Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Միջազգային Դրամական Ֆոնտն ու Խորհրդարանական Ընտրութիւնները

April 12, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային դրամական ֆոնտի աջակցութեան որոշումը, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քուէյթի դեսպաններուն վերադարձը Պէյրութ կրնան նկատուիլ ցուցանիշեր իրավիճակի փոփոխութեան նոր գործընթացի: Պէտք չէ աճապարել: Միջազգային դրամական ֆոնտի աջակցութիւնը պայմանական է եւ ըստ էութեան ֆինանսական պաշարումի պայմաններուն հետ կապուած է: Բարեկարգումներ կը պահանջուին բազմաշերտ եւ բազմաոլորտ մակարդակներու վրայ:

Միջազգային դրամական ֆոնտին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէր, թէ բարեկարգումներու եւ բարգաւաճման ծրագիրը հիմնուած է Լիբանանի ենթակառոյցի վերանորոգման եւ վերակառուցման, պետական հաստատութիւններու, յատկապէս ուժանիւթի նախարարութեան կառոյցներու բարեկարգումին, փտածութեան եւ դրամի լուացումի դէմ պայքարելու վրայ:

«Մեր ծրագիրը կը միտի դրամատնային համակարգը վերակազմակերպել, որպէսզի դրամատուները իրենց կարողութիւնները վերահաստատեն եւ աշխատանքը արժանաւոր կերպով շարունակեն, ինչպէս նաեւ կեանքը աշխուժացնելու աղբիւրներ ապահովեն», կը նշէր  հաղորդագրութիւնը:

Միջազգային դրամական ֆոնտը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ Լիբանանի արտաքին նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորուի:

Լիբանանցիները յուսադրող այս քայլը կը խոստանայ բարեկարգել համակարգը, վերագործարկել դրամատնային դրութիւնը եւ վերադասաւորել երկրին արտաքին պարտքը:

Աջակցելու որոշումը բնականաբար զուտ բարեկարգչական չէ. ունի յստակ քաղաքական էութիւն: Հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէ. ինչո՞ւ հիմա աջակցելու նման որոշում կ՛առնէ միջազգային դրամական ֆոնտը: Կամ  ինչո՞ւ հիմա կ՛արդիւնաւորուին երկարատեւ բանակցութիւնները:

Միջազգային ընտանիքը ֆինանսական պաշարումի վերացումը վարչական բարեկարգումներով կը պայմանաւորէր: Զուգահեռ կը ճնշէր անպայման իր ատենին կայացնելու խորհրդարանական ընտրութիւնները, բացառելով որեւէ յետաձգում:

Լիբանանեան կողմը կ՛առարկէր, որ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելը նիւթական հսկայական միջոցներ կ՛ենթադրէ, որոնցմէ զուրկ է պետական պիւտճէն:

Շարունակենք տրամաբանութիւնը: Եթէ կը պահանջուի խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացնել իրենց ատենին, ապա պէտք է տրամադրել նաեւ համապատասխան պիւտճէն:

Ֆինանսական այլ շրջանառութիւններ եւս արտաքին աղբիւրներէ կը բխին: Քարտէսի, իրավիճակի արմատական փոփոխութիւններ առաջադրողները  ընտրարշաւի թանկ միջոցներու կը դիմեն երկրի տնտեսական նեղ պայմաններուն մէջ: Մինչ այժմ  պետութեան շրջանցումով կատարուող օժանդակութիւնները կ՛ունենան նաեւ դէպի պետական պիւտճէ ուղղութիւնը` խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին:

Անշուշտ միջազգային աջակցութի՛ւնը չի սահմանափակուիր խորհրդարանական ընտրութիւններով: Աջակցութեան գործընթացը, որ կ՛առնչուի յառաջիկայ խորհրդարանին, անոր կարողականութեան` օրէնսդիր աշխատանք տանելու բարեկարգումներ իրականացնելու համար: Տակաւին. կ՛առնչուի յառաջիկայ կառավարութեան եւ անոր կազմելիք ծրագիրներուն` նոյն ակնկալութիւններով:

Ողջունելի է Սէուտական Արաբիոյ եւ Քուէյթի դեսպաններուն վերադարձը: Իրադարձութիւնը դարձեալ նախընտրական փուլին կը զուգադիպի: Կ՛ուղենշէ սիւննի համայնքին զանգուածային մասնակցութեան ալիքին մասին: Անշուշտ կայ տարածաշրջանային քաղաքական գործօնը եւ Ռիատ-Թեհրան յարաբերութիւններու բարելաւման միտող ընդհանուր մթնոլորտը:

Նախադրեալները կը յուշեն, որ ընտրութիւնները պիտի կայանան ճշդուած ժամանակին, ըստ ծրագրուածի: Սիւննի զանգուածին խորհրդարանական ներկայացուածութիւնը համայնքի յենասիւներու վրայ հիմնուած ըլլալու իրականութեան մասին կը խօսի:

Շիի համայնքի երկու գլխաւոր ուժերու համատեղ դիրքորոշումները համայնքային կեդրոնի շրջանցումը կը բացառեն արդէն:

Քրիստոնեայ համայնքներու դաշտին մէջ Աուն-Ֆրենժիէ հաշտեցումը քայլ մըն է համայնքային ձայները խորհրդարանէն ներս լսելի դարձնելու ուղղութեամբ:

Մեր խնդիրն է հայ համայնքին հետ սերտօրէն առնչուած մեր թեկնածուները հայկական քուէի վճռորոշութեամբ առաջնորդել խորհրդարան:

«Ա.»

Նախորդը

Պրիս Ռոքֆոյ Շեշտեց Ֆրանսայի Շահագրգռութիւնը Մինսքի Խմբակի Ձեւաչափի Պահպանման Հարցին Մէջ

Յաջորդը

Ըստ «Տը Թայմզ»-ին. Ֆինլանտան Եւ Շուէտը Մտադիր Են Այս Ամառ Միանալ ՕԹԱՆ-ին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.