Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուքրանիա. Պատժող, Պատժուող

March 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ուքրանիոյ հողին վրայ երեք շաբաթ առաջ պայթած պատերազմը բացայայտօրէն մանր աշխարհամարտ մըն է (մանր աշխարհամարտերուն նորագոյնը) մէկ կողմէ Ռուսիոյ եւ դաշնակիցներուն, ու միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ՕԹԱՆ-ին եւ անոր կողքին կանգնողներու միջեւ:

Պատերազմի պայթումէն առաջ, նաեւ` մինչեւ այսօր, հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, պատճառաբանութիւն, նախատեսութիւն եւ «մարգարէութիւն» հրապարակ նետուեցան արդարացնելու կամ մեղադրելու համար այս կամ այն կողմը, հաշուարկելու` անմիջական, հեռակայ եւ ապագայի հետեւանքները: Հակամարտութիւնը կը մղուի զինուորական, քաղաքական-դիւանագիտական ու մանաւանդ տնտեսական գետիններու վրայ: Հնչող մեկնաբանութիւններէն մէկն ալ այն է, որ հակամարտ կողմերը ՊԱՏԺԵԼՈՒ տրամաբանութեամբ մտած են այս արիւնալի ու բազմաշերտ պատերազմին մէջ:

Եկէ՛ք` պահ մը կանգ առնենք պատժողներու եւ պատժուողներու ցանկին վրայ, առանց յաւակնելու, որ անիկա ամբողջական եւ սպառիչ պիտի ըլլայ, սակայն անմիջապէս շեշտենք, որ գլխաւոր պատժուողները ուքրանացիներն են, ու այս տագնապին արձագանգները կրող ժողովուրդները, երկիրները:

Ռուսիա Կը Պատժէ

Ռուսիա իր բանակները Ուքրանիոյ սահմաններէն ներս արձակեց պատժելու համար Քիեւի վարչախումբը, որ տարիներէ ի վեր կը վազէ դէպի Արեւմուտք, մինչդեռ Ռուսիա այս երկիրը նկատած է ու կը դասէ իր ռազմավարական կարեւորութեամբ հովանաւորեալներէն մէկը, պատրաստ չէ հանդուրժելու ՕԹԱՆ-ին յաւելեալ տարածումը, զայն կը նկատէ «կարմիր գիծ»: Պերլինի պատին քանդումէն ասդին, ՕԹԱՆ-ն իր դրօշը տարածեց նախկին խորհրդային կայսրութեան բազմաթիւ արբանեակներուն վրայ` ի հեճուկս զայն ժառանգած Ռուսիոյ: Աւելի՛ն. Փութին յայտարարեց, որ Ուքրանիան Լենինի կողմէ ստեղծուած երկիր է, մաս կազմած է Ռուսիոյ (ինչպէս մենք կ՛ըսենք, որ Ազրպէյճանը շինծու երկիր է, անիկա մեր Արցախն ու Նախիջեւանը նուէր ստացած է Լենինի գործակից Ստալինի քմայքով):

Ռուսիա Քիեւը կը պատժէ նաեւ այն պատճառով, որ մօտաւորապէս 8 տարիէ ի վեր ան թշնամական քաղաքականութիւն կը տանի երկրին արեւելեան` Ռուսիոյ սահմանակից Տոնպաս շրջանին դէմ (որուն բնակչութեան ստուար մէկ մասը ռուսեր են), կը սպաննէ բնակիչներ, կը քանդէ անոնց քաղաքներն ու տնտեսութիւնը, հետեւաբար ինք պարտաւոր կը զգայ այդ շրջանը պաշտպանելու, զօրավիգ է Ուքրանիայէն անկախանալու անոր վարքագիծին: Պատերազմը նաեւ ցոյց կու տայ, որ ռուսական պատժամիջոցները տարածուած են Տոնպասէն շատ աւելի արեւմուտք, Ուքրանիոյ սեւծովեան ափը գրեթէ առնուած է ռուսական հակակշիռի տակ, Քիեւն ու այլ քաղաքներ պաշարուած են, զինուորական հարուածները կը հասնին մինչեւ Լեհաստանի սահմանամերձ զինուորական կայաններ ու բնակավայրեր:

Ուքրանիա, որ Ռուսիոյ կողմէ գլխաւոր պատժուողն է, ունի մարդկային, զինական եւ նիւթական ահաւոր կորուստներ: Գլխաւոր քաղաքները քար ու քանդ կ՛ըլլան. արեւմտեան լրատու աղբիւրները ողողուած են քանդումի տեսարաններով: Հոն շատ չեն երեւիր Տոնպասի քաղաքներուն կրած վնասները: ՄԱԿ-ի պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ երեք շաբթուան մէջ արդէն երկրէն խոյս տուած է աւելի քան 3 միլիոն բնակիչ (աւելցնելով աշխարհի մէջ բռնի գաղթականներու թիւը, որ կ՛անցնէր 75 միլիոնը): Մեծ մասամբ իրականացած են պատերազմի նախօրեակին հնչած «մարգարէութիւնները», որ պատերազմի պարագային շուրջ 4-5 միլիոն ուքրանացիներ գաղթական պիտի դառնան…

ՕԹԱՆ–ն Ալ Կը Պատժէ

Հակադարձելով ռուսական յարձակումին, ՕԹԱՆ-ն, որ անցեալ տարիներուն ու պատերազմը կանխող ամիսներուն թեւեր տուած էր Ուքրանիոյ իշխանութեան ու անոր նախագահին` Զելենսքիի, դիմեց Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու: Ցանկը երկար է եւ օրէ օր կը ծաւալի: Կան տնտեսական, զինական, առեւտրական, քաղաքական պատժամիջոցներ, որոնք առերեւոյթ կը միտին կաշկանդումներ հաստատել Ռուսիոյ դէմ: Թիրախներն են անհատներ եւ ընկերութիւններ (արձանագրենք, որ այս կէտին մէջ Ուաշինկթըն եւ կարգ մը զինակիցներ ամէն բան նոյն աչքով չեն տեսներ, օրինակ, Եւրոպա «հնգամեայ փլան մը մշակած է, Ռուսիոյ վառելանիւթէն կախեալ վիճակին վերջ տալու եւ, բնականաբար, ամերիկեան, Ծոցի արաբական երկիրներու, մինչեւ իսկ… «չար» Իրանի եւ Վենեզուելլայի օղակներէ կախուելու հեռանկարով): Վարագոյրին ետին «պատերազմի ճարտարարուեստ»-ին եւ «շուկային» մէջ պատժուողներ չկան…

ՕԹԱՆ-ի անդամներ (կամ` անոնց ծածկին տակ զէնք արտադրողներ) իրենց ստամոքսները կ՛ընդլայնեն գոհունակութեամբ եւ իրարու հետ մրցումի ելած են Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելու նպատակով եւ այդ երկրի բնական հարստութիւններէն եւ այլ բարիքներէն իւղոտ պատառներ որսալու հեռանկարով:

Ռուսիոյ կրած պատիժներէն մէկն ալ ռուբլիին արժեզրկումն էր: Իսկ անդին, թէ ո՞վ կը շահի կամ կը վնասէ, այսինքն ո՞վ կը պատժուի, երբ ամերիկեան դիմակ կրող ընկերութիւններ (ճաշարաններ, ըմպելի արտադրողներ եւ այլք) «առժամապէս» կը դադրեցնեն Ռուսիոյ մէջ իրենց վաճառքները, ունի ծիծաղելիութեան երես մը: Մասնակիի սիւնակին տակ կարելի է արձանագրել ռուսական մարզաշխարհին եւ այլ կալուածներու դէմ որդեգրուած պատժամիջոցները:

Անուղղակի Պատժուողներ

Հրապարակաւ յայտարարուած պատիժներուն` պատժուող-պատժուողի դիմաց, կան այլ պատժուողներ, որոնց մասին բարձրաձայն չի խօսուիր, յատկապէս արեւմտեան աշխարհի հաշիւներուն չի յարմարիր այդ մասին խօսիլը:

Առաջին հերթին, անուղղակի պատժուողներն են (անոնք արդեօք կը զգա՞ն, թէ՞ խլացած ու բթացած են պատերազմի ժխորին պատճառով) Ուքրանիոյ դրացի այն երկիրները, որոնք իրենց դուռերը լայն բացած են գաղթական ուքրանացիներուն առջեւ (Լեհաստան քիչ մնաց Պիելոռուսիոյ հետ ճակատ բանար քանի մը ամիս առաջ, երբ այլ գաղթականներ խուժեցին դէպի անոր սահմաններ): Դժբախտացած բռնագաղթուածը ընդունիլը մարդկային արարք է, որուն դէմ ոեւէ մէկը առարկութիւն չի կրնար ընել` բացի հարց տալէ, թէ կացութիւնը ինչո՞ւ պէտք էր հասնէր հոս, եւ միլիոնաւոր մարդիկ (ուքրանացի թէ տոնպասցի) պիտի կորսնցնէին իրենց բնակարանները, կեանքն ու վաստակը: (Ուքրանիոյ գաղթականները կրնան մէկ «մխիթարանք» ունենալ. իրենց ողբերգութեան մէջ առանձին չեն…):

Անուղղակի պատիժներուն ազդեցութիւնը կը կրեն աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր երկիրները, ուր կենսանիւթերու շուկաները ելեւէջ կ՛արձանագրեն: Օրինակի համար, վառելանիւթի սակերը կրկնապատկուած են քիչ մը ամէն տեղ: Եւրոպացի, ամերիկացի եւ այլ երկիրներու բնակիչներ կրնան ուրախանա՜լ, որ իրենց գրպանէն որքա՛ն սուղ կը վճարեն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն համար: Անոնք ո՛չ միայն ժամանակ չունին (մամուլին սարքած քարոզչութեան պատճառով) հարց տալու, թէ իսկապէս շօշափելի, արդարացի ի՞նչ պատճառներ կան վառելանիւթերու սակերու բարձրացման համար (իսկ վառելանիւթի սղութիւն` կը նշանակէ սննդանիւթերու եւ այլ առօրեայ պէտքերու սակերու բարձրացում), այլ նաեւ դարձած են պատերազմին ի նպաստ քարոզիչներուն սիրայօժար պատանդները: Որեւէ տեղ ցոյց կամ բողոքի արտայայտութիւն չ՛արձանագրուիր այս վիճակին դէմ, որ ունի մէկ խորագիր. ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆ:

Անդին` Ռուսիա որոշած է «առժամաբար» սահմանափակել կամ դադրեցնել հացահատիկի եւ այլ կենսանիւթերու արտածումը` ահազանգի արձագանգներ տարածելով իրեն հետ առեւտուր ընողներուն մէջ:

ՄԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆն ալ մաս կը կազմէ պատժուողներու փաղանգին: Երեւանէն հնչող մտահոգութիւնները ունին երկու երես. մէկ կողմէ կը յիշեցնեն, որ Արցախէն ներածուող հացահատիկի եւ այլ կենսանիւթերու աղբիւրները սահմանափակուած են 44-օրեայ պատերազմէն ետք, եւ ահա, Ռուսիայէն ներածումներու վրայ եւս դամոկլեան սուր կախուած է: Կայ նաեւ Ռուսիոյ մէջ աշխատողներէն Հայաստան հասնող գումարներուն արժեզրկումը: Այս պատկերին մէջ որքա՞ն ուրախալի է եւ յուսադրիչ այն ալիքը, որ բազմահազար ռուսեր Հայաստան կը բերէ, որովհետեւ մեր հայրենիքը կը նկատուի ապահով, աշխարհին հետ գործակցութեան նկատումով` աւելի նպատակայարմար (իսկ Երեւանի վարիչներուն աչքերը ուղղուած են Արեւմուտք եւ… Թուրքիա-Ազրպէյճան):

Այլ Պատժելիներ

Ուքրանիոյ պատերազմը ողողած է երկու կողմերուն մամուլի աշխարհները: Մեղադրանքներ եւ ամբաստանութիւններ կը փոխանակուին: Իւրաքանչիւր կողմ դիմացինը պատասխանատու կը նկատէ մարդկային աղէտին: Աշխարհի տարածքին աւելի՛ ուժեղ հնչող արեւմտեան աղբիւրներ առաւելաբար լուսարձակի տակ կը բերեն ռուսական յարձակումներուն հետեւանքները (մոռնանք քարոզչական երեսը). անոնցմէ գրեթէ ոչինչ կը լսենք Տոնպասի վիճակուած տաժանքներուն մասին, ինչպէս որ 18 ամիս առաջ անոնք ընդհանրապէս լուռ ու կրաւորական էին Արցախի պատերազմին ու հետեւանքներուն նկատմամբ (երբեմն ալ արձագանգ եղան ազերիական տեղեկատուութեան, իսկ նոյնինքն Ուքրանիոյ մէջ գոհունակութեան ալիքներ տարածուեցան Ազրպէյճանի տարած յաղթանակներուն ի լուր: Սա պատճառ չէ, որ մենք այսօր չափսոսանք զանգուածներուն վիճակուած տաժանքներուն համար):

Մեր նպատակը կատարուող լրատուութեան «որակին» կամ տարողութեան քննարկումը կատարել չէ, այլ` հարց տալ, թէ արդեօք այսօր ինչո՞ւ այսքան սուր կերպով կը հետապնդուին Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, զանոնք սաստկացնելու պահանջները (արդար թէ չափազանցեալ), մինչդեռ նոյն ԱՇԽԱՐՀԸ նման խանդ, ցաւ ու կարեկցանք չապրեցաւ, պատժամիջոցներ չպահանջեց, երբ ֆիզիքապէս ու տնտեսապէս կը քանդուէին (տեղ-տեղ քանդումները կը շարունակուին) Արցախը, Իրաքը, Սուրիան, Լիբանանը, Աֆղանիստանը, Իրանը, Եմէնը, Լիպիան (չերթանք մինչեւ Քորէայի եւ Վիեթնամի պատերազմները, կամ` մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, քիւրտերու բազմափուլ սպանդները):

Պատերազմէն «իւղոտուողներուն» պարագան ալ յստակ է. առաջին հերթին` զէնք ու քարիւղ վաճառողները (եւ անոնց կամակատար պետական մարդիկը):

Չենք ուզեր հարցումները երկարել: Պատիժի արժանիներուն ցանկը գաղտնիք չի պարունակեր` սկսելով ցեղասպան Թուրքիայէն, որ նոյն վարքագիծը կը շարունակէ այսօր` իբրեւ գործակից ունենալով Ազրպէյճանը, որոնց հետ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու կը վազեն Երեւանի «բարձր քաղաքականութիւն» վարող իշխանաւորները:

15 մարտ 2022

 

Նախորդը

Լռեցուած Զանգեր

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի Երրորդ Թիւը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.