Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մարտ 17, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քանատա

Թորոնթոն Մեծ Շուքով Կը Տօնէ ՀՅԴ 131-ամեակը` Փետրուարեան Ապստամբութեան Եւ Արցախեան Շարժումի Սկզբնաւորման Տարեդարձներուն Զուգահեռ

5 մարտին Թորոնթոյի մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-րդ տարեդարձը, ազգային ըմբոստացումի երկու կարեւոր փաստերու` Փետրուարեան ապստամբութեան 101-րդ տարեդարձին եւ արցախեան ազատագրական պայքարի սկզբնաւորումի 34-րդ տարեդարձին զուգահեռ:

Օրուան հանդիսավար ՀՅԴ ՔԵՄ-ի «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղի անդամ Ճինա Գույումճեան իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ, որ վերջին տարիներուն հայ ժողովուրդը հսկայական մարտահրաւէրներու հանդիպեցաւ եւ ունեցաւ մարդկային, բարոյական եւ հողային կորուստներ, աւելցնելով, որ այս մարտահրաւէրներուն դիմաց անձայն չմնաց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ իր աշխարհասփիւռ կառոյցով պայքարեցաւ թէ՛ թշնամիին դէմ եւ թէ՛ հողատու իշխանութիւններուն դէմ: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը, միշտ, սակայն մանաւանդ` դժուար օրերուն, ստանձնած ու կատարելագործած է հայ ազգին ծառայելու իր վեհ պարտականութիւնը:

Այնուհետեւ Ճ. Գույումճեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած բոլոր ընկերներուն:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան պատանիներու խոստման արարողութիւնը եւ պատանեկան շարքերէն երիտասարդական շարքեր 16 տարիքը լրացուցած պատանիներու փոխանցումի արարողութիւնը:

Օրուան խորհուրդին անդրադարձաւ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեւակ Խօշեան: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն  համախմբումը ներկայ անորոշ պայմաններուն եւ դժուար օրերուն մէջ ապացոյց է մեր միասնականութեան, հաւատքին եւ մեր ծառայելու պատրաստակամութեան, աւելցնելով, որ կեանքի մերօրեայ դժուար պայմանները ոչ մէկ արգելք կը հանդիսանան նշելու Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակը եւ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու այս վեհ կուսակցութեան առաքելութեան, որուն կեդրոնացումը հանդիսացած է եւ կը շարունակէ հանդիսանալ հայրենի երկրի եւ հայ ազգի շահերու պաշտպանութիւնը:  Վեր առնելով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրը հաշուետուութեան օր ըլլալու հանգամանքը` Խօշեան թուեց թորոնթոհայութեան նեցուկ կանգնելու կոմիտէութեան եւ անոր յարակից միութիւններուն տարած աշխատանքները անցնող երկու տարիներուն ընթացքին:

Խօշեան նկատել տուաւ, որ սփիւռքի բոլոր գաղութներու նման, Թորոնթոն եւս կը դիմակայէ նոր մարտահրաւէրներ` ներքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ, եւ թէ օրհասական պահերուն Դաշնակցութիւնը միշտ լծուած է ազգին ու հայրենիքին ծառայութեան: Ան շեշտեց, որ արցախեան վերջին պատերազմին առաջին օրէն Թորոնթոն իր մարդուժն ու կարողականութիւնը դրաւ ի սպաս հայրենիքին, տուաւ նահատակներ` Հայաստանէն եւ սփիւռքէն:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Սերոբ Յակոբեան:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Տարեցներու Տունը Շուտով Իրականութիւն Կը Դառնայ

9 մարտին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ Օնթարիոյի երկարատեւ խնամքի նախարար Փոլ Քալենտրա տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ Օնթարիոյի կառավարութիւնը պիտի աւելցնէ 1328 նոր եւ 641 վերանորոգուած երկարատեւ խնամքի անկողիններ` Թորոնթոյի 9 ոչ շահութաբեր երկարատեւ խնամքի տուներուն մէջ:

Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին տրուեցաւ 256 անկողինի արտօնագիր` հնարաւորութիւն ընձեռելով մեկնարկելու Հայ կեդրոնի Տարեցներու տուն (Hallcrown Seniors Home) ծրագիրը:

Ձեռնարկին ներկայ էին խորհրդարանի անդամներ Արիս Պապիկեան, Վինսընթ Քէ եւ Ռապին Մարթին, ինչպէս նաեւ` Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի նախագահ Սեւակ Խօշեան: Յայտարարութիւնը առաջին քայլն է ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու կեդրոնին երկարամեայ ճիգերուն: Յառաջիկայ ամիսներուն Հայ կեդրոնի երկարատեւ խնամքի ծրագրումի յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները:

Հայ կեդրոնի Տարեցներու տունը պիտի ունենայ 256 նոր անկողիններ` օժանդակելով Մեծն Թորոնթոյի մէջ ապրող տարեցներու համայնքին: Հաստատութիւնը պիտի ներառէ ժամանակակից արհեստավարժութիւն, ծառայութիւններ եւ ծրագրաւորում` տարեցներու համար, երկարատեւ խնամքի կառավարումի իր գործընկերներուն հետ: Հայ կեդրոնի բարեսիրական առաքելութեան եւ հիմնական արժէքներու համաձայն, երկարատեւ խնամքի տունը պիտի գործէ որպէս ոչ շահութաբեր հաստատութիւն:

Իր խօսքին մէջ Հայ կեդրոնի նախագահ Սեւակ Խօշեան ըսաւ, որ Հայ կեդրոնի Երկարատեւ խնամքի ծրագիրի յայտարարութեամբ եւ նախարարութեան շնորհած արտօնագիրներով հպարտութեամբ կը յայտնենք, որ պիտի մատուցենք մեր համայնքի բոլոր զաւակներուն, իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին անզուգական ծառայութիւններ` մեր միութիւններով եւ կազմակերպութիւններով, աւելցնելով, որ Հայ կեդրոնի երկարատեւ խնամքի տունը զգալիօրէն պիտի բարելաւէ տարեցներուն մեր մատուցած ծառայութիւնները` ընդլայնելով Հայ կեդրոնի Երէցներու ընկերակցութեան, Հայ օգնութեան միութեան «Ռուբինա» մասնաճիւղին եւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակին գործելադաշտը:

Իրաք

Սումկայիթի Ջարդերու 34-ամեակի Ոգեկոչում

Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդարանը` գործակցութեամբ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան, 11 մարտ 2022-ին կազմակերպեց ձեռնարկ մը ոգեկոչելու Սումկայիթի ջարդերուն 34-ամեակը:

Ներկայ գտնուեցան գաղթականութեան եւ գաղթականներու հարցերու նախարար Իվան Ֆայէք, Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան գործակատար Ալեք Ղարիպեան, իրաքահայութեան Կեդրոնական խորհուրդի փոխնախագահ Վարդան Վարդանեան, խորհուրդի անդամ հայր Գէորգ Արշակեան, ինչպէս նաեւ իրաքահայութեան միութեան ներկայացուցիչներ եւ Իրաքի հայ համայնքի զաւակներու հոծ բազմութիւն մը:

Այս առիթով Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ Ազրպէյճանի կողմէ 27-29 փետրուար 1988-ին Սումկայիթի մէջ գործադրած ջարդերու նահատակներուն համար կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Ապա ներկաները ծաղկեպսակ մը զետեղեցին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող խաչքարին առջեւ:

Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, իրաքահայութեան Կեդրոնական խորհուրդին եւ Իրաքի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ եկեղեցւոյ «Կիւլպէնկեան»-ի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած Սումկայիթի ջարդերուն զոհուած նահատակներուն յիշատակին:

Արտասանուեցան խօսքեր, որոնք կը վերաբերէին Սումկայիթի սպանդին, անոր դրդապատճառներուն եւ հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական պատմամշակութային աւանդները ոչնչացնելու քաղաքականութեան եւ ոտնձգութիւններուն, որոնք կը շարունակուին ցայսօր:

Խօսքերուն յաջորդեց Սումկայիթի ջարդերուն մասին վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն:

Այս առիթով խօսքեր արտասանեցին նաեւ գիտահետազօտող դոկտ. Ճաուատ Պիյտանի, ինչպէս նաեւ Իրաքի հայ համայնքի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ոգեկոչման ձեռնարկը կազմակերպողներուն:

Ձեռնարկի աւարտին դպրաց դասը երգեց Հայաստանի քայլերգը, ապա մատուցուեցաւ հոգեճաշ` նահատակներուն յիշատակին:

Սուրիա

 Ազգ. Պատսպարանի Փոքրիկները Հիւրընկալուեցան ՀՀ Հալէպի Մարդասիրական Խումբի Կեդրոնին Մէջ

Արդէն իսկ մշակուած յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան զինուորական ութերորդ ջոկատը նախաձեռնեց Ազգային պատսպարանի փոքրիկներուն հրաւէրի մը, որ տեղի ունեցաւ 1 մարտին, Մարդասիրական առաքելութեան խումբի կեդրոնին մէջ: Փոքրիկներուն կ՛ընկերակցէին Պատսպարանի յանձնախումբը եւ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեանը:

Փոքրիկները ջերմապէս դիմաւորուեցան մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ եւ վայելեցին նաեւ համեղ հիւրասիրութիւնը:

Այցելութեան նպատակն էր փոքրիկներուն մօտ սերմանել հայոց բանակին հանդէպ սէր եւ հպարտութիւն, զանոնք ծանօթացնել բանակի առաքելութեան եւ սերտ պահել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերը:

Թեհրան

Յունաստանի Դեսպանին Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

Վերջերս Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Իրանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տիմիրթի Ալեքսանտրակիսի:

Սրբազան հայրը ջերմօրէն ողջունեց դեսպանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:

Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ հայ-յունական բարւոք յարաբերութիւններու եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Յունաստան բարեկամական կապերու, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Իրանի ժողովուրդի բարեկամութեան մասին:

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի`  «WCC»-ի Գլխաւոր Քարտուղարին Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

 2 մարտին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի` «WCC»-ի գլխաւոր քարտուղար Իան Սայոքա, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան, յատկապէս` ներկայ ժամանակաշրջանին մէջ, ընդգծելով, որ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այլ կրօններու հետ երկխօսութեան: Սրբազանը անդրադարձաւ Իրանի վաղեմի քաղաքակրթութեան, ուր կարեւոր դեր խաղցած է երկխօսութիւնը: Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց իրանահայ համայնքը` նշելով, որ Թեհրանի համալսարաններուն մէջ ներկայ դրութեամբ կը դասաւանդեն քանի մը տասնեակի հասնող հայ դասախօսներ: Անդրադառնալով տարածաշրջանային ներկայ տագնապներուն` առաջնորդը յայտնեց, որ այսօր զանազան երկիրներ աշխարհի գերուժերու հետ պայքարի թատերաբեմի վերածուած են, եւ ցաւով անդրադարձաւ արցախեան հակամարտութեան` ընդգծելով, որ այդ օրերուն դժբախտաբար ոչ ոք, նոյնիսկ Եւրոպան չարձագանգեց հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուող դաժանութիւններուն, եւ լուռ էր միջազգային հանրութիւնը` յանուն իր շահերու:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի աշխատանքներուն եւ Հայ եկեղեցւոյ, ինչպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցով դրսեւորուած մեծ դերակատարութեան մասին, նկատի առնելով, որ 1975-1983 թուականներուն, ժամանակի երջանկայիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ., այդ հաստատութեան գործադիր եւ կեդրոնական մարմիններու փոխատենապետն էր, իսկ 1991-2006 թուականներուն երկու իրերայաջորդ շրջաններուն համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընտրուած էր որպէս գործադիր եւ Կեդրոնական վարչութեան նախագահ:

Իրանահայ Գործարար Մարթին Ծատուրեան Ալպորզ Նահանգի Լաւագոյն Ձեռնարկատէրերու Եօթնեակին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ալպորզ նահանգի Ընկերային ապահովագրական կազմակերպութեան, 8 մարտին Ալպորզ նահանգի 7 առաջատար ազգային եւ նահանգային ձեռնարկատէր գնահատուեցան նահանգի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կողմէ:

Լաւագոյն ձեռնարկատէրերու եօթնեակին մէջ է նաեւ իրանահայ գործարար Մարթին Ծատուրեանը:

Ձեռնարկին ընթացքին Ալպորզ նահանգի Ընկերային ապահովութեան կազմակերպութեան տնօրէն Տաւուտ Սատզատէ բարձր գնահատեց գործարարներու աւանդը` արտադրութեան խթանման, աշխատատեղերու ստեղծման եւ զբաղուածութեան խնդրի լուծման ուղղութեամբ, կարեւոր նկատելով գործարարներու եւ ապահովագրական կազմակերպութեան միջեւ մնայուն համագործակցային մթնոլորտի ձեւաւորումը, որ կը նպաստէ կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, միջոցներու ապահովման եւ կազմակերպութեան առաքելութեան իրականացման:

Նշենք, որ իրանահայ գործարար Մարթին Ծատուրեան «Ղաթրապ Սեփեհր Ալպորզ» գործարանի սեփականատէրերէն մէկն է, որ կը զբաղի կաթիլային ոռոգման համակարգերու սարքերու ստեղծման աշխատանքով: Իրանահայ գործարարին միջոցով իրականացուող կաթիլային ոռոգման սարքերու արտադրութիւնը կը նպաստէ լայնածաւալ ջուրի խնայողութեան եւ կ՛ապահովէ անոր դրական արդիւնաւէտութիւնը գիւղատնտեսութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներ

Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան Ստացաւ Վարդապետական Գաւազան Կրելու Իշխանութիւն

Բարձր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, 22 փետրուարին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ պատարագի ընթացքին, ձեռամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, տեղի ունեցաւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեանի վարդապետական գաւազանի տուչութեան արարողութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ թեմի Կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան անունով շնորհաւորեց հայր սուրբը եւ յոյս յայտնեց, որ վասն անսասանութեան Հայ եկեղեցւոյ, մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին եւ պայծառութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան բեմին, հայր սուրբը պիտի շարունակէ իր ամբողջանուէր ծառայութիւնը բերել Ֆրեզնոյի հայ կեանքին:

Լոյս Տեսաւ Վահէ Պէրպէրեանի Անգլերէն Նոր Հատորը

Վերջերս լոյս տեսաւ Վահէ Պէրպէրեանի նորագոյն ստեղծագործութիւնը` «Մահացած մարդու մը օրագիր» (Diary of a Dead Man) խորագիրը կրող հատորը, որ արուեստագէտին անգլերէնով գրուած առաջին վէպը կը հանդիսանայ:

Հատորը պատմութիւնն է Լոս Անճելըսէն փաստաբանի մը, որ Սուրիոյ պատերազմի օրերուն Հալէպ այցելելու անակնկալ հրաւէր մը կը ստանայ, ինչ որ կը դառնայ ժամանակաւորապէս իր դիմագրաւած հարցերէն հեռանալու լաւ առիթ մը: Ան իր այս ոդիսականին ընթացքին ձեռք կը ձգէ խորագրին մէջ յիշուած յոյժ հետաքրքրական օրագիրը, որ իր անցեալին մասին անսպասելի բացայայտումներու կ՛առաջնորդէ:

Պէրպէրեան հեղինակած է նաեւ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ» եւ «Նամակներ Զաաթարէն» վէպերը, ինչպէս նաեւ` շարք մը թատրերգութիւններ:

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը «Քաջարանի Բանալին»

Յաջորդը

Ընտրեալ Գիրքերը Ընտրեալ Ընկերներ Են

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?