ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ
Մանկութեան քաղցր եւ դժուար օրերու յուշերս կը ներկայացնեմ «Ազդակ» թերթին առնչուող:
«Ազդակ» թերթը եղած է իմ մանկութեան ընկերս:
Լիբանան ծնած եմ եւ շատ սիրած եմ դպրոցը: Դժբախտաբար չեմ արժանացած բարձր ուսումի… աղքատութիւնը այդ տարիներուն ալ կը տիրապետէր, որովհետեւ գաղթական հայը դեռ նոր շունչ կ՛առնէր, սակայն հպարտ եմ ըսելու, որ ինքնաշխատութեամբ եւ «Ազդակ» թերթի միջոցով կրցայ այս օրուան հասնիլ եւ սկսայ գրել: «Ազդակ» թերթը ոչ միայն գրական ասպարէզի մէջ իր ներդրումը ունեցած է, այլ նաեւ եղած է մեր ազգային մամուլը եւ ներշնչած է հայրենասիրութիւն ամէն մէկ հայու սրտին մէջ, ուստի անոր հանդէպ մինչեւ օրս յարգանքս եւ սրտի պարտքս կը կատարեմ:
Քարանթինայի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի վեցերորդ դասարանի աշակերտ էի: Մեր հայերէնի պահուն կը ծանօթանայինք նաեւ գրողներու եւ բանաստեղծներու կենսագրութիւններուն, անոնց յօդուածներուն մեծ ուրախութեամբ կը հետեւէի:
1952-ին «Ազդակ» թերթը սկսաւ հրատարակել Մալխասի «Զարթօնք» թերթօնը միայն շաբաթ օրերը: Օրին 25 դահեկան էր գինը, մօրմէս չէի կրնար ուզել, գիտէի, որ չէր կրնար տալ, քրոջմէս կը խնդրէի, եւ ան ինծի գետինը սրբել կու տար, որպէսզի կարենամ ունենալ այդ 25 դահեկանը:
Շաբաթ օրը գալուն դժուար կը սպասէի. երբ շաբաթ օրը հասնէր, առտուընէ կը սկսէի վայրկեանները հաշուել, թէ երբ ժամը մէկ պիտի ըլլայ, որ երթամ թաղին ծայրը գտնուող խանութէն թերթը առնեմ:
Մալխասի «Զարթօնք»-ը ոչ միայն զիս մագնիսացուց, այլ մեր շուրջի դրացիներն անգամ անհամբեր կը սպասէին, որ թերթը բերեմ, եւ իրենք մեր բակը հաւաքուած` մտիկ ընեն:
Պէտք է խոստովանիմ, որ նոյնիսկ դասագիրքերս մէկ կողմ կը ձգէի եւ «Զարթօնք»-ը կրկին ու կրկին կը կարդայի:
Յաջորդաբար սկսայ կարդալ Պետրոս Դուրեան, Սիամանթօ, Արմէն Գարօ, Րաֆֆի եւ այլն:
«Զարթօնք»-ը իմ մէջս արթնցուց հայրենասիրութիւն, ազգասիրութիւն եւ մշակոյթ:
1967-ին եկայ Միացեալ Նահանգներ` միայնակ, անծանօթ երկիր: Լեզուին քիչ մը ծանօթ էի, մասնագիտութեամբ` կարուհի: Աշխատանքի սկսայ, ընտանիքս բերի, իրիկունները շաբաթը երկու գիշեր Համազգայինի երգչախումբին կը մասնակցէի, Արսէն Սայեանն էր ղեկավարը: Կոմիտասի 100-ամեակը ներկայացուցինք Ֆիլատելֆիոյ Սիմֆոնի սրահին մէջ. յիշատակելի օրեր էին, կարծես Լիբանանի օրերը կ՛ապրէի, կարօտը` նոյնիսկ աղքատութեան մէջ, երջանիկ էինք, տարիներ խնայողութեամբ ապրեցայ, ուսումի տենչը սիրտս կը խոցէր, բայց արդէն ուշ էր, կեանքի պայքար կը մղէի: Երբ տարիքս ալ տեղ մը հասաւ, յիշեցի իմ դժուար օրերս, որոշեցի մանկութեանս առաջին դպրոցներէն` Ռուբինեանէն եւ Աբգարեանէն, ինծի տան անունները վեցերորդ դասարանի այն աշակերտներուն, որոնք նիւթականի պատճառով չեն կրնար վկայական ստանալ: Երեք տարի շարունակ անոնց հոգալու եւ Նոր տարիներուն` բոլոր աշակերտութիւնը ուրախացնելու ծախսերը: Յետոյ Միացեալ վարժարան եղան այդ դպրոցները, եւ իմ ծառայութիւնս վերջ գտաւ: Ներեցէ՛ք` այս բաները գրելուս, պարզապէս հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը զգամ:
Մեզ հայ են ասում… հոգ չէ, թէ հայրենիքի մէջ ապրող մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը տարբեր արտայայտութիւններ կ՛ունենան սփիւռքի հայութեան մասին, բայց մենք սփիւռքի մէջ 30 տարիներու ընթացքին հայրենիքէն դուրս եկող ժողովուրդին նեցուկ եղանք, սիրով մեր տուներուն մէջ առինք: Ես ինքս դպրոց տարի ու բերի մէկ տարի, վեց ամիս, երեք ամիս եւ այսպէս` շարունակ. ոմանք ապերախտ գտնուեցան, իսկ ոմանք բարեկամ մնացին: Անկախութենէն ետք, երբ խօսինք հայրենիք վերադառնալու մասին… առանց քաշուելու մեր երեսին ըսին, մենք այդքան ապրել ենք, հիմա դուք գացէք ու ապրեցէք:
Ինչ կը վերաբերի մեր հայրենիքի իշխանութեան, ամօ՛թ այս մեր նոր կառավարութեան, ամէն բան ձախողեցնելէ ետք յանցանքը նախկիններու վրայ կը ձգեն. եթէ իրենք ուղղամիտ մարդիկ են, թող շտկէին, թող շտկեն` փոխանակ ամիսներով նոր կառավարութիւն կազմելու գործով զբաղելու… Անդին, ազերի զինուորը պատեհութենէն օգտուելով, թիզ առ թիզ Հայաստանի սահմանները մտան:
Այս մասին շատ բան կրնանք գրել. բայց չեմ ուզեր ձեր թանկագին ժամանակը խլել, վստահ եմ` շատ գրողներ կան այս մասին:
Սփիւռքը Հայաստանին ողնայարն է, իսկ Արամ Ա. կաթողիկոսը` սփիւռքի:
Երկարատեւ կեանք եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ «Ազդակ» օրաթերթին, խաղաղութիւն` Լիբանանին, բարի տարիներ` հայրենիքիս եւ հայ ժողովուրդին: