

27 փետրուար 2022

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Վլատիմիր Փութին` Կայսերական, Կամ` Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?