Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Մարտ 16, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երկուշաբթի, 14 Մարտ 2022-ի առաւօտեան ժամը 10:00 – 13:00, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի բոլոր կրօնապետներուն (եւ անոնց ներկայացուցիչներուն) Խրիսոսթոմոս Արք.ի (առողջական պատճառով բանաւոր բացակայ) ներկայացուցիչ՝ Տ. Փորֆիրիոս Եպիսկոպոսի, Իմամ Շաքիրի, Մարոնիթներու Արքեպիսկոպոս Սելիմ Սֆէյրի, Լատին եկեղեցւոյ պետ` Հայր Ճօրճ Գրաճի հետ, ընդառաջելով Շուէտի դեսպան՝ Անտըրս Հակըլպէրկի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Religious Track–ի արտակարգ հանդիպումի մը Շուէտի դեսպանի բնակարանէն ներս, Կիպրոսի մէջ պապական նուիրակին, Եւրոմիութեան 15 երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպաններու ներկայութեամբ:
Յայտնենք, որ թագաժահրի եւ Ռուս-Ուքրանական պատերազմին պատճառաւ կարգ մը դեսպաններ ներկայ չգտնուեցան:
Իր տեսակին մէջ երկրորդ հանդիպումն էր այս մէկը չորս տարուան ընթացքին, (նկատի ունենալով համավարակի պատճառաւ աւելի քան 2 տարուան հանդիպումներու անկարելիութիւնները), կրօնական եւ քաղաքական պատասխանատուներու ներկայութեամբ, որ նպատակ ունէր ներկայացնելու Կիպրոսի կրօնական պետերու կամ Առաջնորդներու համատեղ կատարուող խաղաղարար աշխատանքը, ինչպէս ծանօթ է որպէս Կիպրոսի խաղաղութեան գործընթացի կրօնական ուղին, հովանաւորութեամբ Շուէտի դեսպանութեան:
Բարի գալստեան ու բացման խօսքը կատարեց Դեսպան՝ Պրն. Անտըրս Հակըլպէրկը: Հերթաբար ելոյթ ունեցան կրօնապետները, որոնք բաժնեցին իրենց մտահոգութիւնները սուրբ վայրերու, վանքերու եւ աղօթավայրերու առնչութեամբ, միեւնոյն ժամանակ վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը շարունակելու երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը իրարու միջեւ վստահութեան կամուրջներու կառուցման եւ կրօնական ազատութիւնը համատեղ քարոզելու նպատակով: Religious Track–ի գրասենեակի կողմէ խօսք առաւ Տիկին Սալբի Էսքիճեանը:
Հանդիպման ընթացքին եւ աւարտին դեսպաններուն կողմէ կատարուած հարցումներուն պատասխանեցին եւ իրենց տեսակէտներն ու ապասումները յայտնեցին կրօնապետները: Աւելի վերջ անոնք առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցան պապական նուիրակ՝ Գերշ. Ճորճ Սրբազանին հետ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք նաեւ Religious Track-ի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.-
The Religious Track of the Cyprus Peace Process
March 15, 2022
RTCYPP News:
Leadership of the Religious Track of the Cyprus Peace Process (RTCYPP) under the Auspices of the Embassy of Sweden, met with a group of ambassadors and heads of diplomatic missions of the European Union member states, the USA, Switzerland, and the Holy See in Cyprus on March 14 at the Swedish Residence, hosted by Ambassador Hagelberg of Sweden.
Members of the diplomatic corps were briefed about the joint efforts of the religious leadership of Cyprus to restore human rights; advance religious freedom; protect and access places of worship and cemeteries; build bridges of trust contributing to a conducive climate for peacebuilding and reconciliation. The religious leaders had an opportunity to share the main challenges and particular difficulties of their respective faith communities. They warmly welcomed and appreciated the genuine interest, expressions of support and solidarity of all present.
The meeting had the opportunity to learn about the recent experience of the Maronite parish priest, the Catholic Sisters of Saint Joseph, the Embassy of the Holy See and the Office of RTCYPP who were confronted with unaccompanied minors, begging for assistance from “Hope for Children”, protesting the inhuman conditions of the reception center of Pournara, from where they had walked out of in the rainy, freezing cold weather.
As a response to questions about the war in Ukraine, the religious leaders were united in condemning all wars no matter where as “the worst sin against the will of God” and asked everyone to pray and work for the end of the war immediately.

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

15 Մարտ 2022

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ 70-65 Արդիւնքով Յաղթեց Հուփսին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (16 Մարտ 2022)

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?