Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալվարդ Պետրոսեանի Մահը Կրկնակի Կորուստ Է

Մարտ 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երէկ Դիմատետրը ողողուած էր Ալվարդ Պետրոսեանի մահը գուժող լուրով եւ ցաւակցութիւններով: Շատեր կը կեդրոնանային իր ազգային ու հանրային-հասարակական գործունէութեան, յա՛տկապէս ՀՕՄ-ի ճամբով կատարած ներդրումին, ուրիշներ բարեբախտաբար կը յիշէին իր գրական վաստակը նաեւ: Խորքին մէջ Ալ. Պետրոսեանի մահը կրկնակի կորուստ է, որովհետեւ այդքան խոստմնալից արձակագրուհիին մէջ հետզհետէ գրագէտը իր տեղը զիջեցաւ աշխուժ հանրային գործիչին … Պիտի ըսուի, որ այս երեւոյթը նորութիւն չէ, մասնաւորաբար` Հայաստանի մէջ, ուր անկախութենէն ասդին շատ մը գրողներ քաղաքական գործիչի վերածուեցան, սակայն այս երեւոյթը առանձին վերլուծման կը կարօտի:

1983-ին էր, որ «Սովետական գրականութիւն» եւ «Գարուն» ամսագիրներուն մէջ լոյս տեսան Ալ. Պետրոսեանի երկու հրաշալի վիպակները` «Խմբերգերի ժամանակը» եւ «Ես մի ծառ եմ ծիրանի» խորագիրներով: Մինչ այդ իրմէ հրատարակուած էին երկու գրքոյկներ` «Երկրի պապերը» եւ «Թռչնականչ» խորագիրներով: Շատախօսութենէ հեռու, համարձակ, ուղղակի եւ անկեղծ ոճով, իսկապէս գեղեցիկ, թարմաշունչ կարճ պատմուածքներ ու վիպակներ էին ասոնք, որոնց դիմաց կ՛արձանագրէի, որ ան կրնար «Զապէլ Եսայեանէն ետք, կնոջ ներաշխարհը բացող ամենատիրական դէմքը դառնալ: Գրողներու եւ կին գրողներու միջեւ զատորոշում պիտի չկատարէինք, եթէ Ալվարդ Պետրոսեան իր լուսարձակը չկեդրոնացնէր կնոջ կամ հայ կնոջ ներքին ապրումներուն եւ հոգեվիճակներուն վրայ» (յօդուածին ամբողջութիւնը բաւական ընդարձակ է, հոս չեմ տեղադրեր, կարելի է կարդալ «Բագին» ամսագրի 1984 հոկտեմբերի թիւին մէջ, էջ 47- 55):

Դժբախտաբար, յա՛տկապէս «Ես մի ծառ եմ ծիրանի»-ն, հակառակ իր ազգային շունչին, կարգ մը յետամնաց ուղեղներու կողմէ կ՛ամբաստանուէր նոյնիսկ… պոռնկագրութեամբ: Բանաստեղծ ընկերս` Սարգիս Կիրակոսեանը, աւելի ուշ, «Ազդակ»-ի եւ «Բագին»-ի էջերէն նոյնպէս դրականօրէն արձագանգեց Ալվարդի գրականութեան: Պէտք է ըսել, որ մենք կը խօսինք խորհրդային իշխանութեան օրերուն մասին. անկախացումէն ետք, արձակի թէ քերթողութեան մէջ աւելի համարձակ դրսեւորումներ եղան, սակայն այլեւս նախկին կաշկանդումները չկային: 1989-ին լոյս տեսաւ իր «Ապրելու օրէնքը» հատորը, ուր անկախ Ալվարդ Պետրոսեանի երախտագիտական ձօնագրումէն` իր երկրորդ պատմուածքին հերոսը Յարութիւն կոչած էր, իսկ երրորդ պատմուածքին մէջ «խրոխտ կերպարանքով» բժիշկ Բերբերեան մը կը յայտնուէր… Իր Մոնրէալ այցելութեան` ան կ՛ուզէր ինծի այս անունի խաղը նշել:  Բնականաբար արդէն անդրադարձած էի անոր:

Այլ տխուր երեւոյթի մը եւս ականատես կ՛ըլլանք այս օրերուն. գրողներու հանդէպ պետութեան վերաբերումին: Կարծես խորհրդային օրերու կեցուածքը ապրող կամ մահացող գրողին հանդէպ շատ ալ չէ փոխուած, կախում ունի իշխանութեան հանդէպ գրողին վերաբերումէն: Նոյնիսկ այս մէկը իշխանութեան դիրքորոշումէն անդին կ՛երթայ. վերջերս փողով-թմբուկով լոյս տեսաւ քաղաքական գործիչի վերածուած այլ խոստմնալից արձակագրի մը` Վանօ Սիրադեղեանի մէկ հատորը, տեսնենք` նոյն վերաբերումը ցոյց պիտի տրուի՞ Ալվարդ Պետրոսեանի նկատմամբ, որուն ժառանգութիւնը նոյնիսկ աւելի հարուստ է Վանօ Սիրադեղեանի վաստակէն: Ամէն պարագայի, հոս մեկնակէտը Ալվարդի եւ բոլոր միւս խոստմնալից գրողներուն կորուստն է, զոր կը սգանք:

 

 

Նախորդը

Յարգանքի Երեկոյ` Նուիրուած Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանին

Յաջորդը

Ի՞նչ Ըսաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?