Յօդուածներ

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Թօթափել Պատրանքները

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան խնդիրը` թէ՛ արցախեան հիմնահարցի կտրուածքով եւ թէ՛ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, ներկայիս կը գտնուի իր բախտորոշ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման եւ կը պահանջէ պատրանքներէ զերծ քաղաքական մտածողութիւն: Առ այդ, կ՛ուզեմ յիշեցնել հետեւեալ իրականութիւնները. 1.-  ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան գործընթացը արդէն վաղուց դադրած է գոյութիւն ունենալէ: Ալիեւը ճիշդ էր, երբ կը պնդէր, թէ 44-օրեայ պատերազմը վերջ դրած է...

Պատերազմ

ԱԼ «Ի՞նչ է պատերազմը», եթէ հարցնէք, քաղաքական գիտութիւններու մասնագէտներ կրնան հանգամանօրէն բացատրել զայն, խօսիլ անոր տուն տուած պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին, անոր յաղթական թէ պարտեալ ելքին մասին, դաւադրութիւններու ու դաշինքներու մասին ու դեռ շատ ու շատ մանրամասնութիւններու վերլուծումներու մասին: Բայց դուք կ՛ուզէ՞ք գիտնալ, թէ  ճիշդ ի՛նչ է պատերազմը... Պատերազմը Բողբոջ դասարան յաճախող աղջնակի մը դպրոցական օրն էր, որ ընդհատուեցաւ իրեն...

Ակնարկ.  Հերթական Տարեթիւի Խոհեր

Ակնարկ. Հերթական Տարեթիւի Խոհեր

Լիբանան երէկ բոլորեց քաղաքացիական պատերազմի հերթական տարեթիւը: Նման առիթներու կ՛ոգեկոչուին նահատակները, զոհ գացած հազարաւոր անզէն բնակչութիւնը: Կը յիշուին բախումները, առեւանգումները, անհետ կորսուածները: Տակաւի8ն. տագնապները, զանոնք յաղթահարելու համար աշխատած համակարգերը: Այս պատերազմը դիմափոխութիւն ապրեցաւ անշուշտ. պաղեստինցիներու յարաբերակցութիւնը շուտով վերածուեցաւ կրօնականի, ապա տարբեր քաղաքական հոսանքներու միջեւ ընդհարումներու. յետոյ սուրիական ներկայութեան դէմ կամ բանակին շուրջ զէնքի միաւորման դրօշակին տակ: Պատերազմը նաեւ իսրայէլեան յարձակումն...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Որպէսզի Չկրկնուի 13 Ապրիլը, Եկէ՛ք Խորհրդակցինք»

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. «Որպէսզի Չկրկնուի 13 Ապրիլը, Եկէ՛ք Խորհրդակցինք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած գրառումով մը վերյիշեց 13 ապրիլ 1975-ին բռնկած քաղաքացիական պատերազմը ու այս գծով կոչ ուղղեց երկխօսութեան, որպէսզի 13 ապրիլի ողբերգութիւնը չկրկնուի: Ստորեւ` երեսփոխան Բագրատունիի գրառումը. «Որպէսզի չկրկնուին ողբերգութիւնն ու իրարու դէմ կռիւները, Որպէսզի սպանդէն ետք լուծումը չգայ ի հեճուկս հայրենիքին, Որպէսզի չկրկնուի 13 ապրիլը, Եկէ՛ք` իբրեւ եղբայրներ այս...

Գետ-Գիտութեան

Գետ-Գիտութեան

Ի՞նչ Են Ուղեղի Տարբեր Ալիքներու Գործառոյթները Ուղեղի Ալֆա Ալիքները Կրնան Կանխատեսել Յետվիրահատական Ցաւը Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ  Ի՞նչ Են Ուղեղի Տարբեր Ալիքներու Գործառոյթները Ծանօթ է, որ ուղեղը ելեկտրաքիմիական օրկան է: Հետազօտողներ ենթադրած են, որ լիարժէք գործող ուղեղը կրնայ արտադրել մինչեւ 10 վոլթ ելեկտրական ներուժ: Աւելին. հետազօտողներ հաշուարկած են, որ եթէ 10 միլիառ փոխկապակցուած ջղային բջիջները մէկ անգամէն բեռնաթափուին (discharge), ապա մարդու գլխուն...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

«Բժիշկին Ե. Խօսք»-ին Հրատարակութեան Առիթով

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ես կը հաւատամ, որ ամէն մէկ գիտակից հայ ձեւով մը պէտք է հասնի իր ժողովուրդի պէտքերուն եւ իր անսակարկ օժանդակութիւնը բերէ իր արենակիցներու բարելաւման ու զարգացման: Առ այդ, այս համեստ աշխատանքովս կ՛ուզեմ հասնիլ իմ ժողովուրդիս` առողջապահական գետնի վրայ եւ հնարաւոր եղած չափով անոր փոխանցել հայերէնով բժշկական ու առողջապահական որոշ դաստիարակչական գիտելիքներ եւ ցուցմունքներ: Հոս կ՛ուզեմ յստակացնել, որ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախումբի Ելոյթ Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, 27 մարտին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան 53-ամեայ «Զուարթնոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզեթ Սէրայտարեան-Աւընեանի: Հայերէնով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Մոմճեան: Ան նկատել տուաւ, որ ազգի մը գոյատեւումը կ’իրականանայ նաեւ իր դարաւոր մշակոյթի պահպանումով, աւելցնելով, թէ այն...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Մալուիններ, Պատերազմը Եւ Դատը. Այնքան Հեռու Եւ Այնքան Մօտ (Արցախին Արարատին…)

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երբ 2 ապրիլ 1982-ին Արժանթինի զինուորական խունթան (1976-1983) յայտարարեց, որ երկրի զինուած ուժերը ցամաքահանում կատարած են հարաւային Ատլանտեանի մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Մալուինեան կղզիներ` զանոնք ազատագրելու համար բրիտանական գաղութատիրական լուծէն, Լիբանանի մէջ ոչ ոք կը նախատեսէր, որ երեք ամիս եւ չորս օր ետք 6 յունիս 1982-ին Իսրայէլ պիտի ներխուժէր, վեց ամիսէն Պէյրութ հասնէր, քաղաքը պաշարուած պահէր ամբողջ...

ՋԱՀ-իՆ ՋԱՀԸ` Երիտասարդներուն

ՋԱՀ-իՆ ՋԱՀԸ` Երիտասարդներուն

ԹՈՐԳՈՄ Արցախէն տաղանդաւոր պատանիներու Լիբանան վեցօրեայ կեցութեան, շրջագայութեան եւ ելոյթներու կազմակերպումին ի տես` չես կրնար չյուզուիլ եւ յոյսով չներշնչուիլ: Վերջին շաբաթներուն մեր գաղութին մէջ ոգեշնչող եռուզեռ մը տիրեց: Մարդիկ ձեւով մը զօրաշարժի ենթարկուեցան, երբ յայտարարուեցաւ, որ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ, ՋԱՀ-ի (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբը հրաւիրած է Արցախէն տաղանդաւոր պատանիներ, որոնք գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթներ պիտի ունենան...

Ով Է Դաշնակցականը, Դաշնակցականի Մերօրեայ Առաքելութիւնը Հայրենիքում

ՀՅԴ Կազմակերպական Ապակեդրոնացումը Ծուռ Հայելիներու Մէջ

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Դաշնակցականութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, նոյն հարթութեան վրայ գտնուող երեք բաղադրիչներով` Երդումը, Ծրագիրը եւ Կանոնագիրը: Իւրաքանչիւր փորձ, որ կը միտի զանոնք իրարմէ անջատել կամ մէկուն միւսէն աւելի նախապատուութիւն տալ, դաշնակցականութեան աղաւաղում է: Դաշնակցականի երդումը բոլորը զիրար կը շաղկապէ` իբրեւ խոստում «միշտ հաւատարիմ մնալ ՀՅԴ Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն»: Կանոնագրային տրամադրութիւններու լոյսին տակ, մեծ առաւելութիւն է կազմակերպական ապակեդրոնացումով գործելու եղանակը,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ «Մեծանուն Հայեր. Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 125-Ամեակ» Նիւթով Նամականիշը «Մեծանուն հայեր. Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 125-ամեակ» նիւթով նամականիշին վրայ պատկերուած է հայ մեծանուն բանաստեղծին ձեռագիրներուն խորապատկերը: Նամականիշը, որուն վրայ նաեւ պատկերուած է «125 ԱՄԵԱԿ» գրառումը` հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ ապրիլ 4-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահի ճեմասրահին մէջ: Մարումը իրականացուցին` Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Ժողովուրդին Միտքերը Պատրաստելու Աշխատանքներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ժողովուրդին Միտքերը Պատրաստելու Աշխատանքներ

Իպրահիմ Խալիլ Խանին Հակադարձութիւնը Եւ Զուբովի Դէմ Դաւադրութիւն  Ռուսական Հարուածային Զօրաբանակը Եւ Յովսէփ Արքեպիսկոպոս Արղութեանի Վերապահուած Դերակատարութիւնը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հադրութի արեւմուտքը գտնուող Թաղասեռ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Պարզագետի ձախ ափին, բլուրի վրայ: Եղած է Դիզակ գաւառի գրչութեան կեդրոն: Յովսէփ արքեպիսկոպոս Արղութեան շարունակ նամակագրական կապ կը պահէր Ղուկաս Ա. Կարնեցի կաթողիկոսին հետ եւ տեղեկութիւններ կը փոխանցէր ռուսական բանակի Անդրկովկասեան արշաւանքի ընթացքի...

Ակնարկ.  Միջազգային Դրամական Ֆոնտն ու Խորհրդարանական Ընտրութիւնները

Ակնարկ. Միջազգային Դրամական Ֆոնտն ու Խորհրդարանական Ընտրութիւնները

Միջազգային դրամական ֆոնտի աջակցութեան որոշումը, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քուէյթի դեսպաններուն վերադարձը Պէյրութ կրնան նկատուիլ ցուցանիշեր իրավիճակի փոփոխութեան նոր գործընթացի: Պէտք չէ աճապարել: Միջազգային դրամական ֆոնտի աջակցութիւնը պայմանական է եւ ըստ էութեան ֆինանսական պաշարումի պայմաններուն հետ կապուած է: Բարեկարգումներ կը պահանջուին բազմաշերտ եւ բազմաոլորտ մակարդակներու վրայ: Միջազգային դրամական ֆոնտին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէր, թէ բարեկարգումներու եւ բարգաւաճման ծրագիրը հիմնուած է Լիբանանի...

Ասորի Արքեպիսկոպոս Աթանասիոս Եշու Սամուէլ` Հայասպանութիւնն Ու «1915-Սուրի Տարին»

«Ազդակ» Օրաթերթի 95-ամեակին Առիթով. Վիքթոր Կարտոն Անունով Ծանօթ Գրող Վահրամ Կաքաւեանի Մեծ Եղեռնի Յուշերը

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ Ինչքան ալ ոչ դրական զարգացումներ տեղի ունենան Հայ դատի ճանապարհին վրայ, ինչքան որ ալ քաղաքականութիւնը եւ քաղաքական մարդիկ իրենց աղտոտ դերը խաղան, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը եւ հայոց իրաւունքներու հետապնդումը կը մնայ սրբութիւն, որուն համար մենք ազգովին կը տոչորինք ու կը պայքարինք` հասնելու համար մեր իրաւունքներուն: Այս գծով, պատմաբաններու ջախջախիչ մեծամասնութեան համաձայն, հայ թէ օտար ականատես վկաներու պատմածներն ու...

Սլաք.  Չէ՛ք Կրնար…

Սլաք. Չէ՛ք Կրնար…

ԱՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Նախանձ եւ սեւ սրտով կարգ մը մարդիկ չեն կրնար տեսնել մէկը, որ կը սիրուի իր ժողովուրդին կողմէ: Կը փորձեն սեւցնել անոր դիմագիծը` սուտ եւ կեղծ բամբասանքներով, ինչպէս որ ներկայիս կ՛ընեն Դաշնակցութեան: Պատճառը այրած սրտի մխիթարանքն է,  որովհետեւ իրենք չեն կրնար ներկայացնել եւ ծառայել հայութեան այնպէս, ինչպէս ըրած է եւ կ՛ընէ Դաշնակցութիւնը: Սիրելինե՛ր, ա՛յս կուսակցութիւնը 131 տարուան կեանք եւ...

Համազգային Դիմադրութեան Ծաւալման Անհրաժեշտութիւնը

Համազգային Դիմադրութեան Ծաւալման Անհրաժեշտութիւնը

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Պատմութեան մէջ քաղաքական օրինաչափութիւններէն մէկը այն է, որ երբ երկիր մը պարտութիւն կը կրէ թշնամիէն, կը բռնագրաւուի անոր կողմէ, կը յանձնուի անոր, այդտեղ կ՛իշխէ թշնամիին օրակարգին եւ ոչ թէ ազգային օրակարգի սպասարկող իշխանութիւն, ապա ինքնաբերաբար օրինական կը դառնայ այս բռնագրաւումին դէմ անհաշտ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ` բռնագրաւման եւ թշնամիի օրակարգին սպասարկող իշխանութեանց դէմ համընդհանուր ժողովրդային դիմադրութեան ձեւաւորումը: Ժողովրդային թէ...

Հմուտ Եւ Համակրելի Մասթըր Էտին

Հմուտ Եւ Համակրելի Մասթըր Էտին

Ե. Ա. ԷՏԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ... Ստեղնաշարին գլխագիրի կոճակը սխալմամբ  սեղմուած չէ, այլ` դիտմամբ, ուրեմն անգամ մը եւս արձանագրենք. ԷՏԻ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ: Լսա՞ծ էք այս անձին  անունը: Տեղեա՞կ էք, թէ ո՛վ է Էտին` Եդուարդը: Կարճ  ու կտրուկ, իր արտայայտած յստակ ու պարզ գաղափարներուն նման, Էտին համեստ հայորդի մըն է, որ մահացաւ քանի մը ամիս առաջ, մայիս 4-ին, բաւական  յառաջացած տարիքին (88), Լոս Անճելըսի...

Հայի Թմրած Հանճարը Պէտք Է Արթնանայ

Հայի Թմրած Հանճարը Պէտք Է Արթնանայ

ԱՐՄԻՆԷ Կ. ԿՈՒՆԴԱԿՋԵԱՆ             Նայէք այս նկարին, որը արտատպած եմ այս շաբաթ իմ ստացած «Սայընս Նիուզ» թերթից (26 փետրուար, 2022 էջ 22): Նկարի տակ գրուած է հետեւեալը. «The existence of lethal autonomous weapons, like these STM Kargu drones made in Turkey, has caused experts to call for a ban on devices that can launch attacks with no human intervention»: Ահաւասիկ մեր...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Հիմա՛

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Դուն այլեւս երէկին մէջ չե՛ս եւ ո՛չ ալ վաղն ես, այլ` հիմա՛: Այս վայրկեան ինչ որ քո՛ւկդ է, ներկան է: Ներկա՛ն քեզի է, ուրեմն արժեւորէ զայն: Անիկա այնպէս մը ճոխացուր, որ ո՛չ երէկը ազդէ քեզի եւ ոչ ալ վաղը մտահոգէ: Հիմայի լաւագոյն դասը Անառակ որդիէն կը քաղենք, այսպէս. «Ելլեմ` երթամ հօրս քով... Ապա ելաւ եւ հօրը...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

2022 Սփիւռքի Տարի – Գ. Ինչո՞ւ Արեւելահայ Վրացեանին Եւ Արեւմտահայ Հօրս Սփիւռքը Վտանգուած Չէր

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Դարերու ընթացքին, նախապատմական օրերէն իսկ, վաճառականութեան համար Հայկական Լեռնաշխարհի բնիկները` հայութիւնը,  տարածուած է աշխարհի չորս կողմը: Հայաստանէն մինչեւ ծայրագոյն Եւրոպա, ծայրագոյն, հիւսիսային (տես` Ա. մաս) եւ հարաւային Ասիա եւ Ափրիկէ` երբեմն հիմնելով հզօր գաղութներ, ինչպիսիք էին Լեհաստանի ու Հնդկաստանի գաղութները, հասնելով բարձր դիրքերու, որոնցմէ էր հնդիկ ազգային հերոս Կորկին Խանը (Gorgin Khan, Petrus Arathoon)` Պետրոս Յարութիւնեան 1730-1777 (1),...

Page 348 of 1112 1 … 347 348 349 … 1,112

Արխիւներ