ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբի Առցանց Դասախօսութիւններ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպեց երկու առցանց դասախօսութիւններ` 8 եւ 18 փետրուար 2022-ին: Առաջինը նուիրուած էր Կիներու միջազգային օրուան, դասախօսն էր Արշօ Պալեան` նիւթ ունենալով «Քաղաքականացած հայ կինը»: Ան իր խօսքը սկսաւ` շեշտելով, որ կինը օրական դրութեամբ պէտք է արժեւորել եւ կարեւորել, որովհետեւ ան օրական դրութեամբ նուաճումներ կը կատարէ, ուստի կարիք չկայ սպասելու տօնի, որպէսզի փորձենք արժեւորել կինը...




















