Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բժիշկին Ե. Խօսք»-ին Հրատարակութեան Առիթով

Ապրիլ 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ես կը հաւատամ, որ ամէն մէկ գիտակից հայ ձեւով մը պէտք է հասնի իր ժողովուրդի պէտքերուն եւ իր անսակարկ օժանդակութիւնը բերէ իր արենակիցներու բարելաւման ու զարգացման: Առ այդ, այս համեստ աշխատանքովս կ՛ուզեմ հասնիլ իմ ժողովուրդիս` առողջապահական գետնի վրայ եւ հնարաւոր եղած չափով անոր փոխանցել հայերէնով բժշկական ու առողջապահական որոշ դաստիարակչական գիտելիքներ եւ ցուցմունքներ:

Հոս կ՛ուզեմ յստակացնել, որ «Բժիշկին Ե. խօսքը»-ին  թիրախը, նախորդ հատորներուն նման, մեր ժողովուրդն է եւ ոչ թէ` բժիշկները կամ բժշկական հիմնարկները: Անոնք բժշկական դասագիրքեր չեն:

Ներկայ դարուս համացանցի դիւրութիւններով մեզմէ ոեւէ մէկը  կրնայ շատ դիւրաւ օտար լեզուով բժշկական տեղեկութիւններ քաղել, սակայն ես կը խորհիմ, որ հայերէնով բժշկական եւ համայնական գիտելիքներու փոխանցումը հայ անհատին` աւելի հարազատ, դիւրամատչելի եւ դիւրահասկնալի կը դառնայ: Այս բոլորին կողքին, ես կը հաւատամ, որ մենք ալ, այլ ժողովուրդներու նման, ունենալու ենք մայրենի լեզուով բժշկական հրատարակութիւններ եւ գրականութիւն: Վերջ ի վերջոյ անոնք մաս կը կազմեն հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթին:

Ես կը փորձեմ զարգացնել իմ գրութիւններս գիտական եւ բժշկական հայեցի բառամթերքով: Բժշկական եւ մասնագիտական բառերը հայերէնով գոյութիւն ունեցած են անցեալին եւ գոյութիւն ունին այսօր: Մեր լեզուն հարուստ է այս տեսակէտով: Նոյնիսկ Մխիթար Հերացին 12-րդ դարուն եւ Ամիրդովլաթ Ամասիացին 15-րդ դարուն ունեցած են հարուստ բժշկական հայերէն բառամթերք: Մենք հազուադէպօրէն կը գործածենք  բժշկական հայերէն  բառեր մեր առօրեայ կեանքին մէջ: Օտար լեզուով բառերը կը գտնենք աւելի հրապուրիչ եւ աւելի գործնական: Մեր պարտականութիւնն է պահպանել մեր լեզուին իւրայատուկ մասնագիտական բառերը ներկայ դարուս համաշխարհայնացումի վտանգին դէմ:

Կը փորձեմ նաեւ հայկականացնել օտար լեզուով գրուած կարգ մը բժշկական բառեր եւ հիւանդութիւններու անուններ` փոխարինելով զանոնք հայերէն արմատ ունեցող բառերով, օրինակ` «Երփնամարմին» փոխան` «chromosome»-ի:

Իմ գրութիւններուս մէկ մասը անմիջականօրէն կ՛առնչուի իմ  մասնագիտութեանս հետ, այսինքն քիթ, կոկորդ, խռչափող եւ ականջ հիւանդութիւններ: Իսկ մնացեալը կ՛առնչուի բժշկական եւ առողջապահական ընդհանրական հիւանդութիւններու ու նիւթերու հետ: Այս ուղղութիւնը որդեգրած եմ, որովհետեւ կ՛ուզեմ դուրս գալ իմ մասնագիտութեանս նեղ սահմաններէն եւ ժողովուրդին փոխանցել բժշկական ու առողջապահական ընդհանրական գիտելիքներ եւ տեղեկութիւններ: Չմոռնանք մանաւանդ, որ բժշկութիւնը սահմաններ չունի մարդկութեան  առողջութիւնը պահպանելու գործընթացին մէջ:

Աշխատասիրութիւններուս նիւթերու ընտրութեան աղբիւրը մեր ժողովուրդն է: Այսինքն մեր շրջապատին մէջ գտնուող անհատներուն հիւանդութիւնները եւ անոնց առողջապահական ու բժշկական հարցումները կը մղեն զիս` ըստ այնմ գրել եւ յուսալով, որ պիտի կարենամ գոհացնել զանոնք:

Բժշկական եւ առողջապահական գիտելիքներու փոխանցումը մեր ժողովուրդին խիստ կարեւոր նկատելով` սկսած եմ գրել 1970-էն սկսեալ: Այդ օրերուն բժշկական ասպարէզի որպէս հաւատաւոր մէկ նոր ծառան` բարոյական պարտաւորութիւն մը կատարած ըլլալու հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ սկսայ գրել ու մանաւանդ` հայերէնով:

Վերջին տասնամեակին փորձեցի աւելի գրել որոշ իրականութենէ մը մղուած: Իրականութիւն մը, որուն արձագանգ հանդիսացան երեք յարգելի անձնաւորութիւններ.

1.- Հրապարակագիր Լեւոն Շառոյեան. «Ո՞ւր Է սփիւռքահայ բժշկական գրականութիւնը» յօդուածին մէջ կ՛ըսէր. «Ամբողջ սփիւռքի տարածքին չունինք զուտ բժշկական-առողջապահական հանրամատչելի պարբերաթերթ մը: Եւ այս բացթողումին պատճառով որքա՜ն խեղճացած է արեւմտահայերէն մեր բժշկագիտական բառամթերքը»:

«Սփիւռքի տարածքին, զոյգ Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Ռուսիոյ հեռաւոր գաւառները աշխուժօրէն կը գործեն հազարաւոր հայ մասնագէտ բժիշկներ կամ բժշկուհիներ, որոնք երբեմն իրենց երկիրներուն մէջ կը վայելեն մեծ հռչակ ու հեղինակութիւն: Բայց անոնցմէ քանի՞ն կարողութիւնն ունի ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ բժշկագիտական յօդուած մը ստորագրելու®

«Ո՞ւր է հայ բժշկական գրականութիւնը, ինչո՞ւ անհետացեր են այդ գրականութեան մշակները: Այսօր նոյնիսկ եթէ փորձ մը կատարուի հիմնելու «Բժիշկ»-ի նմանողութեամբ առողջապահական ամսաթերթ մը, պիտի կարենա՞նք գտնել 6-7 սփիւռքահայ բժիշկներ, որոնք ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՈՎ բժշկագիտական գրութիւններ կարենան ստորագրել այնտեղ»:

2.- Բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեան. «Բժիշկին Բ. խօսքը» գիրքի ներկայացման իր խօսքին մէջ ըսած էր.

«Անցնող մօտաւորապէս երկու տասնամեակներուն ընթացքին հայերէն լեզուով գրուած եւ հայ հասարակութեան համար պատրաստուած առողջապահական ամսագիրներն ու պարբերականները հետզհետէ հազուագիւտ` իրողապէս անգտանելի  դարձած են: Հակառակ բազմաթիւ սփիւռքահայ բժիշկներու միջազգային բարձր մակարդակով մասնագիտական իրագործումներուն` յարաբերաբար թուով քիչ են եղած մեր մամուլին մէջ նոյնիսկ առողջապահական գիտելիքներու յատուկ յօդուածները»:

3.- Բժիշկ Ալֆրետ Դանիէլեան իր վերջին հրատարակած «Ժամանակակից հիւանդութիւնների ճանաչում» գիրքին յառաջաբանին մէջ ըսած էր.

«Հայ բժշկագիտական գրականութիւնը, չնայած հայ միջնադարեան հարուստ աւանդոյթներու, այսօր համեստ ձեռքբերումներ ունի: Ցաւօք սրտի այսօր աղքատ է յատկապէս սփիւռքահայ բժշկական գրականութիւնը: Հակառակ այն փաստին, որ սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներում գործում են բժշկագիտական տարբեր ոլորտներում մասնագիտացած շա՜տ ու շատ հայ բժիշկներ, այնուամենայնիւ, չկան բժշկագիտութեան, առողջապահական ոլորտի բազմաշերտ, բազմապիսի հարցերն ու խնդիրները ներկայացնող, լուսաբանող, մեր ժողովուրդը դաստիարակող հայերէն գրքեր: Եւ սա պատճառ է դառնում, որ ժողովուրդի մօտ անտարբերութիւն առաջանայ բժշկագիտական գրականութեան հանդէպ»:

Ուստի ես կը փորձեմ կարողութեանս սահմաններուն մէջ որոշ չափով առաջքը առնել այդ մտահոգութիւններուն եւ կամ փարատել զանոնք. այսինքն պիտի աշխատիմ շարունակ գրել բժշկական եւ առողջապահական գրութիւններ իմ մայրենի լեզուովս` հաւատալով, որ անոնք պիտի հարստացնեն հայ գրականութիւնն ու մշակոյթը:

Ես անթերի գործ մը կատարած ըլլալու յաւակնութիւնը չունիմ եւ կանխաւ իմ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք իրենց դիտողութիւններով եւ սրբագրութիւններով օգտակար կը հանդիսանան` շտկելու իմ կատարած աշխատանքիս բացերն ու թերութիւնները:

Պարտք կը զգամ երախտագիտութեամբ յիշել մեզմէ առյաւէտ բաժնուած լիբանանահայ չորս պատուաւոր անձնաւորութիւններու անունները, որոնք խթան հանդիսացան ինծի, որպէսզի բժշկական եւ առողջապահական հայերէն գրութիւններով հանդէս գամ հանրութեան: Այդ անձնաւորութիւններն էին ատամնաբուժներ` Գեղարդ Յարութիւն Գազանճեան եւ Եղիկ Գոնեալեան ու բժիշկներ` Բաբգէն Փափազեան եւ Մելքոն Էպլիղաթեան: Առաջին անգամ գրեցի 1970-ին «Բժիշկ» ամսաթերթին մէջ, անոր խմբագրին` Գեղարդին խնդրանքով: Ան անդրանիկ մղիչ ուժը հանդիսացաւ, որպէսզի միշտ գրեմ: Իսկ բժիշկներ Եղիկ Գոնեալեան, Բաբգէն Փափազեան եւ Մելքոն Էպլիղաթեան տեսնելով իմ գրութիւններս «Բժիշկ»-ին մէջ` կը խրախուսէին զիս իրենց քաջալերական խօսքերով: Իսկ վերջին քսան տարիներուն Մոնրէալ հաստատուելէս ետք նոյն մօտեցումը ունեցան ճարտարապետ եւ հմուտ մտաւորական Վրէժ Արմէն Արթինեանը եւ բժիշկ Վազգէն Տէր Գալուստեանը:

Մասնայատուկ շնորհակալական խօսք կ՛ուզեմ արձանագրել  Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ խթան հանդիսացաւ 2000 թուականին «Բժիշկին խօսքը»-ի ծնունդին: Վեհափառ հայրապետին քաջալերական կեցուածքը մղիչ ուժ եղաւ, որ ես յարատեւ գրեմ, եւ յաջորդաբար լոյս տեսնեն «Բժիշկին խօսքը» շարքի հինգ հատորները:

Մոնրէալ, 4 մարտ 2022

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Գետ-Գիտութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?