Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախումբի Ելոյթ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, 27 մարտին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան 53-ամեայ «Զուարթնոց» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզեթ Սէրայտարեան-Աւընեանի:
Հայերէնով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Մոմճեան: Ան նկատել տուաւ, որ ազգի մը գոյատեւումը կ’իրականանայ նաեւ իր դարաւոր մշակոյթի պահպանումով, աւելցնելով, թէ այն ազգը, որ մշակոյթ չունի, երկար չի կրնար գոյատեւել: Մոմճեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը մշակութասէր, արուեստասէր ազգ է, իսկ երգը մշակոյթի մը անքակտելի օղակներէն ամէնէն արտայայտիչն է, որ գեղարուեստական ներդաշնակութեամբ զգացումներ կ’արտայայտէ ու կը խորհրդանշէ խաղաղութիւն, պայքար եւ յաղթանակ:
Արաբերէն բացման խօսքով Րաֆֆի Սիւլահեան ըսաւ, որ Հալէպ ճանչցուած է որպէս մշակոյթի, արուեստի եւ երգի մայրաքաղաք, եւ Հալէպի մէջ հայերը եւս երգով ու արուեստով յաջողեցան յաղթահարել պատերազմի դժուարին պայմանները:
Այնուհետեւ 51 երգողներէ բաղկացած «Զուարթնոց» երգչախումբը մեկնաբանեց Կոմիտասէն, Խաչատուր Աւետիսեանէն, Արթուր Գրիգորեանէն, Արմէն Տիգրանեանէն, Արմէնուհի Կարապետեանէն եւ այլ հայ ու օտար երաժիշտներէն ստեղծագործական կտորներ: Կարգ մը երգերու ընկերակցեցան նաեւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբի անդամները:
Յայտնենք, որ «Զուարթնոց» երգչախումբին երկրորդ ելոյթը տեղի ունեցաւ 3 ապրիլին, նոյն վայրին մէջ:
Ֆրանսա
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկ
2 ապրիլին Լէ Լիլա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան` Լէ Լիլայի քաղաքապետ Լիոնել Բենարուս, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Տիգրան Պաղտասարեան, ֆրանսահայ «ԱՆԻ» կազմակերպութեան նախագահ Այտա Ասատուրեան եւ պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան:
Արնուվիլի հայկական եկեղեցւոյ հովիւ Մանուէլ Յովհաննէսեան աղօթք բարձրացուց ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Քանատա
Ազգային Եւ Յեղափոխական Երգերու Փառատօն
2 ապրիլին Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի Քեպեք նահանգի «Րաֆֆի-Վիգէն Զաքարեան» եւ «Դրօ-Գետաշէն» պատանեկան միութիւններու աւանդական ազգային եւ յեղափոխական երգերու փառատօնը, որ նուիրուած էր արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն եւ ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան նախկին վարիչ-դաստիարակ, Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Քրիստափոր Արթինի անթառամ յիշատակին:
«Դրօ-Գետաշէն» պատանեկան միութեան վարիչ Արիանէ Թասլաքեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ տասնութ ամիսներ առաջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքէն առյաւէտ հեռացան առիւծ ընկերներ, որոնց կարգին էր նաեւ քանատահայ համայնքի գործունեայ անդամներէն` Քանատայի Պատանեկան միութեան նախկին վարիչ-դաստիարակ եւ ապա Պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Քրիստափոր Արթինը, որ առաջին ազատամարտի տարիներուն մեկնեցաւ Արցախ, որպէսզի անմասն չմնայ իր պապենական հողին վրայ բոցավառած ազատագրական պայքարէն:
Ան 2011 թուականին հաստատուեցաւ Սիւնիք, Կապան, եւ իր ընտանեկան բոյնը կառուցեց այնտեղ: Նոյն այդ հողին սնուցած աւիշով ծառայասիրութեան, նուիրումի ու զոհողութեան զգացումները իր մէջ բազմապատկուած` ան կրկին անգամ միացաւ Դաշնակցութեան կամաւորական գումարտակին եւ 2020-ի հոկտեմբերին ուղղուեցաւ ռազմաճակատ, սակայն դժբախտաբար Վարանգաթաղի վեհ լեռներու լանջին ինկաւ հերոսաբար, անխռով, իր պարտքը կատարածի գոհունակութեամբ ու սաւառնեցաւ երկինք` միանալու համար մեր անմահացած ընկերներու սուրբ փաղանգին:
Արիանէ Թասլաքեան նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութիւն ապրելէ անմիջապէս ետք կերտեցինք անկախութիւն, 6 տարիներու սաստիկ պատերազմէ ետք հիմնեցինք Արցախի ազատ հանրապետութիւն, մէկ ու կէս տարի առաջ, երբ մէկ բռունցք դարձած` 44 օր բողոքեցինք եւ 44 օր պայքարեցանք, բոլորը մեզ լսեցին, հետեւաբար մեզմէ ոչ ոք իրաւունք ունի մտածելու, որ Քրիստափոր Արթինը եւ անոր նման անձնուէր ընկերներ ի զուր զոհուեցան: Ոչ ոք իրաւունք ունի վար դնելու պահանջատիրութեան եւ մեր գոյութենական պայքարի բոցավառ ջահը, որովհետեւ պատմութեան ամենամութ վայրկեաններուն է, որ կը ծնին հերոսներ, որոնցմէ մէկն էր Քրիստափոր Արթին, եւ որովհետեւ Արցախի հողին հետ շաղախուած իր եւ նահատակ ընկերներուն արիւնէն պիտի ծլին կարմիր կակաչներ, որոնք պիտի ծաղկեցնեն նորահաս սերունդի դալար ճանապարհները:
Քրիստափոր Արթին իր ողջ էութեամբ կը հաւատար, որ դաշնակցականին կոչումն է ըլլալ հայ ազգին անքակտելի իրաւունքներուն պաշտպանը, նաեւ կը հաւատար, որ հզօր հայրենիք ունենալը մեզի համար չի կրնար ըլլալ լոկ ուժեղ փափաք, այլ պէտք է ըլլայ կեանքի նպատակ:
Հայ Կեդրոնի Վերանորոգուած «Ահարոնեան» Սրահի Բացման Հանդիսութիւնը
Կազմակերպութեամբ Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, 3 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայ կեդրոնի վերանորոգուած «Ահարոնեան» սրահին պաշտօնական բացումը:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենադպիր Թորոս Պապիկեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց «Ահարոնեան» սրահի վերանորոգման ընթացքը: Ան նկատել տուաւ, որ յունուար 2019-ին վերաշինութեան յանձնախումբ մը կազմուած էր, պատրաստուած էին ճարտարապետական գծագրութիւնները եւ ծրագիրին նախահաշիւը: 2020 սեպտեմբերին աշխատանքը մտած էր հունի մէջ, երբ ձեռք բերուած էր շինարարական արտօնագիրը:
Թորոս Պապիկեան եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Շաքէ Կէօնճեանին ու Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան ամոլին` իրենց կատարած մեծ ներդրումին համար, որ հանգուցեալ Պետրոս Արսլանեանի նուիրատուութեան հետ կը հանդիսանար ծրագրին սերմը, իսկ ծախսի մնացեալ գումարը ապահովուած էր նուիրատուութիւններով:
Թորոս Պապիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Հայկ Մաճարեանին, արուեստագէտ տոքթ. Մկրտիչ Տարագճեանին, Prestale Inc. ընկերութեան, նաեւ բոլոր նուիրատուներուն` իրենց ներդրումներուն համար, նշելով, որ բոլորին անունները յիշուած են «ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ ՍՐԱՀ» պատկերազարդ յիշատակի գրքոյկին մէջ, որ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի «ՎԵՐԱՔԱՂ ԱՆՑԵԱԼԻ ՅՈՒՇԵՐԷՍ» («Ահարոնեան» սրահի նորոգման առիթով գրուած) գրքոյկին հետ պիտի տրամադրուի բոլորին:
Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Սուրէն արք. Գաթարոյեան իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ այս պահը իրեն յիշեցուց շուրջ 50 տարիներ առաջ ժողովուրդի ունեցած խանդավառութիւնը, երբ մոնրէալաբնակ սակաւաթիւ հայութիւնը կ՛ուռճանար, եւ երբ օրուան հոգաբարձութիւնն ու կոմիտէն որոշեցին անցնիլ Saint Zotique-ի փոքր եկեղեցիէն դէպի մեծ կեդրոնի մը կառուցման: Այսպէս, սփիւռքի տարածքին այլ հայահոծ գաղութներու նման, Մոնրէալն ալ պահելու համար իր հայեցի ինքնութիւնը կառուցեց եկեղեցի, անոր կողքին հիմնեց Հայ կեդրոն եւ գնեց հողաշերտին դիմաց գտնուող դպրոցը: Սրբազանը յայտնեց նաեւ, որ Հայ կեդրոնը հայրենիք է, եւ մենք ու մեր զաւակները արժանի ենք այս նուիրական կեդրոնին, եւ բոլորիս պարտքն է պահել զայն ու փոխանցել միշտ յաջորդ սերունդներուն:
Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հաւաքական աշխատանքն է, որ արդիւնք կու տայ եւ հրաշքներ կը գործէ, բարձր գնահատելով բարերարներուն, ազգայիններուն, յանձնախումբերուն եւ ժողովուրդին ցուցաբերած գուրգուրանքն ու յարգանքը Հայ կեդրոնի շինութեան նկատմամբ: Սրբազանը անդրադառնալով այսօրուան հայ իրականութեան` շեշտեց կարեւորութիւնը բարեզարդելու, աշխուժացնելու եւ վերանորոգելու մեր սփիւռքեան կառոյցները` ըլլան անոնք դպրոցներ թէ կեդրոններ, որպէսզի բոլորս ալ վերանորոգ կամքով շարունակենք մեր սրբազան առաքելութիւնները դաստիարակելու սերունդներ հայ շունչով ու հայ ոգիով, անոնց աչքերը սեւեռելով դէպի Հայաստան:
Միացեալ Նահանգներ
«Յովնան Դաւթեան» Ուսանողական Միութեան Կոչը. Պաշտպանելով Արցախը` Պաշտպանենք Հայաստանը
Արցախի 44-օրեայ պատերազմի որպէս հետեւանք` հայրենիքը ծանր օրեր կ՛ապրի: 9 նոյեմբերի տխրահռչակ պայմանագրի ստորագրութենէն ետք Ազրպէյճանը բազմիցս խախտած է անիկա եւ գրաւելով որոշ տարածքներ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ` փորձած է ստիպել հայ ժողովուրդին ընդունիլ իր կողմէ առաջարկուած նախապայմանները:
Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին աշխարհի եւ տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները չարաշահելով` Ազրպէյճանը նպատակ ունի կտրել հայ ժողովուրդին դիմադրութիւնը` գործադրելով նոր հոգեբանական ճնշումներ եւ անմարդկային գործողութիւններ արցախահայութեան դէմ:
Թուրք-ազրպէյճանական փանթուրանական քաղաքականութեան նպատակն է մէկ անգամ ընդմիշտ տարածաշրջանի քարտէսէն ջնջել Արցախը եւ կործանել հայկական պետականութիւնը: Հայկական պետութեան կործանման վտանգը էական է եւ Արցախի կորուստը կասեցնելը` համազգային հրամայական:
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը փորձէ թշնամիին նկատմամբ զիջողական քաղաքականութիւն վարելով եւ տարածաշրջանին խաղաղութիւն հաստատելու կեղծ կարգախօսով շեղել հանրային կարծիքը իրական վտանգներէն: Գաղտնի պահելով բանակցային գործընթացը եւ ընդունելով թշնամիին բոլոր նախապայմանները` իշխանութիւնը կը փորձէ երկարաձգել իր իշխանութեան կեանքը` հայ ժողովուրդի սերունդներու իրաւունքներուն հաշուոյն:
Ստեղծուած ծանր իրավիճակին միակ ելքը ոտքի կանգնիլն ու դիմադրելն է: Համախմբել ողջ ժողովուրդը եւ դիմակայել հայ ժողովուրդի ներքին ու արտաքին թշնամիներուն:
«Յովնան Դաւթեան» ուսանողական միութիւնը իր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնէ 5 ապրիլին Երեւանի մէջ կայացած համահաւաքին: Հաւատացած ենք, որ համազգային դիմադրութեամբ եւ միասնութեամբ կը վերականգնենք մեր յաղթական ուղին:
Հանրահաւաք
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Սոսիկեան յայտնեց, որ Արցախը կանգնած է ճակատագրական վտանգներու առջեւ եւ շրջափակուած է: Ալիեւը նոր անձնատուութեան պայմանագիր ներկայացուցած է Հայաստանի` ի հեճուկս Նիկոլ Փաշինեանի, ըստ որուն, ան արդէն իսկ իր համաձայնութիւնը տուած է այդ համաձայնագիրին, որ իրենք կը կոչեն խաղաղութեան պայմանագիր: Մենք գիտենք, որ Ազրպէյճանը կ՛աշխատի Թուրքիոյ հետ համագործակցաբար, այսինքն մենք այսօր կը գտնուինք ճակատագրական վտանգի առջեւ եւ եթէ չկարենանք կանխել անձնատուութեան այս պայմանագիրը, մենք կը գտնուինք նոր ցեղասպանութեան վտանգի առջեւ: Ասիկա խաղաղութեան պայմանագիր չէ, անձնատուութեան պայմանագիր է:
Անդրադառնալով Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցած բողոքի հաւաքին եւ անոր նպատակներուն` Վիգէն Սոսիկեան ըսաւ, որ նպատակներէն մէկը կանխելն է որեւէ տեսակի համաձայնութիւն այս իրավիճակին մէջ, որ կը վտանգէ արցախահայութիւնը, իսկ երկրորդ նպատակը այն է, որ մենք հաւաքուած էինք որպէս աջակցութիւն Երեւանի մէջ կայանալիք հանրահաւաքին: Մենք երեւանցիներուն հետ ենք եւ կ՛ուզենք, որ Հայաստանի ժողովուրդը գիտնայ, որ մենք իրենց կողքին ենք: Մենք ալ պատրաստ ենք կանգնելու Արցախի ժողովուրդի կողքին եւ ընդդէմ դաւաճանական ծրագիրներու, որոնք կը սպառնան մեր ազգային շահերուն: Սոսիկեան նկատել տուաւ, որ մէկ հանրահաւաքով կարելի չէ ամէն բան փոխել: Ասիկա պայքար է, որ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայու պայքարը: Հանրահաւաքները մեկնարկ են նոր գործողութիւններու: Սոսիկեան նշեց, որ շուրջ 300-400 մարդ մասնակցած էր հաւաքին, որուն ընթացքին հնչած են «Ազգ-բանակ-յաղթանակ», «Դաւաճան-դաւաճան» լոզունգները:
Հաւաքը կոչ մըն էր զինուորագրուելու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:
Նշենք, որ 4 ապրիլի երեկոյեան հարիւրաւոր լոսանճելըսահայեր Կլենտէյլի մէջ հաւաքուած էին Հայաստանի հիւպատոսութեան մօտ` ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Արցախի հայաթափումը կանխելու Հայաստանի ժողովուրդի ջանքերուն: Անոնք յստակօրէն արտայայտեցին իրենց ուղերձը, որ դէմ են որեւէ բեմագրութեան, որ Արցախը կը նկատէ Ազրպէյճանի մաս, որովհետեւ պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ այդ մէկը կ՛ըլլայ հերթական ցեղասպանութեան նախադրեալը: