Փարիզի Ալֆորվիլ շրջանի հայ աւետարանական հովիւ, վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան Ֆրանսայէն կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան անմիջական օժանդակութեան: Արդարեւ, կիրակի, 20 փետրուար 2022-ի իր հովուական խօսքին մէջ վեր. Լեւոնեան անդրադարձաւ վերջերս Լիբանան կատարած իր այցելութեան ու այս առթիւ կայացած խօսակցութեանց եւ իր տպաւորութիւններուն մասին: Խօսելով վերջին շրջանին Լիբանանը հարուածած տագնապներուն` 17 հոկտեմբեր 2019-ին բռնկած ժողովրդային ընկերային բողոքի ելոյթներէն մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի ահաւոր պայթումը, առանց մոռնալու փետրուար 2020-էն ի վեր դեռ ե՛ւս Լիբանանը հարուածող «Քորոնա» համավարակի տարածումը` վեր. Լեւոնեան անհրաժեշտ նկատեց լիբանանահայութեան ու առհասարակ Լիբանանի մարդասիրական օժանդակութեան հրամայական պահանջը: «Անձայններուն ձայնը ըլլանք եւ չմոռնա՛նք Լիբանանը» կարգախօսով վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան թախանձագին կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն` օգնելու տագնապահար Լիբանանին: Ան թուեց, որ վերջին տագնապներու ընթացքին ֆրանսահայ աւետարանական համայնքը երեք անգամ օժանդակութիւն առաքած է Լիբանան: «Ի՞նչ կ՛արգիլէ, որ ես օգնեմ անոնց` բացի եսասիրութենէն, ինչպէ՞ս կրնամ ըսել, որ քրիստոնեայ եմ, երբ անտարբեր կը մնամ ազգակից քոյր-եղբայրներուս տառապանքներուն դիմաց», հարց տուաւ վեր. Լեւոնեան` թելադրելով «խօսքերէն գործի՛ անցնիլ»:
Նշենք, որ վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ վերջերս այցելեց Լիբանան: 12-18 փետրուար 2022-ի կարճատեւ այս այցելութեան ընթացքին վեր. Լեւոնեան եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեցին ու տեսակցութիւններ ունեցան լիբանանահայ ընկերային, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու պատասխանատուներուն հետ` Պէյրութի, Պուրճ Համուտի թէ Այնճարի մէջ, ինչպէս` ՔԱՀԼ, Ճինիշեան, Գարակէօզեան, Հայկազեան համալսարան եւ այլն: Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան նաեւ այցելեց հոգեւոր անձնաւորութիւններու, ինչպէս` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ընկերակցութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին: Նմանապէս, վեր. Լեւոնեան մնայուն կապի մէջ եղաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ: Իր այցելութեանց ծրագիրի ծիրին մէջ, վեր. Լեւոնեան կիրակնօրեայ իր քարոզի ելոյթով, յատուկ պատգամ մը յղեց Էշրեֆիէի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ` ներկայութեամբ դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ այլ անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան: Այս առթիւ «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ ծագումով ուրկէ՞ է եւ ինչպէ՞ս Ֆրանսա հաստատուած է, վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան յայտնեց, որ ինք Ֆրանսա ծնած է, սակայն իր ծնողքը ծագումով երբեմնի հայկական Ուրֆա նահանգի Հռոմկլա (Ռում Գալէ) բերդաքաղաքի Ճիպին շրջանէն եղած են եւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրելով` հաստատուած են Ֆրանսա:
Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեան աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր կը ծառայէ Ֆրանսայի, յատկապէս` Ալֆորվիլի հայ աւետարանական համայնքին մէջ: Ան հեղինակն է «Իմ բարեկամներն Իսիում եւ այլուր» խորագրեալ հայատառ գիրքին, որ «Աւելի երջանիկ ես, երբ կու տաս, քան կ՛առնես» նշանաբանով կ՛անդրադառնայ վեր. Ժիլպերի երեսնամեայ ծառայութեան` Մարսէյի, Վալանսի եւ Փարիզի հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ: Այս գիրքի վաճառքին ամբողջ հասոյթը յատկացուած է «Յոյս` Հայաստանի համար» կազմակերպութեան` երեխաներու յատկացուած ծրագիրներուն: Նոյն առումով, Ֆրանսայի մէջ հրապարակուած «Ծագումով հայեր» տեսերիզ-ժապաւէնը կ՛անդրադառնայ վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանի կենսագրականին:
Կը մնայ յիշեցնել, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի հարաւ-արեւելքը գտնուող Ալֆորվիլ արուարձանը ֆրանսական առաջին քաղաքն էր, որուն Քաղաքային խորհուրդը 8 հոկտեմբեր 2020-ին ճանչցաւ Արցախի անկախ հանրապետութիւնը: Փարիզի կեդրոնէն աւելի քան եօթը քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ալֆորվիլի մէջ կը գտնուի 4 յուլիս 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով հիմնուած հայկական վարժարանը: