Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ» Օրաթերթի 95-ամեակին Առիթով. Վիքթոր Կարտոն Անունով Ծանօթ Գրող Վահրամ Կաքաւեանի Մեծ Եղեռնի Յուշերը

Ապրիլ 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Ինչքան ալ ոչ դրական զարգացումներ տեղի ունենան Հայ դատի ճանապարհին վրայ, ինչքան որ ալ քաղաքականութիւնը եւ քաղաքական մարդիկ իրենց աղտոտ դերը խաղան, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը եւ հայոց իրաւունքներու հետապնդումը կը մնայ սրբութիւն, որուն համար մենք ազգովին կը տոչորինք ու կը պայքարինք` հասնելու համար մեր իրաւունքներուն: Այս գծով, պատմաբաններու ջախջախիչ մեծամասնութեան համաձայն, հայ թէ օտար ականատես վկաներու պատմածներն ու գրածները կը մնան ընդունուած փաստեր: Թէեւ քաղաքական կարգ մը դէմքեր երկխօսութեան ծիրին մէջ թշնամիին հաճոյ երեւալու համար ոտնակոխ կ’ընեն ո՛չ միայն ազգայինը եւ հայկականը, այլ նաեւ կ’անտեսեն հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը, մշակոյթն ու պատմական արժէքները օտարամուտ գաղափարախօսական անսկզբունք լծակներով:

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով կը շնորհաւորենք զայն եւ անոր բոլոր պատասխանատուներն ու աշխատակիցները: Մասնաւոր շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորանք յարգելի տնօրէնին` Շահան Գանտահարեանին:

Ներկայիս, աւելի քան երբեք, մենք հետամուտ ենք ներկայացնելու մեր ընթերցողներուն յուշագրական կտորներ-փաստեր, զորս կը նկատենք Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրման խարիսխներէն:

Վիքթոր Կարտոն, բուն անունով` Վահրամ Կաքաւեան, ծնած է Վան, 1903-ին: Ան Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր յուշերը ֆրանսերէնով գրի առած է ու Փարիզի մէջ հրատարակած երեք հատորներով, որոնք մէկ գիրքի մէջ առաջին անգամ լոյս տեսած են 1970-ին` «Վանեցին. հայու մը մանկութիւնը» խորագիրով (Le Vanetsi – Une Enfance Arménienne, Editions Stock, Paris, 1027 pages. Publication Calmann-Levy): Նոյնին Բ. տպագրութիւնը լոյս տեսած է կրկին Փարիզ, 2008-ին: Աւետիս Եափուճեան հայերէնի թարգմանած է այս գործին առաջին երկու հատորները, որոնք իբրեւ թերթօն լոյս տեսած են «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ, Պէյրութ, 1964-ին եւ 1965-ին:

Առաջին եւ երկրորդ հատորներուն մէջ հեղինակը իր մանկութեան յուշերը եւ Վանի հերոսամարտն ու նահանջը կը ներկայացնէ: Երրորդ հատորը ան յատկացուցած է Թիֆլիսի մէջ իր գաղթականի կեանքին եւ նահանջի ատեն կորսուած մեծ մօր` Ոսկեհատի փնտռտուքին:

Հեղինակը գաղթականի վիճակով Թիֆլիս կը գտնուի, մայրը` Աղաւնի, հայրը` Յարութիւն, հօրեղբայրները` Հրանդ եւ Տիգրան, զարմուհին` Սիրարփի, որդեգրուած քոյրը` Արաքսի եւ եղբայրը` Վարդգէս, իրեն հետ են:

Վահրամ Կաքաւեան դպրոց կը յաճախէ հնամաշ կօշիկներով: Այդ օրերուն հայկական գաղութը Թիֆլիսի հայոց եկեղեցիին մէջ կ՛ընդունի Ռուսիոյ Նիքոլայ Բ. ցարին այցելութիւնը` Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանի ներկայութեամբ: Վահրամ հոն է իր դասընկերներով եւ ուսուցիչներով: Ցարին ներկայութեան ան երգ մը կ՛երգէ` արժանանալով ռուսաց կայսեր 500 ռուբլի պարգեւատրումին: Այդուհանդերձ 13 տարեկան Վահրամ Վանէն գաղթելու եւ հնամաշ կօշիկներով մնալու իրականութեան պատասխանատուն ցարը կը նկատէ:

Իր մեծ մօր` Ոսկեհատի անյայտացումը, Վահրամի մեծագոյն մեծ մտատանջութիւնն էր: Ան կը մտադրէ դրամ հաւաքել եւ մեծ մայրը փնտռել: Յաճախ այդ մտադրութեան իրագործման համար ծրագիրներ կը մշակէ: Այս նպատակով ան առանձինն կ՛ուղղուի երկաթուղիի կայարան: Թիֆլիսի հայ գաղթականները յաճախ իրարու մօտ կու գային: Վահրամ Ֆընտըճագէն, Խնուսէն եւ այլ վայրերէ եկած պատանիներու եւ աղջիկներու կը հանդիպի:

Գաղթական աղջիկներէն երեք քոյրեր կը պատմեն, թէ թուրքերը ինչպէ՛ս զիրենք գտած ու հանած էին թաքստոցէն: Իրենց ամուսինները նախապէս բանակ տարուած էին: Մնացած երիտասարդները, որոնք ձերբակալուած էին, բոլորն ալ սպաննուած եւ անոնց դիակները հրապարակը իրարու վրայ նետուած էին: Այս տեղեկութիւնը «Վան Տոսպ» թերթին մէջ կը հրատարակուի քանի մը օր ետք:

Վահրամ Կաքաւեան կ՛իմանայ, թէ Ռուսիոյ փոխարքան Թիֆլիս պիտի այցելէ: Ան իրենց դրացուհի Շուշանէն կը խնդրէ իրեն ընկերանալ իբրեւ թարգման: Անոնք փոխարքային քով կ՛երթան եւ կը յաջողին անոր հետ խօսիլ: Վահրամ արտօնագիր մը կը խնդրէ փոխարքայէն, որ օգտակար պիտի ըլլար իրեն` իր մեծ մայրը փնտռելու գործին մէջ:

Վահրամ Կաքաւեան շոգեկառքով առանձին Երեւան կը մեկնի` իր մեծ մայրը փնտռելու: Նոյն շոգեկառքին մէջ դիպուածով անոր հօրեղբայր Տիգրանը կը գտնուէր: Վահրամ կը հանդիպի բազմաթիւ հայերու, որոնցմէ կը փորձէ իր մեծ մօր մասին տեղեկութիւն հաւաքել: Երբ Երեւան կը հասնի, ան զօրանոց կը մտնէ, ուր փոխարքային արտօնագիրը ցոյց կու տայ: Ոստիկանապետ հարիւրապետ Փեթրով իրեն թարգման մը եւ երեք ոստիկաններ կը յատկացնէ: Կը պարզուի, թէ արտօնագիրը խորքին մէջ հրաման մըն էր փոխարքայէն` ուղղուած ռուսական կայսրութեան սահմաններուն մէջ գտնուող բոլոր քաղաքային ու զինուորական իշխանութիւններուն` փնտռելու եւ գտնելու Ոսկեհատ Խաթունը:

Ռուս ոստիկանները Վահրամը բանտարկեալներու մօտ կ՛առաջնորդեն` անոնցմէ տեղեկութիւն քաղելու: Անոնցմէ մէկը` Պաշ աղայի որդին` քիւրտ Զուլհալը կը ճանչնայ զինք եւ տեղեկութիւն կու տայ Ոսկեհատ Խաթունին մասին: Զուլհալ կ՛ըսէ, թէ ինք եւ իր հայրը Վահրամի մեծ մայրը ազատած են թուրքերուն ձեռքէն Բերկրիի մէջ, եւ թէ ան ներկայիս կ՛ապրի իրենց աշիրեթին հետ: Վահրամ բանտէն դուրս գալով իր Տիգրան հօրեղբօր կ՛աւետէ, թէ Ոսկեհատը ողջ է, ապա ներս կ՛առաջնորդէ Տիգրանն ու անոր բարեկամ Կարոն, որ լաւ քրտերէն կը խօսէր: Կարօ կը զրուցէ Զուլհալին հետ, որմէ ետք անոնք միասին կը մեկնին Երեւանի կառավարիչին հետ տեսակցելու: Վերջինս լսելէ ետք Վահրամին հարցը, կ՛ըսէ, թէ պէտք է Պայազիտ երթալ: Սակայն արգիլուած էր Պայազիտ մտնել: Վահրամ անմիջապէս ցոյց կու տայ փոխարքային արտօնագիրը: Կառավարիչը իսկոյն կը խոստանայ յաջորդ օրը առաւօտուն իրենց տրամադրել զինուորական ձիակառք մը` Պայազիտ երթալու համար: Կառավարիչը նկատի ունէր այն պարագան, թէ կայսերական պահակագունդի հրամանատար հազարապետ Սերկէյ Ալեքսանտրովիչ Պեհպութովը (Պեհպութեան – Յ. Ի.), բացառիկ առաքելութեամբ մը Պայազիտ կը գտնուի, որուն ուղղուած նամակ մը կը յանձնէ Վահրամին:

Յաջորդ օրը զինուորական ձիակառքը Վահրամ Կաքաւեանն ու իր հօրեղբայր Տիգրանը Երեւանէն Պայազիտ կը փոխադրէ: Անոնց կ՛ընկերանային տասը վանեցի ձիաւոր երիտասարդներ: Պայազիտի զօրանոցին մէջ Վահրամ հրամանատար Պեհպութովին Երեւանի կառավարիչին նամակը կը յանձնէ, որ կը յօժարի օգնել` արտօնելով, որ Զուլհալը բանտէն արձակուի եւ ընկերանայ անոնց մինչեւ անոր գիւղը, ուր կը գտնուէր Ոսկեհատ Խաթունը: Պեհպութով անձամբ վեց քոզաքներու եւ զանազան ոլորտներու մէջ քանի մը մասնագէտներու խումբով անոնց կ՛ընկերանայ: Ճամբուն վրայ Վահրամի հետ կը զրուցէ, Վահրամ կ՛ըսէ, թէ Վանի մէջ իր հայրն ու արմենական ընկերները հայոց բնաջնջումի հրամանը յայտնաբերած են: Նախապէս այդ վայրերէն անցած Տիգրան հօրեղբայրը կը վերյիշէ այդ տեղերը ինկած հայ նահատակներու դիակներուն տեսարանները: Հետազօտողներու խումբը Մուշ կը հասնի, մինչ այդ ճամբուն վրայ կը հանդիպին հայերու, որոնք թուրքերու ձեռքէն փախչելով սահմանը կ՛անցնէին: Պեհպութովի խումբը ճամբուն վրայ օրինազանց թուրքեր եւ քիւրտեր կը ձերբակալէ:

Վահրամ եւ Զուլհալ իրենց հանդիպած քիւրտ մը կը հարցուփորձեն: Ան կը տեղեկացնէ թէ Ոսկեհատ Խաթունը կը գտնուի Միրավան լեռներուն մօտը գտնուող գիւղ մը, որ իրենց գտնուած վայրէն 2-3 օրուան հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Խումբին մէջ բժիշկ մը կ՛ըսէ, թէ հոն կարելի է հանդիպիլ հայդուկապետ Ռուբէն փաշային:

Վահրամն ու Տիգրանը կը խօսակցին վերապրող հայ կիներու հետ, որոնք իրենց տառապանքը կը պատմեն: Կ՛անցնին Արածանի գետին վրայի Սուլուխի կամուրջէն ու կը հանդիպին Ռուբէն փաշային, որուն հետ կը զրուցեն օրուան հարցերուն մասին: Այս մեծ խումբը ժողով մը կը գումարէ,  որոշում կը տրուի փնտռտուքը շարունակել, եւ Մուշ կը վերադառնան: Ռուբէն փաշայի օգնականները` Մուշեղ եւ Մկօ աշխուժօրէն կ՛օգնեն խումբին: Անոնք ճամբուն վրայ իրենց հետ կը վերցնեն քանի մը վերապրող հայեր:

Խումբը կը հասնի Գարապեկան, ուր Զուլհալի հայրը կը գտնուէր: Այստեղի քիւրտերը կ՛ըսեն, թէ Ոսկեհատ Խաթունը տասը օր առաջ Երզնկա մեկնած է: Պեհպութով կը հանդիպի Պաքուէն եկած թուրք զինուորական Քատիեւի, որ հայոց դէմ կ՛արտայայտուի: Գիւղի մը մէջ կը հանդիպին Արմէն անունով թրքացած հայ տղու մը, որ իր հայրը կեղեքող ու սպաննող Իպրահիմ պէյի տունը ցոյց կու տայ: Այնտեղ քանի մը թրքացած հայ աղջիկներ կը գտնեն ու գերութենէ կ՛ազատեն զանոնք: Երբ կը յառաջանան Երզնկա տանող ճամբուն վրայ, հայոց դիակներ կը տեսնեն: Վահրամ, Զուլհալ եւ Տիգրան Երզնկայի մօտակայ Բոլոմոր գիւղը կը մտնեն: Հոն Վահրամ վերջապէս կը գտնէ իր մեծ մայրը` Ոսկեհատ Խաթունը, քիւրտի մը շքեղ տան մէջ: Մեծ մայրը հարց կու տայ Վահրամին, թէ ինչո՞ւ Վան չեն վերադարձած: Վահրամ կը պատասխանէ, որ Ռուսիոյ ցարը իրենց Վան վերադարձը չի փափաքիր: Ապա Ոսկեհատ Խաթուն կը հարցուփորձէ Վահրամը իրենց ընտանեկան պարագաներուն մասին: Վահրամ մեծ մայրը հանգստացնելէ ետք կը պատմէ իրենց այս փնտռտուքին մանրամասնութիւնները: Այս քիւրտին շքեղ տան մէջ խումբին անդամները տեղի ունեցած բոլոր անցուդարձերուն մասին կը զրուցեն, այդ զրոյցին հիմնական նիւթերը հայկական կոտորածները կ՛ըլլան… Իրենց հետ կ՛առնեն այդ տան մէջ ծառայող Ալմաստ անունով հայ աղջիկ մը: Խումբը վերադարձի ճամբան կը բռնէ` Ոսկեհատ Խաթունը եւ թրքացած ու քրտացած հայ աղջիկներ եւ մանչեր իրեն հետ առնելով: Անոնք կը հասնին Թիֆլիս, ուր մեծ մայրը իր հարազատներուն կը միանայ:

Վահրամ Կաքաւեան կը վերադառնայ դպրոց ու կ՛իմանայ, թէ պատմութեան ուսուցիչը Սիպերիա աքսորուած էր, իսկ ուրիշ ուսուցիչներ կամաւորական շարժման միացած էին: Դասարանին մէջ ան կ՛առաջարկէ Անի քաղաքը այցելել դպրոցական կազմով: Պատմութեան նոր ուսուցիչը գաղափարը կը հաւնի, իսկ տնօրէնութիւնը կը վաւերացնէ: Խումբը շոգեկառքով ճամբայ կ՛ելլէ: Վահրամի այս շրջապտոյտին ընկերացողներէն կ՛ըլլայ Անաստաս անունով դասընկերը (ապագայ քաղաքագէտ Անաստաս Միկոյեանը – Յ. Ի.), որուն հետ կը խօսակցի: Կ՛անցնին Հաղբատ, Սանահին, Լալվար եւ Բրովտալ գիւղերէն ու Անի կը հասնին:

Վահրամի հայրը` Յարութիւնը Թիֆլիսի մէջ արմենականներու հանդիպում մը կը կազմակերպէ: Անոնք կը նշեն Վանի ինքնապաշտպանութեան առաջին տարեդարձը:

Ոսկեհատ Խաթունը անյայտ կորսուած նկատուող իր զաւակէն` Վահրամէն (որուն անունով կոչուած էր թոռը` Յարութիւնի որդի Վահրամը – Յ. Ի.) ծրար մը գրութիւններ կը ստանայ: Երէց Վահրամը օսմաներէն կը պատմէ իր կեանքի պատմութիւնը: Ան Պոլիսէն անցած էր Ատանա, ապա Հալէպ, հասած էր Տիգրանակերտ, թրքացած եւ Պահրամ պէյ անունը ընդունած էր ու Տիգրանակերտի զինուորական հրամանատարի պաշտօնին նշանակուած: Իր պաշտօնավարութեան շրջանին ան հոգ կը տանի գաղթական հայոց ու կը պաշտպանէ զանոնք: Ցեղասպանութեան տարիներուն անոր ապրած կեանքը ցոյց կու տայ տառապող հայոց դրուագները: Ան կապ ունէր թուրք բարձրաստիճան բազմաթիւ զինուորականներու հետ: Անոնց միջնորդութեամբ եւ օգնութեամբ փախստական եւ տառապող բազմաթիւ հայեր կ՛ազատէ: Ան կը պատմէ նաեւ Եդեսիոյ ինքնապաշտպանութեան հետ առնչուող դէպքեր, մանաւանդ հերոս Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի մասին:

Յարութիւն կը մեկնի Վան, ուրկէ նամակով կ՛իմացնէ, թէ իրենց տունը քանդուած է, մրգաստանը եւ այգին` չորցած, ջուրը` ցամքած:

Օր մը Վահրամ դպրոց կ՛երթայ, ճամբան քիչ մը ամայի կը գտնէ: Դպրոց հասնելուն կ՛իմանայ, թէ յեղափոխութիւն ծագած եւ ցարը տապալած է:

Ամիսներ կ՛անցնին: Կու գայ 18 մայիս 1918-ը: Սարդարապատի ճակատամարտին կը մասնակցին Վահրամը, Տիգրանը, Անահիտը եւ Թագուհին: Վահրամ Կաքաւեան կը յիշէ Գարեգին արք. Յովսէփեանցը (Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն Գարեգին Յովսէփեանցը եպիսկոպոս էր` օծուած ըլլալով նախորդ տարի: Արքութեան պատիւին ան պիտի արժանանար 1925-ին -Յ. Ի.) եւ հազարապետ Պեհպութովը: Ճակատամարտը եօթը օր կը տեւէ: Անոր կը մասնակցին նաեւ եզիտիներու ղեկավար Ճահանկիր պէկը (ծանօթ Ճըհանկիր աղա անունով –  Յ. Ի.) եւ մեծ թիւով կամաւորներ, որոնց մէջ ապագայ գրող Ակսել Բակունցը` 17 տարեկան, անոր հայրը` 36 տարեկան, մեծ հայրը` 58 տարեկան, մեծ հօր հայրը` 81 տարեկան, եւ վերջինիս հայրը` 105 տարեկան: Անոնք քար արձակող հրացաններ կը գործածեն: Հոն եղած է ապագայ մարաջախտ Վանօ Բաղրամեանը (խօսքը կը վերաբերի այդ օրերուն կրտսեր սպայ Յովհաննէս Բաղրամեանին – Յ. Ի.): Վահրամ Կաքաւեան կը հանդիպի նաեւ գնդապետ Քորոլքովին, Քոչոյին, Մարտոյին, Կոկորին, Համոյին եւ ուրիշներու: Ճակատամարտը, ինչպէս գիտենք, վերջ կը գտնէ հայոց յաղթանակով:

Յուշագրութեան մէջ չի նշուիր, բայց այլ աղբիւրներէ կ՛իմացուի, թէ Վահրամ Կաքաւեան 1920-ական թուականներու սկիզբը ընտանեօք Ֆրանսա կը գաղթէ:

Պէյրութ

Նախորդը

Սլաք. Չէ՛ք Կրնար…

Յաջորդը

Տէր Եւ Տիկին Աւետիս Եւ Ռիթա Գարակիւլեան 100.000 Ամերիկեան Տոլարով Դպրեվանքի Հիմնադրամ Կը Հաստատեն

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?