Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Ըսաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Մարտ 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար Ընդհանուր ժողովը կը հանդիսանայ կազմակերպական այն բարձրագոյն օղակը, որ տիրող ընդհանուր կացութեան լոյսին տակ կը ճշդէ յաջորդ ժամանակաշրջանի ընդհանուր ռազմավարութիւնը եւ պարտականութիւն կու տայ գործադիր մարմիններուն, որ անոնք մարտավարական լուծումներով ի կատար ածեն մշակուած ռազմավարութիւնը:

Հայութեան ու Հայաստանին համար ճակատագրական այս օրերուն շատ էին Ընդհանուր ժողովէն եղած սպասելիքները: Յաճախ այդ սպասելիքներուն մէջ կը խառնուէին ռազմավարականն ու մարտավարականը, եւ այդ  պատճառով հաւանաբար ոմանց մօտ սպասելիքները չեն արդարացուած, իսկ ատոր մեղաւորը Ընդհանուր ժողովը չէ, որովհետեւ մարտավարական սպասելիքներ ունեցողները պէտք է ակնկալիքներ ունենան գործադիր օղակներէն, որոնց պարտականութիւնն է ճշդուած ռազմավարութեան համապատասխան մարտավարութիւն մշակելը, եւ որուն գործընթացը նոր սկսած է:

Հիմա, երբ Ընդհանուր ժողովը իր ըսելիքը ըսած է, կարգը գործադիր մարմիններունն է, որոնք պարտաւոր են ճշդուած ռազմավարութեան համահունչ քայլերու ծրագիր մշակել մարտավարական յստակ ու հետեւողական ուղղութիւններով: Այդ մշակումը առաջին հերթին պէտք է բխի դէպի նպատակակէտ տանող տուեալներէ, չըլլայ հակազդեցութիւններու շղթայ եւ չդառնայ ամբոխային տրամաբանութեան պատանդ: Իսկ երբ կը խօսինք ՀՅ Դաշնակցութեան ընելիքներուն մասին, մշակուածը առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ գործադրելու միակ նախապայմանը համադաշնակցական կազմակերպական ամրութիւնն է եւ համադաշնակցական ողջ ներուժի ներգրաւումը:

ՀՅ Դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովը իր առաջին բանաձեւով ու յայտարարութեամբ ըսաւ. «Ողջ հայութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները, յայտնուած են մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական փուլի մը մէջ, որ աննախադէպ սպառնալիքներ ստեղծած է Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան համար»: Այս հաստատումը անոնց համար է, որոնք դեռ չեն գիտակցիր պահի լրջութիւնն ու սպառնալիքներուն ծանրութիւնը: Իսկ այս հաստատումը կատարած ՀՅ Դաշնակցութեան համար յառաջիկայ քայլերը չեն կրնար չտարբերիլ նախորդներէն, որովհետեւ «աննախադէպ սպառնալիքներ»-ուն դէմ դնելը աննախադէպ միջոցներ կը պահանջէ:

Փակագիծները քիչ մը բանալով` Ընդհանուր ժողովը աւելի կը յստակացնէ «աննախադէպ սպառնալիքներ»-ու տարողութիւնը` ընդգծելով, որ` «Հայաստանի իշխանութիւններու վարած ապազգային քաղաքականութիւնը պիտի յանգեցնէ Հայաստանի թրքացման եւ Արցախի հայաթափման»:

Արցախի հարցին կապակցութեամբ, Ընդհանուր ժողովը նախ կը հաստատէ, որ այնտեղ բոլորովին այլ կացութիւն կը տիրէ, իսկ Հայաստան դադրած է Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալէ, ապա կը շեշտէ, որ` «Արցախի մէջ ստեղծուած նոր կացութիւնը անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ ՊԱՅՔԱՐի նոր մօտեցումներու եւ ռազմավարութեան որդեգրման` մեկնակէտ ունենալով արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրացումը»: Աւելի՛ն. յանձնառու կը դառնայ, որ` «ՀՅԴ-ն իր ողջ ներուժով, համահայկական կառոյցի կարողականութեամբ եւ նուիրումով ձեռնամուխ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, կայունութեան ու զարգացման ապահովման եւ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման ու ընկերային արդարութեան հաստատման աշխատանքներուն»:

Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը եւ անոր ընթացքին ՀՀ իշխանութիւններու պարտուողական մօտեցումները Հայաստանի թրքացման լուրջ ու հիմնաւոր մտավախութիւն կը յառաջացնեն ՀՅ Դաշնակցութեան մօտ: Ուստի Ընդհանուր ժողովը շատ յստակ կը պնդէ` «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւններու միջեւ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու հնարաւոր հաստատումը չի կրնար ըլլալ ի հաշիւ Արցախի եւ համայն հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներուն: Միայն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պարագային է, որ կարելի կը դառնայ հայ-թրքական ամբողջական հաշտեցումը»:

Հայաստանի թրքացման քաղաքականութիւնը վիժեցնելու բազմաթիւ ուղղութիւններու կողքին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը յատուկ ռազմավարական դեր կը վերապահէ նաեւ սփիւռքին` հաստատելով, որ` «Սփիւռքը իբրեւ գլխաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան ծնունդ, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւման արդիւնք եւ արեւմտահայերէնի պահպանման կռուան` ռազմավարական նշանակութիւն ունի հայութեան մղած պայքարին համար»:

Եթէ փորձենք ամփոփել ութ օրերու վրայ երկարող արտակարգ այս ժողովին ըսելիքը, ապա կարճ կը նշենք, որ հայութիւնն ու հայրենիքը կանգնած են աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան, ինքնիշխանութեան եւ ազգային անժամանցելի իրաւունքներու անէացման ու կորուստին առջեւ: Հայութեան ու Հայաստանի լինելիութեան սպառնացող վտանգը կու գայ թուրք-ազրպէյճանական երկեակէն, որոնց ջրաղացքին ջուր կը թափէ ՀՀ իշխանութիւններու ապազգային ու պարտուողական քաղաքականութիւնը: Իսկ այս ընթացքը շրջելու միակ միջոցը նոր մօտեցումներով ու միջոցներով ընդդիմանալն է սպառնացող արտաքին ու ներքին բոլոր վտանգներուն` հայութեան միահամուռ դիմադրութեամբ ու ազգային ազատագրական պայքարի ակունքներէն բխող վճռակամութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ալվարդ Պետրոսեանի Մահը Կրկնակի Կորուստ Է

Յաջորդը

Նշմար. Ցնծա՛ Եւ Հպարտացի՛ր, Ո՜վ Հայ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?