Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Խաղաղութեան Տարբեր Առաջարկներ Եւ Միջնորդական Անորոշութիւններ

Մարտ 17, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան յղուած «խաղաղութեան 5 առաջարկներու» թղթածրարի կէտերը հետեւեալներն են.

  • . Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ միմեանց քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:
  • Պետութիւններու` իրար նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութեան փոխադարձ հաստատում:
  • Զերծ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրար անվտանգութեան սպառնալէ, քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներ ու ուժ կիրարկելէ եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն անհամապատասխան քայլերէ:
  • Հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանագծում եւ սահմանազատում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:
  • . Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացում, այլ համապատասխան հաղորդակցութիւններու հաստատում եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւն:

Այս կէտերէն 4-ը կը վերաբերին ուղղակի Արցախին: Ներառուած են տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման, տարածքային պահանջներ չներկայացելու իրաւական յանձնառութեան հիմնադրոյթներ: Սահմանազատում-սահմանագծումը այդ երկու առաջադրանքներուն տանող իրաւական ճանապարհն է, որ նաեւ միջազգայնօրէն կ՛ամրագրէ ընդհանուր սահմանները: 4-րդ կէտը, ըստ էութեան, նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին վերաբանաձեւումն է: Այստեղ պարզապէս Պաքուն չէ օգտագործած «Զանգեզուրեան միջանցք» ձեւակերպումը:

Ազրպէյճանական առաւելապաշտութիւնը` Սիւնիքը, Սեւանը, Երեւանը ի՛րը համարելու, երկրորդ կէտով երեւութապէս կը վնասազերծուի: Այդ պահանջները նման փուլին օգտագործելու  թեմա են եւ խաղաթուղթ: Հայկական կողմը կը հրաժարի Արցախի պահանջէն, փոխարէնը Պաքուն` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներու իր պահանջներէն:

Ի՞նչ է հայկական կողմին պատասխանը:

  • Հայկական կողմը կը նկատէ, որ  9 նոյեմբեր 2020-ի 11 յունուար 2021-ի եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմ յայտարարութիւններով ամրագրուած համաձայնութիւնները պէտք է լիարժէք կեանքի կոչուին, եւ հետեւողականութիւնը պահպանուի:
  • Իրականացնել զօրքերու հայելային յետքաշումը
  • Մեկնարկել միջազգային մշտադիտարկումի գործիքակազմի ներդրումով սահմանազատման գործընթացը:
  • Դիմել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահութեան` կազմակերպելու խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններ` հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը, Քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրը եւ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը:

Հայկական կողմի պատասխանին մէջ չեն մասնաւորուած ռազմագերիներու, պահուող անձերու եւ աճիւններու վերադարձի նոյեմբերեան համաձայնութեան կարեւոր դրոյթը, նաեւ` տուժածներու եւ գաղթականներու վերադարձի յատուկ կէտը: Երկուքն ալ ներառուած են անուղղակի` եռակողմ յայտարարութիւններու պայմանաւորուածութեան ծիրին մէջ:

Անթալիոյ հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը խօսէր բանակցութիւններուն երրորդ կողմը բացառելու եւ ուղղակի երկկողմ քննարկումներ ծաւալելու առաջադրանքին մասին` յիշեցնելով, որ իրենք պատրաստ են աջակցելու, եթէ անհրաժեշտութիւնը զգացուի:

Հայկական կողմի պատասխանը կը յենի եռակողմ յայտարարութիւններուն եւ համաձայնութիւններուն վրայ: Այսինքն` Ռուսիոյ միջնորդութեամբ արձանագրուող գործընթացին: Աւելի՛ն. կը դիմէ  անդամալուծուած-սառեցուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան, վերստանձնելու միջազգային իր պարտաւորութիւնները:

Ներկայ պայմաններուն մէջ անկարելի կը թուի պատկերացնելը Մոսկուայի, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի համագործակցական ձեւաչափին գործարկումը: Քաղաքական իրավիճակներու կտրուկ փոփոխութիւնները սակայն չեն բացառեր պաշտօնական Երեւանի առաջադրած միջնորդական առաքելութեան վերադարձի կարելիութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Մէջ Կազամատակարարումը Պիտի Վերականգնի

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Փութինը Պատերազմական Ու Մարդկութեան Դէմ Ոճիրներով Ամբաստանող Որոշում Մը Որդեգրեց

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?